ԹԱՏՐՈ՞Ն ԹԷ…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նախընթաց օրուան մեր «Փրկեցէ՛ք թատրոնը» խորագրեալ յօդուածով խօսեցանք նահանջի մէջ գտնուող հայ թատրոնի մասին, սակայն այսօր կու գանք ըսել, որ իրականութեան մէջ թատրոնը չէ՛ որ կը կորսուի, այլ պարզապէս մարդոց սպասումներն ու հետաքրքրութիւնները փոփոխութիւն կ՚արձանագրեն. մարդիկ այսօր թատրոնի մէջ արուեստ չեն փնտռեր. այլեւս այդտեղ նշանակութիւն չունի նիւթն ու միտք բանին, գաղափարն ու զգացումը: