«ԹԵՐԹ ՉԻ ՂՐԿԷՔ»
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դուք երբեւէ փորձա՞ծ էք օտարին մէջ ծանօթը փնտռել եւ կամ նոյնիսկ անծանօթ մեղեդիի մէջ հայկական ելեւէջներ որսալ. նոյն զգացումն ու յուզումները մեր նախահայրերը ապրեցան գրեթէ ամէ՛ն օր. կատաղի ձեւով կառչած մնացին իրենց արմատներուն եւ օտարին կողմէ նուազագոյն ազդեցութիւնն անգամ իրենց հայրենասիրութեան հանդէպ դաւաճանութիւն մը նկատեցին. օտար ափերու մէջ անոնց միակ սփոփանքն ու մխիթարութիւնը իրենց հայկականութիւնն ու անցեալին յուշերն էին: