ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս իր աշակերտներուն կ՚ըսէ եւ կը հաստատէ, թէ անկարելի է, որ ընկերական յարաբերութիւններու մէջ գայթակղութիւններ՝ իրարու դէմ պակասութիւններ չպատահին։ Մտքի, բարոյական նկարագրի, տարիքի, դասակարգի, պաշտօնի, դիրքի եւ այլ շատ մը տարբերութիւններ, որոնք ինքնաբերաբար յառաջ եկած են մարդկային ընկերութիւններու մէջ՝ բնական եւ տնտեսագիտական յեղաշրջումով, յաճախ բախումներ յառաջ կը բերեն իրարու հետ ապրող ամենէն սիրելի անձերու միջեւ իսկ։