ՇԱՏ ՄԻ՛ ԽՆԴԱՐ, ՍԻՐԵԼԻՍ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօրուան յօդուածը կարդալէ ետք շատ աւելիով իրաւունք պիտի տաք հայ ազգի մեծերէն Աւետիք Իսահակեանի ըսած «Շատ մի՛ տխրիր, շատ մի՛ խնդար, սիրելիս», որովհետեւ թէ՛ տխրութիւնը եւ թէ ուրախութիւնը ժամանակաւոր արժէքներ են, սակայն խնդալը տխրելէն շա՜տ շատ աւելի դառն է, մանաւանդ երբ մարդ ժամանակ մը ետք յայտնուի այն կացութեան մէջ՝ որ նախապէս ծաղրած ու խնդացած էր: