Հոգե-մտաւոր

ԱՇԽԱՐՀ ԵՒ ՄԱՐԴ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աշխարհի եւ մարդուն ծագումին մասին արծարծուած հարցը, առարկան է գիտական բազմաթիւ հետազօտութիւններու՝ որոնք շքեղօրէն ճոխացուցած են մարդուս ճանաչումները եւ տեղեկութիւնը տիեզերքի տարիքին եւ տարածքին մասին, կենդանական տեսակներու լինելութեան մասին եւ, վերջապէս մարդուն երեւումին մասին

«ԿԷՆԷ ՀԱՅԵՐԷՆ»

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այժմ կը կարդամ մեր թուականէն 93 տարիներ առաջ՝ 1931-1932 թուականներուն Փարիզի մէջ լոյս տեսած գրական «Մենք» ամսագիրը, որուն մէջ կը տեսնենք Սարաֆեան, Շուշանեան, Շահնուր, Նարդունի եւ ուրիշ դէմքեր:

ԵՐԱՆԻ՜ ԱՆՈՐ ՈՐ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՅ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ոչինչ աւելի ատակ է ամրացնելու մարդուս հաւատքը եւ յոյսը, քան անոնց հոգիներուն մէջ խորապէս դրոշմուած այն համոզումը, թէ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկա՛յ։
Հաւատալու հարցին, մարդկային իմացականութիւնը եւ կամքը կը համագործակցին աստուածային շնորհքին հետ։ 

ԵՐԿՈՒ ԲԱՌՈՎ ԱԶԳԱՍԷՐ ԵՂՈՂՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօրուան պէս կը յիշեմ, թէ հոգեբանութեան ուսուցիչս կ՚ըսէր. «Ուրախութիւնը կարելի չէ տեսնել, որովհետեւ այդ մէկը արտաքին իրողութիւն մը չէ՝ այլ ներքին. կարելի է տեսնել ժպիտը՝ որ ուրախութեան արտայայտութիւնն է, սակայն կարելի չէ տեսնել ուրախութիւնը»:

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հիւանդութիւնը եւ տառապանքը մարդկային կեանքը փորձի ենթարկող ամենածանր հարցերէն մին եղած է միշտ։ Հիւանդութեան մէջ մարդը իր անկարողութեան, իր սահմանափակումներուն եւ իր վախճանաւորութեան փորձառութիւնը կ՚ապրի։

ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿ. ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ գրականութեան մէջ ունինք շատ մը հսկաներ եւ ամէն մարդ ունի գրողներու միջեւ իր նախընտրութիւնը. մին նախամեծար կը նկատէ Թումանեանը, ուրիշ մը՝ Իսահակեանն ու Ահարոնեանը. «նախամեծար» գրող մը ընտրելը ինծի համար երբեք ալ հարցականի տակ չէ՛ եղած. ես բոլորէն աւելի սիրած եմ Շահան Շահնուրը, իր ունեցած ըմբոստ հոգիին ու հայրենիքի հանդէպ զգացած իր խոր յուզական աշխարհին համար:

ՄԽԻԹԱՐ ԳՕՇ (1130?-1213)

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մխիթար Գօշ՝ ԺԲ. դարու նշանաւոր կրօնական գործիչ՝ գիտնական, իրաւագէտ եւ առակագիր։ Ան կ՚անուանուի «Գօշ», որովհետեւ անմօրուս էր եւ մազերը՝ ուշ դուրս եկած։ Ծնած է Գանձակ քաղաքը. առաջին կրթութիւնը ստացաւ քահանայէ մը եւ արդէն վարդապետ դարձաւ։

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՇՈՒՆՆ ՈՒ ԱՓՐԻԿԵՑԻ ՄԱՆՈՒԿԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տակաւին մի քանի օրեր առաջ՝ 17 օգոստոսին աշխարհ նշեց Անտուն կենդանիներու պաշտպանութեան միջազգային օրը եւ երէկ՝ երկու օրեր ետք, 19 օգոստոսին աշխարհ նշեց Մարդասիրական օգնութեան համաշխարհային օրը: Կենդանիներու եւ մարդոց օգնութեան համաշխարհային օրը իրարու մօտիկ թուականներու նշուիլը զուգադիպութիւն է թէ ոչ՝ չենք գիտեր, սակայն աւելի քան երբեք վստահ ենք, որ մերօրեայ մարդը աւելի կենդանասէր է՝ քան մարդասէր:

ՄԵՆԱԿԵԱՑ ԿԵԱՆՔ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բարոյական կատարելութեան հասնելու ձգտումը մարդկութեան մէջ ամէն ժամանակ եղած է եւ կա՛յ, եւ այդ ստացած է տեսակ տեսակ ուղղութիւններ։ Այսպիսի ուղղութիւններէն մէկն է եղած մենակեաց հոգեւոր կեանքը՝ որ է «ճգնաւորական» եւ «անապատական» կեանքը՝ յատուկ ո՛չ թէ միայն քրիստոնէութեան, այլեւ՝ աւելի հին արեւելեան կրօններու. զոր օրինակ, պուտտայականութեան եւ հրէութեան։

ԵՐԿՈՒ ԱԹՈՌԷՆ՝ ՄԷԿ ԱԹՈՌ (Ե.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին չորս յօդուած գրեցինք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասին, մանաւանդ Գարեգին Ա. Վեհափառ Հայրապետին Անթիլիասէն Էջմիածին գալուն եւ նոր Վեհափառ Հայրապետի ընտրութեան մասին:

Էջեր