ՅԱՒԻՏԵՆԱՊԷՍ ԿԱՐԴԱՑՈՂԸ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կարդացէ՛ք... կարդացէ՛ք... կարդացէ՛ք...
Մայրենի լեզուի ուսուցիչներէն մէկը այսպէս կը հրամայէր իր աշակերտներուն. անոր համոզումով կեանքի բոլո՛ր հանգրուաններուն համար պէտք էր կարդալ. պէտք էր կարդալ դասերը հասկնալու եւ սորվելու համար, պէտք էր կարդալ ընկերութեան մէջ ինքնավստահ ու գիտակից ներկայութիւն մը դառնալու համար, պէտք էր կարդալ ապագայի համար. պէտք էր կարդալ նոյնիսկ ժամանցի համար: