«ԹՈՂ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԻՆ…»
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ERVAB-ի երէկուան ժողովին ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու հետեւողականօրէն օրակարգի վրայ պահեց՝ համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու գործունէութեան թափանցիկ չըլլալու, հաշուետուողականութեան պակասի եւ նոյնիսկ զեղծումներու հարցերը, որոնց կապակցութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրն ալ մատնանշեց պատկան իշխանութիւններու կողմէ հակակշռման գործառոյթի կատարման անհրաժեշտութիւնը:
Վարչական մեծ սնանկութիւՆ:
Ամլութիւն եւ բացարձակ փակուղի:
Անտարբերութիւն եւ անվստահութիւն:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հորիզոնին վրայ կ՚ուրուագծուին անխուսափելի ցնցումներ՝ տասնամեակներէ ի վեր կուտակուած խնդիրներու անտեսման, հաւանական լուծումներու յետաձգման, միայն օրը փրկելու ուղղեալ խաբուսիկ քայլերու հետեւանքով: Առկայ յորձանուտին մէջ անկազմակերպութիւնը, կամքի պակասն ու ժողովրդագրական վիճակը պատճառ դարձած են անշրջադարձելի տագնապի մը, որու յաղթահարումը կրնայ ըլլալ միայն իրատես հաշուարկներով զօրաշարժի մը միջոցաւ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ