Տանըլտ Թրամփ այսօր կը վերադառնայ Սպիտակ տուն. ընդհատուած ճանապարհորդութիւն…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ չորս տարին անգամ մը յունուարի 20-ը կարեւոր ժամադրութեան օր է։ Նախագահի մը պաշտօնավարման ժամկէտը կը սկսի կամ վերընտրեալի մը նոր շրջանի մեկնարկը կ՚ըլլայ։