ԱՐԱՐՈՂԱԿԱՐԳԷՆ ԱՒԵԼԻՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահին երդման արարողութիւնը դրական ազդակի մը դուռ բացաւ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին համար:
Բացառիկ նախաձեռնութիւն:
Էրտողան եւ Փաշինեան շփուեցան գագաթի վրայ, եզակի պայմաններով եւ թրքական կողմի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ուրոյն միջավայրի մէջ, ուրկէ չէր բացակայեր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ:
Վարչապետի ներկայութեամբ խորհրդանշուած ժեսթը եկաւ որոշ չափով հաւասարակշռել՝ Անգարա-Երեւան առանցքին վերջին շրջանին յառաջացած ցնցումը: Միջազգային ընտանիքի վառ դէմքերու ուշադրութենէն չսպրդեցաւ հայկական կողմին կարեւոր քայլը:
Պեշթեփէի համալիրի պաշտօնամուտի հանդիսութիւնն ու Չանքայայի ապարանքի ընթրիքը տեղի ունեցան՝ թրքահայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ նորընտիր երեսփոխան Սվաճըօղլուի մասնակցութեամբ: