Նորը եւ խորքայինը
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Վերջին շրջանին Անգարայէն սիսթեմաթիք եւ արհեստավարժ մակարդակով հրապարակումներ կը կատարուին՝ հայկական հարցի վերաբերեալ նոր նախաձեռնութիւններու շուրջ։ Առաջին իսկ պահուն Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ արդէն արձագանգած էր այդ հրապարակումներուն։ Աւելորդ է խորհրդածել անոնց համաչափութեան կամ այլ բնոյթի համեմատութիւններուն շուրջ։