Օրակարգի նիւթերը

Հասնիլ գնացքին, անպայման, կեանքը չի սպասեր՝ պէտք չէ յապաղիլ, երթալ կայարան...

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուղեւորութիւն մըն է կեանքը... Հոսք մը անխափան՝ մաշեցուցիչ հեւքով։ Ճամբորդութիւն մը՝ ինչ-ինչ ուղղութիւններով։ Եւ այդ ճանապարհորդութեան ժամանակ միշտ էական է՝ հասնիլ գնացքին, տեղ մը, ինչու չէ, ապահով տեղ մը ճարել անոր մէջ։

Կուտակուած խնդիրներու ծանրութեամբ նոր տագնապ մը յաղթահարելու ջանքեր

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թէ ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի գործեն համաճարակի ծանր հետեւանքները թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին վրայ... Միջոցէ մը ի վեր այս հարցումը անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ համայնքային շրջանակներու օրակարգը։ Մտահոգ սպասումի առկայ մթնոլորտին մէջ, երէկ, Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հրապարակուեցաւ լուսաբանութիւն մը։

ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸԻ ԱՆԹԱՌԱՄ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Կեանքի թելը, ափսոս, կանուխ փրթաւ. Յարութիւն Շանլըն մեզ լքեց ու գնաց։ Իսկապէս դժուար է հաշտուիլ իր անժամանակ կորուստի գաղափարին հետ՝ մանաւանդ, որ հանգամանքներն ալ ողբերգական են։ Երբ ան անդենականի ճանապարհը բռնած է, մեր աչքին առջեւ, մտքին մէջ կը վերակենդանանան իրեն վերաբերեալ բազում յուշեր։

Համաճարակ եւ վերյիշում…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Համաճարակի սահմանափակումները այս տարի նոր պայմաններ պարտադրած են նաեւ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն։ Հասկնալիօրէն, այս տարի միջազգային հնչողութիւնը համազօր չ՚ըլլար սովորոկանին, որովհետեւ համաշխարհային օրակարգը գերեվարուած է հրատապ խնդրի մը կողմէ եւ աշխարհի երկիրները կը ջանան առաջին հերթին մարել իրենց սահմաններէն ներս համաճարակով ծագած հրդեհը։

ՈԳԻ ԵՒ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

«Հայը ուրախ կ՚ըլլայ իր ազգակցէն օգնութիւն ստանալով կամ անոր օգնելով։ Սա ներմիութենական բնազդ մըն է, որ այս շրջանին, բնականաբար, ակնկալութիւններն ու սպասումները կը բազմապատկէ համայնքային կառոյցներէն, որոնք, դժբախտաբար, շատ ալ պատրաստ չէին այս արտակարգ իրավիճակը դիմագրաւելու։ Բայց ո՞վ պատրաստ էր այսպիսի անակնկալի մը, որ կը պատահի հազար տարին անգամ մը: Տեսէ՛ք, քրիստոնեան դարերէ ի վեր առաջին անգամ Սուրբ Յարութիւնը պիտի չկարողանայ տօնել եկեղեցիներու մէջ»:
Զգուշութիւն, ո՛չ թէ յուսալքութիւն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ՝ Աւագ շաբթուան առթիւ, Սուրբ Զատկի տօնին ընդառաջ:

ՀԵՌԱԿԱՅ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պոլսահայ կրթական համակարգը կը գործէ համաճարակի դէմ պայքարի միջավայրին պարտադրած վիճակով:
Համայնքային վարժարանները առցանց ուսուցումով կը ջանան հնարաւորինս կանխել իրենց աշակերտներու տուժելը:

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՈՉ-ԻՍԼԱՄ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՔՆԵՐՈՒ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ ՄԻԱԿՆ Է, ՈՐ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԱԾ Է ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հասարակութիւններէ ներս ճակատագրակից ըլլալու հասկացութիւնը կը բիւրեղանայ՝ ուրախութիւնները կամ տխրութիւնները բաժնելու հասարակաց յայտարարին վրայ։ Պարզ է, որ ուրախութիւններու պարագան աւելի հարթ է, որովհետեւ դրական առիթով, լաւ պահու մէջ մարդիկ կամ հասարակութիւնները սովորաբար չեն մնար առանձին։ Հապա վա՞տ պահը… Տխրութեան, ցաւի, դժուարութեան պահը անշուշտ շատ աւելի լուրջ է եւ շատ աւելի յատկանշական։

ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ խրախուսական յորդորներով՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ կարեւոր ու գործնական նախաձեռնութիւն:
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան հովանոցին ներքեւ կեանքի կը կոչուի ծրագիր մը, որու նպատակն է նպաստել մեր համայնքի տարեցներու եւ համեստ խաւերէ անդամներու կենսական կարիքներու դիմագրաւումը:
Իսթանպուլի հայաբնակ թաղամասերու հիման վրայ կատարուած է 7 շրջաններու բաժանմունք մը. իւրաքանչիւրը ընկերային օժանդակութիւններու համակարգման կէտի մը ձեւով կազմակերպուած է՝ իր քարտուղարութիւնով, փոխադրամիջոցներով եւ կամաւորներով:
Իրերօգնութեան այս ջանքերու յաջողութիւնը կախում ունի առաջին հերթին հաղորդակցութեան արդիւնաւէտ դրութեան մը հաստատուելէն: Ամբողջ թրքահայութեան կը վիճակի պատասխանատուութիւն:

Նոր շրջան, նոր որոնումներ - 2

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը երկար ատենէ ի վեր կ՚ընթանայ համայնքային հաստատութիւններու հունին մէջ։ Այսօրուան մեր կառավարման համակարգը թէեւ ժառանգուած է 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութեամբ նախատեսուած համակարգէն, սակայն ներկայ կացութիւնը բաւական տարբեր է։

Նոր շրջան, նոր որոնումներ - 1

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կը սկսի նո՛ր շրջան մը։ Նո՛ր գահակալ մը կայ Պատրիարքական Աթոռին վրայ։ Նո՛ր որոնումներ սկսած են համայնքէն ներս։ Այս բոլոր «նոր»երու խաչմերուկին պէտք է դիտարկել Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած վերջին լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը։

Էջեր