Արխիւ

Միացեալ Նահանգներու մէջ ոստիկանութիւնը բռնած է մայրուղիի վրայ քայլող կոկորդիլոսը։
Միացեալ Նահանգներու Ճորճիա նահանգի ոստիկանութիւնը բռնած է մայրուղիի վրայ քայլող կոկորդիլոսը։

Այսօր՝ յունիս 26-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան «Նորավէպի Իշխան»ին եւ Օսմանեան կայսրութեան վերջին ժամանակաշրջանի օրէնքի եւ իրաւունքի պաշտպանութեան անվեհեր ու անկաշառ դատապաշտպան մեծահռչակ խորհրդարանականին՝ Գրիգոր Զօհրապին:
Բ. Աշխարհամարտի յաղթական աւարտը այս շրջանին հանդիսաւորապէս կը նշուի նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներէն ներս։ Մեծ յաղթանակի 75-ամեակը յոբելենական զանազան ձեռնարկներով կ՚արժեւորուի նաեւ Հայաստանի մէջ։
Լիբանանահայ շարժանկարի գործիչ Նիկոլ Պէզճեան իր արխիւները յանձնած է «Հայկազեան» համալսարանին։ Ան համբաւ կը վայելէ՝ որպէս բեմադրիչ եւ ժապաւէններու արտադրիչ։
Սփիւռքահայ երաժիշտ Տոմինկօ Հինտոյեան պիտի սկսի վարել Լիվըրփուլի Արքունի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, 2021 թուականի սեպտեմբերէն սկսեալ ան պիտի ստանձնէ այդ խումբի ղեկը։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը շարունակէ բացայայտել համացանցին վրայ՝ պետութեան, հասարակութեան եւ անձի անվտանգութեան վնաս հասցնող կեղծ տեղեկատուութիւն հրապարակող եւ տարածող կեղծ օգտատէրեր:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրաքի փոխ-վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյինի հետ։ Մնացականեան շնորհաւորեց իր պաշտօնակիցը՝ նշանակման կապակցութեամբ եւ մաղթեց յաջողութիւններ այդ կարեւոր առաքելութեան մէջ։
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն համատեղ նամակ մը ուղարկեցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նամակին մէջ նշուած է, թէ Հայաստան եւ ԵՄ կ՚օգտուին այն հնարաւորութենէն, որ կարողացած են սերտ յարաբերութիւններ հաստատել Արեւելեան գործընկերութեան եւ Համապարփակ ու ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի շրջանակներէն ներս։
Անգարա-Փարիզ առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Ֆրանսա կոչ ուղղեց Եւրոմիութեան, որպէսզի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները քննարկման ենթարկուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ փոխանցելով իր երկրի մօտեցումները։
Հայաստանի նախկին երկու նախագահները՝ Սերժ Սարգսեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան վերջերս ունեցան հանդիպում մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեանի գրասենեակի պատասխանատու Մերի Յարութիւնեան այս կապակցութեամբ ամփոփ յայտարարութիւն մը կատարեց։
Ֆրանսահայ յայտնի դերասան Սիմոն Աբգարեան նախընթաց օր նուաճեց կարեւոր մրցանակ մը։ Այսպէս, ան արժանացաւ «Մոլիէր» ֆրանսական թատերական մրցանակին։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուա պատրաստ է առաւելագոյն ջանքեր ներդնել՝ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու սկիզբին համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս տարածուեցաւ Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը որոշեց 7.5 միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացնել Հայաստանի կառավարութեան՝ ենթակառուցուածքներու ծրագրերու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, աւելի մրցունակ եւ զանազանեցուած մասնաւոր հատուածի մը ձեւաւորման նպատակով ԱՄՆ-ի կառավարութեան կողմէ պիտի յատկացուի այս գումարը։
Ֆահրետտին Քոճա երէկ կրկնեց, որ համաճարակի ծաւալման թափը չէ նուազած:
Ըստ նախարարին, շաբաթավերջի քննութիւններուն համար ձեռք առնուած են բոլոր միջոցները:
Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ առնուած վերջին որոշումներու լոյսին տակ երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան երկրի Սահմանադրական ատեանի անդամները։ Հարկ է նշել, որ խորհրդարանի կողմէ ընդունուած որոշումը կը նախատեսէ Սահմանադրական ատեանի պարագային մեծ փոփոխութիւն։
Անիի աւերակներէն ներս կարեւոր հնութիւններու վերականգնման նպատակով նախաձեռնութիւններ:
Թուրքիա-Հայաստան սահմանի պատմական կամուրջին եւ «Էպուլ Մենուչեհր» մզկիթին համար աշխատանքներ կը սկսին:
Հեռավար շահեկան քննարկում. «Թուրքիոյ մէջ ատելութեան հարցեր. հայկական մտահոգութիւններ»:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան մասնակցեցաւ «Ռամկավար մամուլ»ի կազմակերպած տեսաքոնֆերանսին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հեռակապով հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպայի երկիրներու Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներու, հայրապետական պատուիրակներու եւ առաջնորդական տեղապահներու հետ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ երէց սերունդի մեր մտաւորականներէն Արամ Գամպուրեան ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Ղանդարի շուկան»։ Սա միեւնոյն ժամանակ Երեւանի Մաշտոցի պողոտայի նշանաւոր Փակ շուկայի անցեալի անունն է։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Իմաստունի մը աղջիկը օր մը հարցուց անոր.
-Հայրիկ, ես յոգնեցայ։ Իմ կեանքը այնքան ծանր է, ես այնքան շատ դժուարութիւններ ու խնդիրներ ունիմ։ Ես անդադար կ՚ընթանամ հոսանքին հակառակ, այլեւս ուժ չունիմ… Ի՞նչ ընեմ։