Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019

Հայաստան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը ձգտին ընդլայնել համագործակցութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց Masdar City աշխարհահռչակ նորարարական քաղաքը:

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի երէկուան անդրանիկ նիստը:
Արարատ Միրզոյեան ընտրուեցաւ խորհրդարանի նախագահ - Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ նշանակուեցաւ վարչապետ:

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Հայկական օրակարգին վրայ կարեւորագոյն տեղ զբաղեցուցած Հալէպի նիւթը այսօր այլ հարթութեան վրայ է։ Անպայման չեմ ուզեր ըսել, որ հայկական աշխարհը եւ հայութիւնը յուզող խնդիրներու ընդհանուր սանդղակին վրայ Հալէպը հանուած է հետաքրքրութեան ծիրէն, սակայն Սուրիոյ եւ յատկապէս այդ քաղաքին մէջ երեւելի դարձած խաղաղութեան վերահաստատումով, մարդիկ սկսած են նուազ կերպով տարուիլ Հալէպի լուրերով։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Անգարա-Ուաշինկթըն լարուածութեան օրը աւարտին հասաւ նախագահներու միջեւ հեռախօսազրոյցով:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Տանըլտ Թրամփ կանգ առին Սուրիայէ ներս ստեղծուելիք անվտանգ գօտիի վրայ:

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Անուանակոչութեան տօնին, Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցաւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի երբեմնի ատենապետ հանգուցեալ Շապուհ Չոլաքեան, իր կողակիցը՝ հանգուցեալ Սիլվա Չոլաքեան եւ իրենց հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Ս. Ծննդեան տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի եւ Արմենակ Սրկ. Գազանճեանի, հովուական այցելութիւններ տուաւ Էլազըղի ու Մալաթիոյ հայ համայնքներուն։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի հեռաւոր գիւղերէն մէկուն մէջ Կոմիտասին նուիրուած արձան մը կայ: Լոռիի մարզի Վարդաբլուր գիւղը ոչ միայն իր բնական ու արհեստական գեղեցիկ լճակներով յայտնի է, այլ նաեւ՝ այս յուշարձանով, որ մեծն Կոմիտասի յիշատակի վայրերէն մէկն է:

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Աշխատութիւնը եւ գործունէութիւնը մեր կեանքին շատ օգտաւէտ է:
ա) Մարմինի աշխատանքը եւ հոգիի գործունէութիւնը շատ կ՚օգնեն կամ աւելի ճիշդ՝ շատ կարեւոր են մարմինի եւ հոգիի առողջութեանը եւ կը նպաստեն մեզի կատարելագործուելու:

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Բանն մարմին եղաւ» (ՅՈՎՀ. Ա 14) աւետարանական ճշմարտութեան համաձայն՝ Աստուծոյ Որդին մարդկային բնութիւն առաւ, որպէսզի անով կատարէ մարդուն փրկութիւնը։ Քրիստոս ունայնացուց Ինքզինք ծառայի կերպարանք առնելով եւ մարդոց նման ըլլալով։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի տարածքաշրջանի ընդհանուր քարտուղարը՝ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, վերջերս, այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին։ Տքթ. Ճէպէճեան շնորհաւորեց դեսպանլ Աթաբէկեանը իր նշանակումին համար։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վաղը Փարիզի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հանդիպումը կազմակերպուած է միջնորդութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի, որոնք ներկայ պիտի գտնուին վաղուան հանդիպման։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019

Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Արմէն Սարգսեան կը մասնակցի նաեւ «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ» ֆորումին:

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Անշուշտ հաճելի չէ խօսիլ մահուան վրայ, քանի որ ան ի վերջոյ կորուստ կը նշանակէ, եւ ոչ ոք կ՚ախորժի անոր ենթարկուելէ։ Բայց որքան տհաճ նո՛յնքան անխուսափելի իրականութիւն մըն է մահը, քանի որ կեանքի ամենէն յայտնի ճշմարտութիւնն է, այնքան ճշմարիտ, որ երբ ծնի որեւէ էակ, արդէն իր ծնունդով դատապարտուած կ՚ըլլայ մահուա՛ն։

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Գիշերը բաւական յառաջացած էր, երբ տղաս մտաւ տուն: Հասկնալի է: Երիտասարդ է, եւ շաբաթավերջերը ընկերներով դուրսը անցընելը բնական է, սակայն իբրեւ ծնող՝ նաեւ բնական է մտահոգուիլը:

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Տարին՝ 1918: Ա. Աշխարհամարտի մեծ զինադադարը, որուն հարիւրերորդ տարեդարձն է այս տարի՝ 2018: Այս իմաստով, անցնող տարուան ընթացքին տեղի ունեցան շատ մը յիշատակութիւններ՝ սկսելով Ֆրանսայէն ու տակաւին շատ մը երկիրներու մէջ:

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին քաղաքականութիւնը կը շարունակէ համաշխարհային հանրութիւնը ցնցել: Այս տեսանկիւնէն, Թրամփի նախագահութեան երկրորդ տարին բաւական «արգասաբեր» էր:

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019

Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գարակէօզեանցիներու տարեկան աւանդական հաւաքը։ Հաստատութեան սաները շաբաթ առաւօտ նախ համախմբուեցան Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, ուր ոգեկոչուեցաւ դպրոցի հիմնադիրը՝ բարեյիշատակ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019

-Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի առկայ վիճակը։
-Պոլսոյ համայնքը մեր հայ իրականութեան կարեւորագոյն հաւաքականութիւններէն մին է։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019

-Ի՞նչ կը մտածէք Հայաստանի մէջ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի դէմ սանձազերծուած տխուր ցոյցերուն մասին։
-Կանխաւ ըսեմ, որ այդ բոլորը անընդունելի են։ Բնականաբար, մարդիկ իրաւունք ունին հարցեր ներկայացնելու։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգայացունց յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Թուրքիոյ մասին։ Ան յայտնեց, որ եթէ Թուրքիա հարուած հասցնէ Սուրիոյ քիւրտերուն, ապա ԱՄՆ տնտեսական փլուզում մը պիտի պատճառէ անոր։

Էջեր