Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած տօնական ընդունելութեան ընթացքին ստեղծուած մթնոլորտն ու արտասանուած ճառերու բովանդակութիւնը որոշ ազդանշաններ կու տան՝ համայնքի յառաջիկայ շրջանի օրակարգի առաջնահերթութիւններուն կապակցութեամբ:
Թէեւ Պատրիարքական Աթոռի շուրջ համախմբուած ուժերը կը մնան գերակշիռ, սակայն այս փուլին անոր դէմ տրամադրուած շրջանակներն ալ կը խորանան իրենց որդեգրած արմատականութեան մէջ:
Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պատրիարքարանի տարեմուտի ընդունելութեան ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձաւ գաղթականներու դիմագրաւած խնդիրներուն։ Արդարեւ, Պատրիարքական Աթոռը վերջին տարիներուն միշտ անմիջական ուշադրութեան տակ կը պահէ այն սուրիահայ եւ իրաքահայ գաղթականները, որոնք տարածքաշրջանի արիւնալի իրադարձութիւններէն խոյս տալով՝ ապաստան գտած են Թուրքիոյ մէջ։
Ներկայ տարեմուտին Պատրիարքարանի շէնքի մուտքի երկու կողմերուն զետեղուեցան խաչքարեր, որոնք երէկ օծուեցան՝ ձեռամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Սոյն խաչքարերը, որոնց շնորհիւ Պատրիարքարանի մուտքը բարեզարդուեցաւ, պատրաստուած են Հայաստանի մէջ՝ բարերարութեամբ Քրիստիան Կելիճիի, որ արմատներով Սասունէն է։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժշկական-առողջապահական նիւթերու վերաբերեալ ասուլիս մը։ Իր նմաններու շարքին երկրորդ այս երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ տօնական արձակուրդի շրջանին փակ էին պետական, կառավարական գրեթէ բոլոր հաստատութիւնները, ուսումնական կեդրոնները, բայց թանգարանները սկսած էին աշխատիլ յունուարի 3-ին եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը նոյնպէս Նոր տարուան առաջին օրերուն բացած էր իր դռները: Մշտական ցուցադրութիւններէն զատ հոս կը գործեն ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ, որոնցմէ շատեր իրապէս եզակի են:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դէմքեր կան, որոնք իրենց ուշագրաւ եւ առինքնող դիմագծով եւ տպաւորիչ արտայայտութեամբ կը քանդակուին մարդուս յիշողութեան վրայ եւ հոն կը մնան տարիներով։ Տիպարներ ալ կան՝ որոնք նկարագրի ցայտուն գրաւիչ գիծերով եւ կամ իրենց առանձնայատուկ դրոշմներով կը զանազանուին մարդոց բազմութենէն, եւ անոնց հետ պատահական հանդիպում մը կամ կարճատեւ ծանօթութիւն մը մարդուս յիշողութեանը անկորնչելի մէկ դրամագլուխը կը դառնայ, եւ որուն կ՚ուզէ մարդ անդրադառնալ ատեն ատեն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Օրին իմացած էի, որ Հալէպի հանրայայտ «Հոթէլ Պարոն»ի ժառանգորդը՝ Մազլումեանները մեկնած են Միացեալ Նահանգներ։ Այդ օրերուն «ամէն տեղէ» պաշարուած էր Հալէպը, որուն վրայ ահաբեկիչ զինեալներ անխնայ կերպով կրակ կը տեղացնէին, որուն հետեւանքով ալ կ՚արձանագրուէին տասնեակ զոհեր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հին տարուան վերջին օրերուն արեւմտեան աշխարհը առաւելաբար, իսկ նոր տարուան առաջին օրերուն արեւելեան աշխարհը առաւելաբար նշեցին մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան յիշատակը: Յիշատակում մը, որ տարբեր է բոլոր տեսակի յիշատակումներէն:
Ուքրայնոյ Արտաքին գործոց նախարար Փաւել Քլիմքին յայտարարեց, որ իր երկիրը յառաջիկայ տարիներուն Եւրոմիութեան կամ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հեռանկար չունի։ «Ուքրայնա այսօրուան վիճակով ո՛չ մէկ, ո՛չ երկու, ոչ ալ հինգ տարուան ընթացքին մաս չի կազմեր Եւրոմիութեան կամ ՆԱԹՕ-ին», յայտարարեց նախարարը երկրի պաշտօնական հեռուստակայանէն։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին թափ տալու համար ջանքեր:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով այս ամիս դարձեալ հանդիպելով կրնան շարունակել քննարկումները:
Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան յայտարարեց, որ երկրի հայ համայնքը այս տարի լայն թափով պիտի իրականացնէ ազգային կառոյցներու վերականգնման աշխատանքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռէիսեան մատնանշեց, որ անցեալ տարի ալ այս ուղղութեամբ զգալի աշխատանք իրականացուած էր, ինչ որ աշխուժօրէն պիտի շարունակուի ներկայ տարուան տեւողութեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ տարեմուտին հանդէս եկաւ ուշագրաւ պատգամով մը։ Տօնական շրջանի դադարէն վերջ Հայաստանի մէջ կը սկսի աշխատանքային կեանքը։
Փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները երէկ այցելեցին Պատրիարքարան:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց իսթանպուլահայ տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները:
Նախագահներ Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնով հանդերձ, ամերիկեան վարչախումբէն կը բարձրանան տարբեր ձայներ:
ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթըն երէկ այցելեց Անգարա: Ուաշինկթըն յստակ ժամանակացոյց մը չունի Սուրիայէն դուրս գալու համար:
Մեր համայնքէն ներս հասակ կ՚առնէ ճատրակի խոստմնալից աստղ մը, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի դառնայ ութ տարեկան։ Ան Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի երկրորդ դասարանի աշակերտներէն Տիգրան Էօզպիւլպիւլն է։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ինչպէս յայտի է, հայկական երկու դրախտավայր գողտրիկ հանրապետութիւնները՝ Հայաստանն ու Արցախը շուրջ եօթանասուն տարի մաս կազմած էին Խորհրդային սոցիալիստական հանրապետութիւններու միութեան (ԽՍՀՄ)։ Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, նախկին ԽՍՀՄ-ի մէջ գործող սահմանադրութեամբ՝ (52-րդ յօդուած) եկեղեցին պետութենէ անջատ հռչակուած էր։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Օգոստոս 2014. նոր հասած էի Պոլիս։
Կորսնցնելու ժամանակ չունէի, պէտք էր անմիջապէս նետուիլ հետազօտական դաշտ, որպէսզի 28 օրուայ ընթացքին հաւաքէի այնքան մը տեղեկութիւն, ինչքան պէտք էր պոլսահայոց մասին համալսարանական աշխատութիւնս հիմնաւորելու համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կատարեալ մարդ» հասցնելու համար պէտք է զայն դաստիարակել եւ կրթել։ Արդարեւ «դաստիարակել» կը նշանակէ՝ ուսում տալ, կեանքը դիւրատար դարձնելու համար անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տալ, կեանքը արդիւնաւոր դարձնելու ճամբաները ցոյց տալ, կեանքի վարժեցնել։ Իսկ «կրթութիւն» կը նշանակէ՝ կեանքը լաւ գործածելու, ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու արուեստը սորվեցնել, որ է՝ բարեկրթութիւն, քաղաքավարութիւն եւ կենցաղագիտութիւն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2018 թուականի դեկտեմբեր ամսուն, Հայաստանի «ՀայՓոստ» ընկերութիւնը թողարկեց տարուան վերջին դրոշմաթուղթերէն մին՝ «Լուսնային Նոր տարի» խորագրով, որ պատկերաւոր ձեւով կը ներկայացնէ լուսնային օրացոյցին 2019 թուականի խորհրդանիշը՝ խոզը: Արեւելեան աստղագուշակին համաձայն, 2019 թուականը «Դեղին խոզի» տարի է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2019 թուականի առաջին կարեւոր քննարկումներէն մին պիտի դառնայ Հայաստանի կառավարական համակարգին մէջ «սպասուած» փոփոխութիւնները։ Խօսքը Հայաստանի Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութեանց փակման մասին է, որուն շուրջ աւելի առաջ մի քանի հրապարակումներ ալ եղան։