Արխիւ
«Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման համար Գերմանիա կ՚աջակցի Հայաստանին»:
Անկելա Մերքէլի Երեւան այցելութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ երկկողմանի համագործակցութեան առջեւ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեանի կողմէ գլխաւորուած ուխ-տաւորները ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երկար տարիներ լռելէ եւ հարցազրոյցի առաջարկները մերժելէ ետք, «Էլ Քաիտէ»ի ղեկավար Ուսամէ պին Լատինի մայրը ի վերջոյ բրիտանական «Կարտիըն» թերթին տուած է հարցազրոյց մը, որ վարած է Մարթին Չուլովը: Կը ներկայացնենք կրճատումներով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արեգ Գալստեանի «Առանց սխալելու իրաւունքի. քաղաքական հայու խիղճը» յօդուածի լոյսին տակ։
Հայաստանի «Մետիամաքս» գործակալութիւնը վերջերս հանրութեան ներկայացուց երկար ժամանակ Ռուսաստան հաստատուած ու վերջին երկու տարիներուն Հայաստան տեղափոխ-ւած քաղաքագէտ Արեգ Գալստեանի յօդուածը, որուն մէջ հեղինակը կարեւոր նշումներ կը կատարէ ոչ միայն այսօր երկրէն ներս ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակին կապակցութեամբ, այլ նաեւ կարեւոր ուղենիշներ ցոյց կու տայ մեր ժողովուրդին առջեւ ցցուած բազմաշերտ մեծ ու փոքր խնդիրներուն վերաբերեալ։
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Օգոստոս 1-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան 115-րդ տարեդարձը իր մեծատաղանդ զաւակներէն Գուրգէն Մահարիի, որ 66 տարուան իր կեանքի ընթացքին երկու անգամ արմատախլումի դառն բախտին ենթարկուեցաւ՝ տեղահանութիւն եւ աքսոր ճաշակելով…
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տօնական օր մը ապրուեցաւ՝ Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան 161-րդ եւ վերակազմութեան 36-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ եռուզեռ մը ստեղծուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի բարձրացման, զարգացման եւ բարօրութեան համար պէտք եղած ազդակները ա՜յնքան վարժուած են սպասել մարդիկ՝ եւ իրաւամբ անշուշտ՝ միտքով, սիրտով եւ կարողութիւններով «մեծ մարդ»երէ, որ յաճախ կը մոռցուին եւ կ՚անտեսուին, թէ իրենց շուրջը, իրենց մօտիկը կը գտնուին ուրիշ յատկութիւններ ունեցող մարդիկ՝ խոնարհ, համեստ ե՛ւ ազնիւ անձեր, որ երբեմն, եթէ ո՛չ տաղանդ եւ զարգացում, գոնէ սրտի ազնիւ տրամադրութիւններ եւ պատուական առաքինութիւններ կը ցուցադրեն իրենց համեստ կեանքին մէջ։
Գերմանիոյ վարչապետ Ալկելա Մերքէլ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկեցին միջազգային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Անկելա Մերքէլ Վլատիմիր Փութինը հիւրընկալեց Պերլինի մերձակայքի Մասեպերկի պալատին մէջ, որ գերմանական կառավարութեան հիւրատունն է։
Մտածել, թէ հնարաւոր է զուտ վերացական եւ ձեւական հռչակումներու հիմքով քաղաքականութիւն յառաջ տանիլ, կը նշանակէ՝ զաւեշտալի մանկամտութիւն դրսեւորել: «Աշխարհիկ պետութեան» նման իրաւական սկզբունքները, եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատումը Հայաստանի պարագային լիովին զուրկ են պատմական հողէ: Ոչ ոք կը ժխտէ զանոնք, սակայն քարացած տոկմաներու պէտք չէ վերածուին: Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ այսօրուան վերաբերմունքին հիմքը պէտք է ըլլայ այն փաստը, թէ ան ո՛չ թէ կրօնական կառոյց մըն է, այլեւ՝ հայոց թագաւորութեան շրջանէն պահպանուած:
Իսլամական աշխարհի «Քուրպան»ի տօնին առթիւ Թուրքիա արդէն իննօրեայ արձակուրդի մը մտած է։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս ալ պայրամի օրերուն կ՚առնէ դադար մը՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներու հանգիստը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վերափոխումէն ետք 3-րդ կիրակի կը տօնուի Աստուածածնի գօտիին գիւտի յիշատակը։ Տօնը այս տարի կը հանդիպի 26 օգոստոս կիրակի օրուան։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յառաջիկայ օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Օգոստոսի 24-25-ին նախատեսուած է այս այցելութիւնը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրով։
Երէկ, Երեւանի մէջ հսկայ հանրահաւաք մը տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարութեան 100-րդ օրուան լրացման առթիւ։ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Երեւանի կեդրոնին մէջ նախ տեղի ունեցաւ երթ մը, որու աւարտին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ նախատեսուած մեծ հանրահաւաքը։ Ծովածաւալ բազմութեան մը ներկայութեամբ վարչապետը հանդէս եկաւ խանդավառ ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական օրակարգին վերաբերեալ զանազան խնդիրներու։
Երէկ երեկոյեան, յայտնի երգիչ Ալեքս Թաթարեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ։ Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ս. Մեսրոպի լուսաբաղձ աչքերուն մէջ առաջին անգամ ճառագայթեցին հայկական տառերը։ Աչքերէն անոնք իջան գիրի որոնումէն մաշած մատներուն, ուրկէ ձեւ առին հայերէն բառերը մագաղաթին վրայ.
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկ ծնած է 4 (16) ապրիլ 1820-ին, Վանի Յանկոյսներու պապենական տան մէջ, այն պահուն, երբ արեգակը իր առաջին շողերը կ՚արձակէր Վարագայ լերան զոյգ գագաթէն:
Հօրեղբայրը՝ Խաչատուր պապենական հնատիպ Աստուածաշունչի կողքին արձանագրած է.
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ զրուցեցինք յայտնի մտաւորական, հրապարակագիր ու հասարակական գործիչ Տիգրան Պասկեւիչեանի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ մեր թերթի գործակից-բարեկամներէն մին է։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Տիգրան Պասկեւիչեանի կողմէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն տրուած պատասխանները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխումէն ետք Բ. կիրակի օր Սուրբ Պատարագի ընթացքին կարդացուած Ճաշու Աւետարանը (ՂՈՒԿ. Ա 39-56) կը վկայէ Մարիամի այցելութեան՝ Եղիսաբեթի՝ որ ինքն ալ յղի էր։ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման յաջորդող Բ. կիրակին, այս տարի կը հանդիպի 19 օգոստոսի։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ թէժ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Մինչ վաղը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարութեան 100-րդ օրուան առթիւ մեծ հանրահաւաք մը նախատեսուած է Երեւանի մէջ, երէկ Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց, որ կը վերադառնայ քաղաքականութեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան վերջերս այցելեց Փարիզ, ուր հանդիպումի մը մասնակցեցաւ ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ «Յեղափոխութեան յաղթանակի տէրը Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնն է, սփիւռքը Հայաստանի հարստութիւնն է», յայտնեց հաւաքոյթի ընթացքին Աննա Յակոբեան։