Արխիւ
Յաճախ կը պատահի, որ մեր լսած երգը նորէն ու նորէն լսենք, օրեր, ժամեր, տարիներ անցընենք այդ երգին ընկերակցութեամբ, յուզուինք, ուրախանանք, տխրինք, սիրահարինք, հիասթափինք անոր լուռ ընկերակցութեամբ: Կան երգեր, որ տեսած են մեր կեանքի գրեթէ բոլոր փուլերը յաջորդաբար եւ աւելի շատ յուշեր կը պահեն իրենց մէջ, քան մենք: Երբեմն ալ անոնք մեր միակ ընկերներն են օրուան այս կամ այն ժամուն կամ կեանքի մէկ կարեւոր շրջանին:
Տիկնիկային թատրոնի խաղացանկը կը համալրուի նոր ներկայացումներով։ Այսպէս, Հայաստանի «Յովհաննէս Թումանեան» պետական տիկնիկային թատրոնին մէջ 2019 թուականին կը բեմադրուին հետաքրքրական ներկայացումներ ինչպէս երեխաներու, այնպէս ալ՝ մեծահասակներու համար: Թատրոնը կը մասնակցի միջազգային փառատօներու, հիւրախաղերու կը մեկնի Հայաստանի մարզեր:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, լոնտոնեան «Արսենալ»ի ընդհանուր խումբին հետ իր փորձերուն կը սկսի յառաջիկայ շաբաթ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքէջը:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամներէն Կրահամ երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ:
Թուրքիա պիտի չհանդուրժէ, որ իր հարաւային սահմաններու երկարութեամբ ստեղծուի ահաբեկչական նրբանցք մը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Համայն հայ ժողովուրդը հերթական անգամ երանութեամբ կ՚ոգեկոչէ իր երախտաշատ նահատակեալ զաւակը:
Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի ծանր հետեւանքները միշտ առարկայ համատարած զգայնութեան:
Դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աւարտելով Ապու Տապիի շփումները, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Շարժայի եւ Տուպայիի մէջ։ Այսպէս, Արմէն Սարգսեան տեսակցեցաւ Շարժայի կառավարիչ Շէյխ Սուլթան պին Մուհամմէտ էլ Քասըմի եւ Տուպայիի մէջ ալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխ-նախագահ ու վարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Շէյխ Մուհամմէտ պին Ռաշիտ էլ Մաքթումի հետ։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց՝ ամփոփելով անցեալ դիւանագիտական տարին:
Սերկէյ Լաւրով 2019 թուականի համար ընդհանրապէս լաւատես ակնկալութիւններ ունի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործթացին շուրջ:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը հիւրընկալեց Իսթանպուլէն մեկնած հաւատացեալներու խումբը:
Պոլսահայ ուխտաւորները տէրունակոխ սրբավայրերու մէջ կ՚անցընեն ոգեւոր ցնծութեան անմոռանալի օրեր:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանէ ներս ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Շոմպի Շարփին, որուն կ՚ուղեկցէին ՄԱԿ-ի մասնագիտական գործակալութիւններու եւ ծրագրերու պատասխանատուները։ Ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» միջեկեղեցական բարեգործական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ նոյն հիմնադրամի տնօրէն Կարէն Նազարեան։
Yerepuni.news լրատուական ցանցի կայքէջին վրայ, Յարութիւն Պէրպէրեանի ստորագրութեամբ, վերջերս լոյս տեսաւ յօդուած մը, ուր կ՚արժեւորուի սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գրիգոր Պըլտեանի աշխատանքը։ Այստեղ յատուկ ուշադրութիւն կը կեդրոնացուի Պըլտեանի «Ֆրանսահայ գրականութիւն 1922-1972. նոյնէն այլը» գիրքին վրայ։ Ստորեւ որոշ յապաւումներով կը ներկայացնենք այս նիւթը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրապէ՛ս թանկագին է կեանքը, քանի որ մարդիկ անոր կապուած են սերտօրէն եւ չեն ուզեր բաժնուիլ իրմէ։ Մարդ «անմիտ» եւ անխոհեմ ըլլալու է որ անտարբեր եւ անգիտակ ապրի կեանքի այս ժամանակաւոր շրջանը։ «Անցաւորութիւն» մըն է կեանքը՝ որուն վախճանը անխուսափելի՛ է։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Այս արծաթեայ հին իրերը յաճախ գրաւած են ուշադրութիւնս, Հայկա՛ն, գիտեմ որ հնութիւնը կը սիրես, սակայն ասոնք սովորական իրերու տպաւորութիւնն ունին՝ փորագրութիւն, թուական, կամ որեւէ արժէք ներկայացնող արձանագրութիւն մը չկայ անոնց վրայ: Վստահաբար անոնք իւրայատուկ իմաստ մը կը կրեն քեզի համար:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց քաղաքի նորընտիր քաղաքապետ Մոշէ Լիոնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի նորընտիր քաղաքապետ Մոշէ Լիոն այցելեց Հայոց Պատրիարքարան, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Մնացականեան եւ Մամետեարով երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին մօտաւոր ապագային այցելութիւն մը տալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած Իր զօրութիւնը տուած է մարդուն գործածելու համար զայն Ի՛ր կամքին համաձայն։ Բայց Աստուծոյ այդ պահանջքը բռնադատեալ պահանջք մը չէ։
ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ
Տպագիր հայ մամուլը կ՚ապրի տագնապ մը, եւ այդ տագնապին մէկ կարեւոր պատճառը թերեւս նոյնինքն արդիականութեան եւ անցեալէն ժառանգուած իտէալականութեան բախումն է, յաճախ մէկը միւսին զոհելու մօտեցումին կամ անդիմագիծ ներդաշնակումի փորձերուն հետեւանքով։
Նախ պէտք է նշել, որ տպագիր մամուլի տագնապը համաշխարհային տագնապ է յատկապէս համացանցի զարգացումէն ետք մամուլի թուայնացումին եւ բոլորին մատչելի դարձած լրատու կայքէջերուն (որակաւոր, անորակ եւ երբեմն զուտ բամբասանքային տարբերակներով) անհամեմատ տարածումին պատճառով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարկոս աւետարանիչ իր Աւետարանի 2-րդ գլուխին 1-12 համարներուն մէջ կը նկարագրէ դէպք մը, ուր Քրիստոս անդամալոյծ մը կը բժշկէ: Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ չորս հոգիներ անդամալոյծ մը շալկելով, բերած են Յիսուսի մօտ, սակայն բազմութեան շատութեան պատճառով չեն կրցած մօտեցնել զինք Յիսուսին:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Խմբագիր, ուսուցչուհի, գրող Մառի (Մարի) Պէյլէրեանի ծանօթ ժողովածոն՝ «Դէպի վեր»ը, թուայնացուած է: Թուայնացուած է նաեւ պոլսահայ կին գործիչին հրատարակած «Արտէմիս» անունով ամսահանդէսը, որ, ըստ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի, կանանց խնդիրներուն նուիրուած առաջին հայ թերթն էր:
Ոչ եւս է Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի բազմամեայ նուիրեալ դպրապետը:
Կէտիկփաշայի ընտանիքը կը սգայ իր խորհրդանշական դէմքերէն Լեւոն Սրկ. Էօզփենպէի մահը: