Արխիւ
«Տողուշ» խմբակը Պոմոնթիի մէջ թանգարան մը եւ արխիւի կեդրոն մը հաստատեց Արա Կիւլէրի համար:
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչը երէկուան պաշտօնական բացման հանդիսութեան ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ կարեւոր հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Մաքրոնի եւ Ապպասի հետ:
Ըստ նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, Ուաշինկթըն չի կրնար տեսնել, չի գիտեր, թէ ո՛վ է իր իսկական բարեկամը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Վերջին տարիներուն աճած է սփիւռքահայերուն թիւը Հայաստանի մէջ, յատկապէս անոնց, որոնք հողամասեր կը գնեն ու տարիներու ընթացքին կը յարդարեն, կը կահաւորեն ու բնակելի առանձնատան մը տեսքը կու տան իրենց կալուածներուն, ուր կ՚անցընեն ամառնային արձակուրդները եւ խնջոյքներ, հաւաքներ կը կազմակերպեն իրենց բոլոր հարազատներուն ու բարեկամներուն հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թերեւս աւելորդ նկատուի խօսիլ աշխատանքի կարեւորութեան վրայ, քանի որ անուրանալի է այն ճշմարտութիւնը, թէ ո՛չ մէկ կարեւոր արդիւնք կամ արժէք ձեռք կը բերուի առանց աշխատութեան։ Չէ՞ որ պատրաստ որեւէ բանէ մը օգտուելու, որեւէ բան օգտագործելու համար ալ աշխատանք պէտք է՝ ծանր կամ թեթեւ, բայց անպայմա՛ն աշխատանք…։
ՏՔԹ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան «թաւշեայ յեղափոխութեան» հարիւր օրը անցաւ: Դեռ նորելուկ մանուկ է: Ակնկալիքները մեծ են. թերեւս այդ ակնկալիքներէն միքանին կամ շատերը՝ անիրատես:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գայիանէ Մահրէճեանի անունը կը լսէի պատահմամբ։ Կարճ այցով մը Երեւան եկած հայուհին ներգրաւուած էր Սէուտական Արաբիոյ կառուցման բաւական հսկայական ծրագրին մէջ։ Հայրենի «Նիուզ» լրատուական կայքը Գայիանէին մասին կարճ լրատուութիւն մը ըրած էր ու ես կարգ մը ընկերներու օգնութեամբ յաջողեցայ «հասնիլ» հայուհիին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
7 օգոստոս 1935 թուականին, 83 տարի առաջ, Երեւանի մէջ մահկանացուն իր կեանքը կը կնքէր Հայ վիպական եւ թատերական գրականութեան յայտնի դէմքերէն Շիրվանզատէ գրչանունով Աղեքսանդր Մովսէսեան։
Աղեքսանդր Մովսէսեան 1858 թուականին ծնած էր Շիրվան՝ ուրկէ եկած է իր գրչանունը՝ Շիրվանզատէ։ Հազիւ տասնհինգ տարեկանին, գաւառական վարժարանէն ընթացաւարտ, ան կը մեկնի Պաքու «մի կտոր հաց շահելու»։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագրերուն հիման վրայ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանը։ Այսպէս, նախագահական հրամանագրով մը դեսպանի պաշտօնէն ետ կանչուեցաւ Օլեկ Եսայեան, որ վերջին տարիներուն կը պաշտօնավարէր Մինսքի մէջ։
Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան կը շարունակեն անմիջական աշխատանք տանիլ Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս երեք երկիրներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ հերթական գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Թեհրանի մէջ։
Եւրոասիական զարգացման դրամատան նախագահը տեսակցեցաւ Փաշինեանի հետ:
Հայաստանի վարչապետը հանդիպեցաւ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»ի ընդհանուր տնօրէնին հետ:
Գնալը կղզիի լողաւազանի ակումբին մէջ նախընթաց երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանէն «Լապտերներ» պատանիներու երաժշտախումբը, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին կողմէ կը հիւրընկալուի այս խումբը, որու նախընթաց օրուան համերգը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան բեմի վաստակաւոր կատակերգակ եւ դերասան հայազգի Սամի Խայեաթ պատասխանեց մեր հարցումներուն։
Ուաշինկթընի հետ առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Անգարա կը վայելէ Պերլինի աջակցութիւնը:
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Մանիքա Սփարքս եւ Ճեսիքա Թայսըն (տես նկարը) 46 տարեկան երկուորեակ քոյրեր են, որոնք կը բնակին Միշիկըն նահանգի Քենթ գաւառը։ Քենթ գաւառը երկրորդ բազմամարդ գաւառն է Միշիկըն նահանգին մէջ, Տիթրոյթէն ետք։ Անոր բնակչութիւնն է 640.000:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վերջին օրերուն Պատրիարքական Աթոռի եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին միջեւ փոխըմբռնման մթնոլորտ մը գոյացած է՝ հոգեւոր հովիւի պաշտօնավարութեան վայրի հարցին շուրջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Սրբաբանուի՛ անունդ»:
Մեր Տէրն ու Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս, երկրորդ նախադասութիւնը, որ սորվեցուց մեզի, եղաւ՝ «Սրբաբանուի՛ անունդ»: Արդարեւ, ամբողջ Հին կտակարանը կը խօսի Աստուծոյ սրբութեան մասին եւ Աստուած, Ի՛նք քանի-քանի անգամներ կը յայտարարէ Իր սուրբ ըլլալու հանգամանքը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարեսկիզբին՝ յունուար ամսուն, երբ հարցազրոյց մը հրատարակեցինք մեծ լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեանի անուանակից թոռան՝ Հրաչեայ Աճառեանին հետ, անոր Պոլիս այցէն առաջ, ան հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ տպագրութեան յանձնած է իր մեծ մօր՝ Սոֆիա Աճառեանի յուշերը Հրաչեայ Աճառեանի մասին:
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան բանտէն դուրս գալէ վերջ երէկ Երեւանի մէջ պիտի սարքէր մամլոյ ասուլիս մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Քոչարեանի պաշտօնական գրասենեակը կը գործէ «Էրեբունի փլազա» համալիրէն ներս, ուր եւս նախատեսուած էր մամլոյ ասուլիսը։
Անգարայի ղեկավարութիւնը բարձր մակարդակով հիւրընկալեց Հայտար էլ Իպատին եւ Սերկէյ Լաւրովը:
Թուրքիա Սուրիոյ տագնապի ամբողջին մէջ ներկայիս ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է Իտլիպի իրադարձութիւններուն վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի ներքինքաղաքական կեանքին մէջ տեղի ունեցած «անսպասելի» փոփոխութիւններէն ետք յստակ է, որ նոր իշխանութիւններուն համար ալ կարեւագոյն օրակարգերէն մին պիտի հանդիսանայ Արցախի հիմնահարցը։ Բաւականին յստակ է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան դիմաց ցցուած հիմնական հարցերը առընչուած են երկրի ընկերային-տնտեսական բարդ խնդիրներուն հետ։