Արխիւ
Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանը 9 օգոստոսին պիտի քննէ Քոչարեանի թղթածրարը:
46 երեսփոխան ստորագրած է երաշխաւորագիր մը՝ որպէսզի նախկին նախագահը դուրս գայ բանտէն: Սասուն Խաչատրեան յայտնեց, որ չէ խախտած անմեղութեան կանխավարկածը:
Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց, որ նախկին Սովետական հանրապետութիւններէն Վրաստանի ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնալը կրնայ սարսափելի հակամարտութեան մը պատճառ դառնալ։ Մետվետեւ Մոսկուայի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ «Քոմերսանտ Էֆ. Էմ.» ռատիօկայանին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ «ԱԶԳ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր՝ Յակոբ Աւետիքեան։
-Այս տարի իր լրումին կը հասնի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 43-րդ տարելիցը։ Պր. Աւետիքեան, ո՞ւր էիք դուք այդ օրերուն եւ ի՞նչ կը յիշէք այդ ժամանակաշրջանէն։
-Այդ տարիներուն ես ուսուցիչ էի եւ կը պաշտօնավարէի, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» վարժարանէն ներս:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները վերահաստատեց Իրանի դէմ բռնամիջոցները. միջազգային տագնապ:
Թեհրանի ղեկավարութիւնը Եւրոմիութեան հետ համախոհ: Նախագահ Հասան Ռուհանի Ուաշինկթընի հետ շփումներ մշակելու համար նախապայման կը համարէ՝ միջուկային համաձայնութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպեցաւ վերջերս Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ ձեռնադրուած տասն նոր քահանաներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը հանդիպման ընթացքին իր օրհնութիւնն ու հայրական պատգամը փոխանցեց քահանայ հայրերուն, որոնց բարի առաքելութիւն մաղթեց իրենց հովուական ծառայութեան մէջ։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի երկրպագութիւնը այնքան չափազանցուած է, որ ամերիկացի պլոկըր Անտրէաս Մոզըր Պաքու եւ Գանձակ կատարած իր այցելութեան ատեն ամէն տեղ բախած է «մեծ առաջնորդ»ի յուշարձաններուն եւ շէնքերուն: Մոզըր իր պլոկին մէջ գրած է երգիծական զեկոյց մը, որմէ հատուածներ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն՝ զուարճութեան համար:
Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յիսուս առաջին եւ ամենէն մեծ պատուիրան որպէս կ՚անուանէ սիրոյ պատուիրանը. նախ՝ այն պատճառով, որովհետեւ այս պատուիրանին առարկան աստուածային առաջին եւ ամենէն մեծ Էութիւնն է, եւ երկրորդ՝ որ այս պատուիրանը ընդհանուր է եւ ամենապտաբեր, որ իր մէջ կը պարունակէ միւս բոլոր պատուիրանները, ինչպէս գեղեցիկ կերպով Սուրբ Օգոստինոսը կ՚ըսէ.
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս Հայաստանի դրացի երկիր՝ Վրաստան, ժամանած էր աշխարհի ամենանշանաւոր ու ամենախելացի մարդամեքենան (ռոպոթ)՝ Սոֆիան: Թէ՛ վրացական, թէ՛ միջազգային մամուլը լեցուած էր Սոֆիայի այս այցին մասին նիւթերով, քանի որ Սոֆիան Վրաստան ժամանած էր ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրին հրաւէրով՝ մասնակցելու Բաց կառավարութեան գործընկերութեան 5-րդ գագաթաժողովին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոս ուզեց ծնիլ եւ մեծնալ Յովսէփի եւ Մարիամի Սուրբ Ընտանիքին ծոցին մէջ։ Արդարեւ, Եկեղեցին ալ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ «Աստուծոյ ընտանիքը»։
Յաճախ իրենց «ամբողջ ընտանիքով» հաւատացեալ դարձած մարդիկը սկիզբէն իսկ Եկեղեցւոյ կորիզը կազմեցին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի մտաւորականներէն Պերճ Չալըքման։ Վերջերս ան ենթարկուած էր սրտի գործողութեան մը, սակայն դժբախտաբար չէ կրցած յաղթահարել յետ վիրահատական շրջանի բարդութիւնները եւ աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու սիրելիները։
Հայաստանէն Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքս, շաբաթավերջը անցուց Գնալը կղզիի մէջ։ Ան երէկ ներկայ գտնուեցաւ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ քարոզ մը։
Այսու կու գանք մերազն համայնքին տեղեկացնել, թէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ՝ Խորհրդակցական մարմնին առընթեր ստեղծուած է Երիտասարդաց յանձնախումբ մը, որ կը բաղկանայ հետեւեալներէն.
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ոչ ոք կ՚ուզէ ծերանալ, եւ ամէն ոք կը փնտռէ երիտասարդ մնալու գաղտնիքը: Մարդկութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին այսպէս եղած է: Թէեւ անկարելի է նախախնամութեան, բնութեան դէմ աշխատիլ, սակայն մարդիկ կիսալուծումներ կը փորձեն գտնել:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վախի զգացումը ընդոծին հակազդեցութիւն մըն է որեւէ իրական կամ ենթադրական վտանգի մը հանդէպ։
Հաւանական վտանգ մը վախ կը պատճառէ եւ կերպով մը ահազանգ կը հնչեցնէ, ենթական զգուշութեան կը հրաւիրէ։
Իտալիոյ մայրաքաղաքը՝ Հռոմի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի երիտասարդական ըմբշամարտի առաջնութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, այս մրցաշարքի ծիրէն ներս Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ըմբիշ Վազգէն Թեւանեան նուաճեց ոսկէ մետայլ մը։
Հայկական գիտական աշխարհը կը սգայ ակադեմիկոս Սերկէյ Համբարձումեանի մահը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակցական մը հրապարակեց ի յիշատակ մեծանուն գիտնականին:
Անգարա եւ Ուաշինկթըն պատգամներ կը փոխանակեն՝ առկայ ցրտութեան մթնոլորտին մէջ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Մայք Փոմփէօ լաւատես յայտարարութիւններով հանդէս կու գան խնդիրներու լուծման համար:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան ներկայացան Պոստոնի շրջանի Հայփոյնթ համայնքի ուխտաւորները՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդ Քհնյ. Կիւզէլեանի եւ ուղեկցութեամբ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոյն շրջանի հոգեւոր հովիւ Հայր Ճոն Տիլէյնիի։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս դէպքը պատահած է Ճորճիա նահանգի Ռազուէլ քաղաքին մէջ։ Պատահարին մանրամասնութեանց չանցած՝ կ՚ուզեմ որպէս ենթահող, հետեւեալ մէջբերումը կատարել։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորումէն ետք շատերու ուշադրութիւնը կը սեւեռուէր դէպի Ռուսաստան։ Այն առումով, որ Հայաստանի հիւսիսի դաշնակիցը ի՛նչ կեցուածք պիտի որդեգրէ այդ «անակնկալ» որոշումին առընթեր։