Արխիւ
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յառաջիկայ մարտին պիտի այցելէ Վրաստան։ ԹԱՍՍ ռուսական գործակալութեան հաղորդումներով, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի յայտնեց, որ 2019 թուականին համագործակցութիւնը պիտի ընդլայնի իր երկրին ու դաշինքի միջեւ։
Պրազիլի նորընտիր նախագահ Ճէյր Պոլսոնարօ երէկ երդուելով ձեռնարկեց իր պաշտօնին։ Ան երկրի 38-րդ ղեկավարն է։
Մեծ կղզիի մէջ երէկ ծագեցաւ հրդեհ մը։ Իմամօղլու թաղամասէն ներս հրդեհը պատահեցաւ փայտաշէն երկու ախոռներու մէջ։ Ահմէտ Տալմային կը պատկանէին այդ ախոռները, ուր երէկ ժամը շուրջ 13.00-ին բռնկեցաւ հրդեհը։
Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմի բարձրաստիճան օղակներուն մէջ հերթի փոփոխութիւնները կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին ստորագրեց հրամանագիր մը, որու հիման վրայ արտաքին գործոց փոխ-նախարար նշանակուեցան Արտակ Ապիտոնեան եւ Գրիգոր Յովհաննիսեան։
Վարչապետին հանդիպումը՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Նիկոլ Փաշինեան. «Կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ խօսքի եւ մամլոյ ազատութիւնը զարգացնելու համար»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ դուրս եկան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կազմէն։ Այս երկու երկիրները մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր կը ջանային դուրս գալ ԻՒՆԷՍՔՕ-էն, որ ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի կառոյցն է։
Տարեմուտի առթիւ գոհաբանական հանդիսաւոր աղօթք եւ ժամերգութիւն Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան օրհնութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ յղեց՝ բարձր գնահատելով բոլորին ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի մխիթարութեան համար: Նորին սրբազնութիւնը Աթոռի անձնակազմի անդամներն ալ հիւրընկալեց Ամանորի աւանդական սեղանի շուրջ:
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հայաստան՝ երկիր դրախտավայրի ամենէն գողտրիկ մասերէն մէկուն Արցախ աշխարհին մէջ ժամանակին պզտիկ աղջնակ մը կ՚ապրէր։ Ինքը գեղանի. յօնքեր ունէր կամարիկ, վարսեր ունէր բազմերանգ, կեղծանունն ալ՝ Ոսկեծամ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, սա առաջին անգամն է, որ մեր հայրենիքը պիտի դիմաւորէ Նոր տարին։ Անկախութենէն ետք, սա առաջին անգամն է, որ հայրենի մեր ժողովուրդը իրապէս ուրախ է եւ ապագայի նկատմամբ յոյսերով առլցուն ու օժտուած՝ բարձր տրամադրութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ յաճախ կը խօսինք սիրոյ մասին, այն ընդհանուր սէրն է, որ իր կարգին ունի բաժանումներ, տեսակներ, որոնք կը բխին թէեւ նոյն ակէն, բայց անոնց ազդեցութիւնը կը տեսնուի տարբեր մարդկային յարաբերութիւններու մէջ եւ աւելի լայն առումով՝ բնութեան մէջ տարբեր էութիւններու նկատմամբ։ Անշուշտ բոլորն ալ «սէ՛ր» է, քանի որ անոնց բոլորին ալ սկզբնակէտը մէ՛կ է։
Պատրիարքական Աթոռոյս «Արմաշ» մատենաշարէն, որպէս տասնեւերրորդ հատոր լոյս տեսաւ Արմաշական հայրերէն Ղեւոնդ Վրդ. Դուրեանի (ապա Արքեպսկ.) «Մկրտութեան խորհուրդը» խորագրեալ աւարտաճառը։
Սրբազան հեղինակը ընծայարանի ուսումէն ետք, գրի կ՚առնէ սոյն աշխատասիրութիւնը, որու աւարտին, կը ստանայ վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ կազմակերպեց խրախճանք մը։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան «Մարալ»ի թէ՛ բուն եւ թէ մանկապատանեկան կազմերու անդամները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսուի օրէնքի մասին, բնական պէտք է համարուի այս, քանի որ օրէնքը, իր լայն առումով մարդկային անհատական եւ ընկերային կեանքին բարւոք ընթանալու գործին մէջ կարեւոր, եւ մինչեւ իսկ անհրաժեշտ դեր մը կը խաղայ։ Եւ դարձեալ, բնական օրէնքներու միջոցով է որ բնութիւնը կանոնաւոր կերպով, ուղիղ ձեւով կը գործէ եւ կը շարժի։
Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աշխարհասէր եւ բազմազբաղ կեանքը մեզմէ մեր պարտաւորութիւնները կատարելու թանկագին ժամերը կը յափշտակէ եւ ի սպառ կը զրկէ՝ մեր կոչումի իրական աշխատանքէն: Կը կորսնցնէ մեր հոգեկան վայելչութիւնը եւ սիրտին ճաշակը, որոնք աւելի ազնիւ են եւ միայն կրնան երջանկացնել մեզ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Ամանորի առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Ան յայտնեց, որ Թուրքիա դիրք կը գրաւէ խաղաղութեան շարքին։
Թրքահայութիւնը 2019 թուականը ողջունեց մեծ խանդավառութեամբ։ Նոր տարուան մը լուսաբացին մեր համայնքի անդամները համախմբուեցան թարմ յոյսերով՝ անկեղծ բարեմաղթանքներու փոխանակումով։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ կէս գիշերին Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան միջոցաւ համայն հայութեան յղեց իր Ամանորի պատգամը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին խօսքը։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խանդավառ հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտները յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամէն անգամ որ Ամանորի սեմին կը հասնինք, կ՚անդրադառնանք, թէ ժամանակը որքան արագ ընթացած է։ Մանաւանդ մանուկներ կը խանդավառուին Կաղանդ պապուկի ակնկալութեամբ։ Ակնկալութիւն՝ ընդհանրապէս անակնկալներով լեցուն նուէրներու տոպրակի բացման։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Դարեր ի վեր հայոց մէջ գոյութիւն ունեցած է Կաղանդի գիրը: Ասիկա հինէն եկած աւանդոյթ մըն է, որ որդեգրած են մեր թերթերն ու ամսագրերը, բայց առաւելաբար՝ արեւմտահայ իրականութեան մէջ: Արեւելահայերէն մամուլն ալ անդրադարձած է Կաղանդի նիւթին, բայց նոյն աշխուժութիւնը, աւանդոյթը, գիր պատրաստելու եւ Կաղանդի խոհերը ի մի բերելու ճոխութիւնը չէ եղած արեւելահայերէն թերթերուն մէջ, ինչ որ եղած է արեւմտահայերէն թերթերուն մէջ: