Արխիւ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ արուեստագէտ, Կեդրոնական վարժարանի նախկին տնօրէններէն Պերճ Չալըքմանի փառաշուք յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Ան թէեւ երէց սերունդի կը պատկանէր, սակայն ընկերային կեանքէ ներս այնքան յարգանք ու սէր կը վայելէր, որ իր կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուց համայնքային շրջանակներէն ներս։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակին առթիւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ շատ յատկանշական յոբելենական հանդիսութիւն մը։ Մօտաւոր անցեալի դարադարձի շրջանին սփիւռքի զանազան առանցքային կեդրոններուն մէջ նշուած էր թերթիս յոբելեանը։
Թաքսիմ մարզակումբի ամառնային աւանդական ընթրիքը շաբաթավերջին համախմբեց համայնքային շրջանակները՝ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Գնալը կղզիի լողաւազանի մարզակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու հովանաւորն ու պատուոյ հիւրն էր Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ։ Այս ճաշկերոյթին մթնոլորտը պայմանաւորուեցաւ Թաքսիմի տեսակէտէ կարեւոր ձեռքբերումով մը։
Մեծայարգ
Տիար Արա Գօչունեան
Խմբագրապետ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի
Իսթանպուլ, Թուրքիա
Մամուլ խմբագրել ու հրատարակելը, մանաւանդ այս օրերուն, աւելի քան հերոսութիւն է, մէկ կողմէն՝ զայն կենդանի պահելու վճռակամութեամբ, միւս կողմէն՝ զայն նկատելու անփոխարինելի խօսափող։
Ամենուր տերեւաթափ մը կայ գրաւոր կամ տպագիր խօսքին նկատմամբ։ Նահանջը ակներեւ է, թէ՛ գրիչներու, թէ՛ ընթերցողներու պարագային։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքին ապահովման՝ գոյապահպանման եւ գոյատեւմանը համար անհրաժեշտ է վստահութիւնը Նախախնամութեան նկատմամբ։ Մարդուն վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ շատ բնական է, քանի որ արարչագործութենէն ետք, Արարիչը՝ Աստուած չի լքեր Իր արարածը ինքն իր գլխուն։
«Թերեւս հին օրերուն հայերուս համար Պոլիսը կեդրոն էր, ներկայիս միայն հայկական անկիւն մըն է, սակայն, մամուլը անկիւնները կեդրոն կը փոխադրէ։ Այսպէս է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաքելութիւնը այսօր»:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի ղեկավարութիւնը շատ ջերմ վերաբերմունքով ողջունեց թերթիս 110-ամեայ տարեդարձը:
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Այս կիրակի, մեր բոլոր եկեղեցիներէ ներս պիտի տօնուի հինգ տաղաւարներու չորրորդը՝ Ս. Կոյս Մարիամի Վերափոխումը, երկինք փոխադրուիլը։
Ով՞ է Մարիամ Աստուածածին եւ ուրկէ՞ կը ճանչնանք զինք։
Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որով սկիզբ առաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ նախաձեռնուած «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ծրագրի պատասխանատու Հայկ Ենգիբարեան յայտնեց, որ այս նախագիծը ստեղծուած է նախարարութեան կողմէ անցեալի մէջ յառաջ տարուած «Արի տուն» եւ «Ամառնային դպրոց» ծրագրերու համատեղումով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Աստուածածնի երկրաւոր կեանքի վախճանը «ննջո՛ւմ» եւ ո՛չ թէ «մահ» բառով կ՚անուանուի՝ հասկնալի դարձնելու համար անոր երկինք փոխադրուած ըլլալու իրականութիւնը։ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը Հայ Եկեղեցիի հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է եւ կը տօնուի օգոստոս 15-ի մօտակայ, այսինքն՝ օգոստոս 12-էն օգոստոս 18-ի հանդիպող կիրակի օրը։
Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանէն ներս աւարտին հասան Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութեան հարցին շուրջ, զինքը ազատ արձակելու պահանջով կատարուած դիմումին քննարկումները։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բացի երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքէն, Էրտողան եւ Փութին անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Օգոստոսի առաջին կէսին անգամ մը եւս կը պատրաստուինք մեծահանդէս արարողութիւններով մեծարել Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը։ Հաւատացեալներս կը միանանք Ս. Կոյսի կեանքի խորհուրդին եւ կը փորձենք աւելի լաւ ճանչնալ «Աստուածածին» կոչումի իւրայատուկ իմաստն ու նշանակութիւնը։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայ Եկեղեցւոյ գոհար երգարանին՝ «Շարակնոց»ի սրբասուն հեղինակները շատ գեղեցիկ բառերով բնութագրած են Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր անձը, գեղեցիկ ածականներով զարդարելով Իր օրինակելի կենցաղի գեղեցկութիւնը։ Սրբազան շարականագիրներու առընթեր Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն աղօթողը՝ Նարեկայ վանքի աննման վարդապետը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին եւս գործածած սքանչելի ածականներով գեղակերտած է յուշակոթող մը, որ այսօր եւս կը սքանչացնէ ընթերցող հաւատացեալները։
Հայաստանէն Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ շաբաթէ մը ի վեր կ՚այցելէր Իսթանպուլ, այս առաւօտ հրաժեշտ առաւ քաղաքէս։ Նորին սրբազնութեան այցելութեան շարժառիթը եղած էր Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Թուրքիա-Հայաստան սահմանը ապօրինի անցնելու փորձերը վերջին շրջանին խտացած են էապէս։ News.am կայքէջի հաղորդումներով, սահմանի Հայաստանի Արտաշատ քաղաքի հատուածին մէջ վերջին կէս տարուան ընթացքին աւելի քան մէկ տասնեակ սահմանախախտներ ձերբակալուած են։
Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի պատուիրակութիւններուն բանակցութիւնները եզրափակուեցան:
Ուաշինկթըն Անգարայի հետ հարցերու լուծումը Պրանսընի վերադարձէն կախեալ կը համարէ:
Սերկէյ Լաւրով Անգարայի մէջ ելոյթ մը պիտի ունենայ դեսպաններու խորհրդաժողովին ընթացքին:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները յառաջիկայ շաբաթ բանակցութիւններ պիտի վարեն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայկական լրահոսին հետեւողներ՝ վերջին շրջաններուն պիտի նկատէին, որ մէկէ աւելի ելեկտրոնային կայքերու վրայ տեղեկութիւններ հրապարակուած են Եւրոպայի տարածքին գործող կարգ մը յանցախումբերու մասին, որոնց հիմնական գործը զեղծարարական աշխատանքներով զբաղիլն է։ Խօսքը յատկապէս կեդրոնական Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին է, որոնց արդիւնքով ալ յստակ կը դառնար, որ այդ յանցախումբերուն գործունէութիւնը յար եւ նման է մաֆիաներու գործունէութեան։
Բանկալթիի «Նոսթալժի» գրախանութ-սրճարանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ Մուրատ Էզէրի «Իսթանպուլահայերը» գիրքին շնորհանդէսը։ Սոյն ալպոմին մէջ տեղ գտած են Մուրատ Էզէրի ոսպնեակին որսացած աւելի քան հարիւր դրուագները, որոնք կը ցոլացնեն իսթանպուլահայ կեանքի զանազան երեսակները։