Արխիւ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հանդիսատեսները կը դիտեն «Արշակ Բ.»ի օփերան: Գրեթէ սփիւռքահայ են ներկաները: Օփերայի վարագոյրին բացումէն առաջ, երեք լեզուով կը յայտարարուի լուսանկարչական գործիքներու գործածութեան անթոյլատրելի ըլլալը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան «ձրի խորհուրդներ» տալու պիտակին տակ տարբեր առիթներով լսելի կը դառնան կարգ մը ձայներ, որոնք ճիշդ կը համարեն, որ Հայաստանը մասնակցութիւն բերէ Սուրիոյ պատերազմին: Նոյն «աղմուկ»ը բարձրացած էր Քեսապի դէպքերուն ընթացքին ու տակաւին տեղեկութիւններ հրապարակուած էին, որ հայ զինեալներ Քեսապ մեկնած են տեղւոյն հայերուն օգնութեան փութալու համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնական գեղեցիկ տեսարաններ մարդուս մտային եւ հոգեկան հորիզոնը կ՚ընդլայնեն, եւ կարծես միտքը աւելի արագ եւ աւելի ընդարձակ եւ անկախ կ՚աշխատի, չտեսնուածները կը տեսնէ, աներեւակայելիները կ՚երեւակայէ, անիմանալին հասկնալի կ՚ընէ եւ վրիպումներու ուշադրութիւն դարձնելով, մարդ աւելի՛ խոհուն եւ խոկուն կը դառնայ։
Ատրպատականի Ազգային առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, որ հինգշաբթի, 12 յուլիսի առաւօտեան ժամերէն հայոց պատմական Արտազ գաւառի Ս. Թադէոս առաքեալի վանքին մէջ սկսաւ տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը, որ սոյն շղթայի 64-րդն էր այս տարի:
Մեծանուն գրողի թողած աւանդը վերարժեւորելու ուղղեալ կարեւոր ծրագիր մը:
«Հրանդ Մատթէոսեան» կեդրոն-թանգարանը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ 2020 թուականը:
Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանեան ամառ 2018» եռամսեայ ձեռնարկներու ծիրին մէջ Կարապի լիճի յարակից տարածքին սկիզբ առաւ բազմաթիւ երեւանցիներու եւ զբօսաշրջիկներու կողմէ սիրուած եւ սպասուած ձմերուկի 6-րդ փառատօնը:
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Քեսապի «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէս եւ գինեձօն՝ երէցկին Սեւան Հանէշեան-Պիտուրեանի «Արեգնատենչ պորիզոններ» գիրքին:
Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ ձերբակալուեցան՝ Աֆղանիստանի քաղաքացիներէ բաղկացեալ յանցախումբի անդամներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի սահմանը հսկող Ռուսաստանի սահմանապահ զօրքերուն կողմէ ձերբակալուեցան այդ հինգ սահմանախախտները, որոնք փորձած են ապօրինի ճանապարհով ներխուժել Հայաստանի սահմանէն ներս։
Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը ջանան նախարարներու նոր հանդիպում մը կազմակերպել:
Նիկոլ Փաշինեան. «Ատրպէյճան խաղաղութեան հնարաւորութիւնը կը խաթարէ իր գործողութիւններով»:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Եւ այսպէս Յակոբ Արապեանին այսօր հրաժեշտ կու տանք։ Ոչ եւս է Գատըգիւղի ընտանիքի ամենասիրելի «Ակուլիկ»ը։ Անփոխարինելի կորուստ մըն է այս մէկը, որովհետեւ ան սիրոյ եւ զոհողութեան խորհըրդանշան մըն էր։ Իր թաղին ու շրջանակին մէջ այսքան սիրուած, այսքան համակրանքի արժանացած ուրիշ դէմք մը դժուար թէ գտնուի յաճախ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2017 թուականի յունիսին, Մուհամմէտ իշխանը պաշտօնապէս կը դառնար Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ։
Սելման թագաւոր, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը նախապատրաստէր այս «թաւշեայ» քայլը՝ կը հաւատար, որ իր թագաւորական ժամանակաշրջանը ամուր հիմերու վրայ դնելու համար անհարժեշտ են երկու կարեւոր տուեալներ.
ա- Ուժեղ գահաժառանգ
բ- Ուաշինկթընի մօտ «վստահելի» ուժական դեսպան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կեանքը վարելու, զարգացնելու մասնագիտութիւնը (լայֆ քաուչինկը) Հայաստանի մէջ նոր զարգացող ոլորտ մըն է, որ վերջին տարիներուն մուտք գործեց մեր իրականութենէն ներս, եւ այսօր Հայաստանի մէջ կարելի է տեսնել այդ ասպարէզի կայացած ուսուցիչներ, որոնք ունին իրենց հազարաւոր աշակերտները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նախորդ գրութեան մէջ խօսեցանք ծածկաբար աղօթելու մասին: Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնանք աղօթքի ժամանակ չշատախօսելու մասին եւ թէ ի՞նչ կը նշանակէ հեթանոսներու նման չշատախօսել աղօթքի ժամանակ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ես եմ որ Եմ» (ԵԼՔ. Գ 13-15)։ «Ես եմ որ Եմ», եւ կամ «Ես եմ որ Է», եւ կամ «Ես եմ ի՛նչ որ Եմ» խօսքերով Աստուած կը յայտնէ իր անունը։
Հայաստանի Բիւրեղաւանի Արուեստի դպրոցի սաներ՝ գլխաւորութեամբ իրենց առաջնորդ Վարդան Վարդանեանի եւ դպրոցի տնօրէն Նարինէ Զաքարեանի, երէկ այցելեցին Պատրիարքարան, ուր յանուն Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, ընդունուեցան լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ յետ անողոք երկարատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է Գատըգիւղի ընտանիքի շատ սիրուած դէմքերէն Յակոբ Արապեան։ Երկար ժամանակէ ի վեր անողոք հիւանդութեան հետեւանքով բժշկական հսկողութեան տակ կը գտնուէր Յակոբ Արապեան, որուն համար ի սպաս դրուած խնամքը այլեւս մնաց անբաւարար եւ ան իր աչքերը փակեց կեանքին հիւանդանոցի մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած կտրուկ փոփոխութիւններէն յետոյ, տարածքաշրջանի ընդհանուր հոլովոյթին հետեւող վերլուծաբաններուն համար խիստ կարեւոր դարձաւ իրական գնահատականներ տալ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութեանց մակարդակին։ Խնդիրն այն էր, որ յեղափոխութեան ամենաթէժ օրերուն Ռուսաստան թաքուն չպահեց իր վերապահութիւնները հանդէպ նոր վարչապետին ու յատկապէս անոր կողմէ գործի հրաւիրուած աշխատանքային կազմին։
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Իսրայէլի ժողովուրդը երկար տարիներ Եգիպտոսի մէջ գերի մնալէ ետք, Աստուած զիրենք առաջնորդեց դէպի խոստացուած երկիր՝ Քանաան։ Սոյն աշխատասիրութիւնը կը կեդրոնանայ 13 պատմական դէպքերու վրայ, որոնցմէ ոմանք ներկայացուած են մանրամասնեալ բացատրութիւններով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տկարութեան ապացոյց եւ լռելեայն խոստովանութիւն է փառք փնտռել «դիրք»ի մէջ։ Պարզ օրինակ մը՝ մեծ շէնքի մը մէջ ապրող մէկը մե՞ծ կրնայ անուանուիլ այն պատճառով, որ ան մեծ շէնքի մէջ կը բնակի։ Եւ կամ ո՞ր հոգեւոր հովիւը «մեծ» կը համարուի պարզապէս անոր համար, որ «մեծ եկեղեցի»ի մը մէջ հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցանէ։
Աշխարհահռչակ հայազգի կռփամարտիկ Վախթանք (Վիգ) Տարչինեան կը փափաքի Հայաստանի մէջ ապագային հզօրացնել կռփամարը։ Ինն անգամ աշխարհի կռփամարտի արհեստավարժ ախոյեանը Երեւանի մէջ Համօ Մոսկոֆեանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը հրատարանք ստորեւ։