Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 17, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի մէջ այս տարի բաւական կանուխ սկսած եւ երկար տեւած յուլիսեան խեղդող տապը չխանգարեց, որ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը ընթանայ իր ժամանակացոյցին համապատասխան՝ հետաքրքրական եւ վառ հիւրերով, բազմազան ձեռնարկներով, ցուցահանդէսներով, հանդիպումներով, որոնք նաեւ ամփոփեցին «Ոսկէ ծիրան»ի տանհինգ տարուան պատմութիւնը:

Երեքշաբթի, Յուլիս 17, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դուս կեան­քին մէջ, միշտ ցա­ւով հաս­տա­տուած է ան­տա­րա­կոյս ան­հաշ­տու­թեան եւ ա­տե­լու­թեան այն վատ, ա­նընկ­ճե­լի զգա­ցու­մը, որ ի­րա­րու դէմ լա­րած է մար­դիկ, բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ փո­խուած է հա­կա­ռա­կու­թեան, ըն­կե­րու­թիւն­ներ՝ մին­չեւ իսկ թշնա­մու­թեա՛ն։
Այս ե­րե­ւոյ­թին ա­մե­նէն ան­տե­սա­նե­լի, աննշան եւ անվ­նաս ե­րեւ­ցող ախ­տա­նի­շը չէ ան­շուշտ, շա­տե­րու, նոյ­նիսկ ի­րենց մայ­րե­նի լե­զուն եւ ինք­նու­թիւ­նը ու­րա­նա­լու պա­րա­գան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Տխրու­թեան, ցա­ւե­րու եւ վիշ­տե­րու հո՜վ մը կը փչէ շատ ան­գամ մար­դուս վրայ, մա­նա­ւանդ երբ ան յոգ­նած է կեան­քի դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, նե­ղու­թիւն­նե­րուն դի­մադ­րե­լու ջան­քե­րէն եւ պար­տուած՝ կեան­քի պայ­քա­րին մէջ։ 
Այս հո­վը ո՞ւր­կէ կու գայ, կա­րե­լի չէ գիտ­նալ, բայց ան կու գայ ա­նակն­կալ, չսպա­սուած եւ քիչ մըն ալ ան­բաղ­ձա­լի այ­ցե­լուի մը նման։

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018

Պէյրութի Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանէն տասնմէկ երիտասարդ արուեստագէտներու՝ Լուսինէ Աբրահամեանի, Ժորա Գասպարեանի, Գայ Ղազանչեանի, Հայկ Ղազարեանի, Ռաֆայէլ Մանուկեանի, Ռոմէօ Մելիքեանի, Սիլվա Մկրտչեանի, Արմինէ Յարութիւնեանի, Արա Շահումեանի, Պետօ Պօղոսեանի եւ Յակոբ Վարդանեանի գեղանկարներու եւ քանդակներու ցուցահանդէսի բացումը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018

Շա­բա­թա­վեր­ջի տխուր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ՝ Շի­րա­կի թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ Տ. Մի­քա­յէլ Եպսկ. Ա­ջա­պա­հեան հան­դէս ե­կաւ հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թեամ­բ։
Շուրջ եր­կու տաս­նա­մեակ Շի­րա­կի թե­մի ա­ռաջ­նոր­դի հայ­րա­կան խնամ­քը պէտք ե­ղա­ծէն ա­ւե­լի վա­յե­լած քա­նի մը ան­ձեր՝ Ար­մէն (Կո­րիւն) Ա­ռա­քե­լեան, Կա­րէն Պետ­րո­սեան, Ղա­րիպ Յա­րու­թիւ­նեան, Հայ­կա­րամ Դրմէեան, քա­ռա­սուն օր ա­ռաջ կա­մա­ւո­րա­պէս դուրս ե­կան Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ գա­ւի­թէն եւ այդ­պէս ալ չվե­րա­դար­ձան՝ հա­կա­ռակ մեր ան­թիւ յոր­դոր­նե­րուն եւ խրատ­նե­րուն։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018

Երէկ երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապատութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համացանցի վրայ ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ՝ պատասխանելով երկրի օրակարգի զանազան նիւթերու վերաբերեալ հարցումներու։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ նաեւ եկեղեցական կեանքի վերջին իրադարձութիւններուն։ Վարչապատ Փաշինեան այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ հետեւեալ մեկնաբանութիւններով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018

Շաբաթ երեկոյեան ժամերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերադառնալէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ հակիրճ խօսքով հանդէս եկաւ հաւատացեալներուն առջեւ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ծնունդ առած տխուր տագնապը շաբաթավերջին թեւակոխեց նոր հարթութիւն մը՝ պատճառ դառնալով մեծ ցասումի:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դէմ արշաւի ձեռնարկած տխրահռչակ խումբի անդամները Գնդեվանքի մօտակայքին, ուխտէ վերադարձի ճանապարհին շրջափակեցին անոր ինքնաշարժը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018

«Եւ պատրաստ ենք վրէժխնդիր ըլլալու ամէն անհնազանդութեան համար». (Բ ԿՈՐՆԹ. Ժ 6)

Սուրբ Եկեղեցին Սուրբ Հոգիով նուիրագործուած Սիրով գործող (Գաղ. Ե 6) ու առ Միակ Փրկող Աստուծոյ (Սղմ. ԽԱ 6) յուսացած հաւատաւորներու ամբողջութիւնն է, որն եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Մարմինն է (Ա Կորնթ. ԺԲ 27), իսկ գլուխը Տէրն Ինքն է (Եփես. Ե 22, Կողոս. Ա 18):

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018

ՏՔԹ. ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Հակառակ անոր, որ Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք»ը իմ շատ սիրած բանաստեղծութիւններէս մէկն է, հակառակ անոր, որ գիտաթէզիս նիւթը եղած է մեր գրականութեան նշանաւոր «Գանգատ»ին հեղինակ՝ Ֆրիկը, իմ քրիստոնէական դաստիարակութիւնս ինձ երբեք թոյլ չէ տուած, որ ես հարցում ուղղեմ Բարձրեալին նոյնիսկ կեանքի ձախողութիւններու, յուսախաբութիւններու, անհանգստութիւններու ընթացքին։ Ես մի՛շտ վստահ եղած եմ, որ Տիրոջ ծրագիրը աւելի լաւ է եւ մեծ՝ քան հասարակ մահկանացուինս։

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը Հայկազեան համալսարանէն ներս իր ստեղծումէն ի վեր իր աշխատանքի կիզակէտը դարձուցած է միջինարեւելեան երկիրներու մէջ բնակութիւն հաստատած հայ համայնքներու պատմական, ընկերային, քաղաքական, կրթական եւ մշակութային կեանքի արտացոլումն ու ուսումնասիրութիւնը:

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

2011 թուականէն ի վեր սկիզբ առած սուրիական պատերազմը իր տարբեր երեսակներով, «նրբութիւններ»ով եւ շրջանային հաւասարակշռութիւններուն առընթեր յառաջ բերած նոր մօտեցումներով՝ կը հանդիսանայ իւրօրինակ եւ աննախընթաց հիմնախնդիր մը։

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց Սարգիս Քէհեաեանի «Բարոյագիտութիւն» աշխատութիւնը։

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը Գնալը կղզիի մէջ վերջերս կազմակերպեց ճատրակի մրցաշարք մը։ «Ճաշ» ճաշարանի հետ համագործակցութեամբ եւ անոր երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Մրցաշարքին մասնակցեցաւ 31 մարզիկ։

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018

Պատրիարքական Աթոռը տեղեկացաւ, որ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շնորհաւորական նամակ մը ուղարկած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։ Մամուլի մէջ հրապարակուած լուրերու համաձայն, կը պնդուի, թէ Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը նախապէս նամակէն իրազեկ դարձուցած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի քաղաքիս մէջ հիւրընկալել արժանթինահայ «Գայիանէ» պարային համոյթը։ Այսպէս, «Գայիանէ» համոյթը դէպի Հայաստան ուղեւորութեան ճանապարհին այս շաբաթավերջին կարճ դադար մը պիտի առնէ քաղաքիս մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018

Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Եսային Ամոս մարգարէի որդին էր: Ան աստուածաշնչեան չորս մեծ մարգարէներէն առաջինն է: Այս մարգարէները այսպէս կը կոչուին ծաւալով աւելի մեծ գրքեր ունենալնուն համար, քան՝ մնացած տասներկու մարգարէները:

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փնտռելու համար», (ՄԱՏԹ. ԺԸ 11)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս, կորսուած արժէքները փնտռելու պատրաստակամութիւն, եւ կորսուածին նկատմամբ հաւատարի՛մ ըլլալ պատուիրելով։

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մայր Հայաստանէն այսօր յետմիջօրէին հասան ողբերգութեան համազօր լուրեր։ Առանց չափազանցութեան այսօր հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենացաւալի իրադարձութիւններէն մին ապրուեցաւ ազատ ու անկախ Հայաստանի հողին վրայ, հայոց ազատ ու անկախ, գերիշխան պետականութեան օրով։ Այսօր յետմիջօրէին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գերագոյն Պետը, աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդի Ընդհանրական Հայրապետը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը գերեվարուեցաւ խումբ մը անբարոյականներու կողմէ։

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Մոսկուա։ Ան երէկ մեկնեցաւ Ռուսաստանի մայրաքաղաքը։

Էջեր