Արխիւ
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Իսրայէլի ժողովուրդը երկար տարիներ Եգիպտոսի մէջ գերի մնալէ ետք, Աստուած զիրենք առաջնորդեց դէպի խոստացուած երկիր՝ Քանաան։ Սոյն աշխատասիրութիւնը կը կեդրոնանայ 13 պատմական դէպքերու վրայ, որոնցմէ ոմանք ներկայացուած են մանրամասնեալ բացատրութիւններով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տկարութեան ապացոյց եւ լռելեայն խոստովանութիւն է փառք փնտռել «դիրք»ի մէջ։ Պարզ օրինակ մը՝ մեծ շէնքի մը մէջ ապրող մէկը մե՞ծ կրնայ անուանուիլ այն պատճառով, որ ան մեծ շէնքի մէջ կը բնակի։ Եւ կամ ո՞ր հոգեւոր հովիւը «մեծ» կը համարուի պարզապէս անոր համար, որ «մեծ եկեղեցի»ի մը մէջ հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցանէ։
Ըստ Դաւիթ Տօնոյեանի, Անգարա Պաքուի գլխաւոր գործընկերն է ռազմական գործակցութեան առումով:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցին:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Մոսկուա:
Նորին Սրբութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներու հետ կը քննարկէ ձեռնարկուած ծրագիրներուն ընթացքը:
Շիշլի մարզակումբի ճատրակի կազմը վերջերս յաջողեցաւ բարձրանալ Թուրքիոյ Բ. լիկը։ Գոնիայի մէջ տեղի ունեցաւ 2018 թուականի Թուրքիոյ ճատրակի Բ. լիկի մրցաշարքը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տղաքը երէկ այցելեցին Հէյպելի։ Այս ոգեւոր պտոյտին մասնակցեցաւ նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ սկսած են Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) 100-ամեակի տօնակատարութիւնները, որոնք Բիւրականէն սկսան 110 մասնաճիւղերուն նուիրուած յուշաքանդակին բացումով եւ համաՀՄԸՄական 11-րդ ընդհանուր բանակումով: Տօնակատարութիւնները շարունակուեցան Երեւանի մէջ բազում ձեռնարկներով, 26 երկիրներէ աւելի քան 1200 սկաուտներ՝ 200 նախկին խմբապետներ, հարիւրաւոր ծնողներ, համակիրներ, հրաւիրեալներ եւ հիւրեր կ՚ոգեկոչեն պատմական այդ կառոյցին 100-ամեակը:
Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՅ պատուիրաններուն յառաջաբանը այսպէս կը սկսի. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի՝ ծառայութեան տունէն հանեցի» (Ելք 20.2):
Աստուած այս խօսքերով իր ժողովուրդը կը հրաւիրէ հնազանդելու Իր ամենաբարի կամքին եւ այս մասին երեք պատճառներ յառաջ կը բերէ.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շատեր կը կարծեն, որ լուրջ ըլլալ տխրադէմ կամ խոժոռադէմ ըլլալ կը նշանակէ։ Այս պատճառով, ուրախութիւնը տեսակ մը յանցանք նկատուած է հին ըմբռնումով, եւ լրջութեան կարեւորագոյն նշանը համարուած է յաւիտենական լալկանի տխուր դիմագծութիւն մը՝ որուն վրայէն ժպիտի հով մը իսկ չ՚անցնիր երբեք։
Ս. Գրոց ընկերութեան Միջին Արեւելքի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած քննարկումներ:
Հրայր Ճէպէճեան մասնակցութիւն կը բերէ գաղթական մանուկներու հոգեվիճակի վերականգնման որոնումներուն:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի շատ սիրուած դէմքերէն Էմմա Քիւլեկէչ կնքած է իր մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով իր սիրելիները։ Սա անժամանակ մահ մըն է, որ վրայ հասած է անողոք հիւանդութեան հետեւանքով։ Էմմա Քիւլեկէչ մեր համայնքային կեանքէն ներս շատ լայն շրջանակներու համակրանքին առարկայ դարձած անձնաւորութիւն մըն էր։
Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարութիւնը պիտի նախաձեռնէ Հայաստանի մէջ միանգամեայ օգտագործման կերպընկալի արգիլման գործընթաց: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց բնապահպանութեան նախարար Էրիկ Գրիգորեանը:
Տաւուշի մարզի Դովեղ գիւղը «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի աջակցութեամբ օժտուեցաւ ոռոգման ջուրի համակարգով:
Բնակավայրի տնամերձ հողատարածքներու ոռոգման ցանցի կառուցման համար ներդրուած է 19.5 միլիոն դրամ:
2018-ի յունուարէն մայիս ամիսներուն, Արցախ այցելած են 8654 օտար զբօսաշրջիկներ: Զբօսաշրջիկներուն թիւը 2017-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած՝ 102 տոկոս աճած է, կամ՝ 4362-ով: Զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է նաեւ առանձին ամիսներու համեմատութեամբ:
CNN Türk հեռուստակայանը շաբաթավերջին հաղորդեց, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը շատ կարեւոր որոշում մը ընդունած է՝ փոքրամասնութիւններու սրբատեղիներու պարագային։ Այսպէս, Ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կողմէ տնօրինուած եկեղեցիներու եւ սինակոկներու պարագային պիտի ձեռնարկէ կարեւոր կարգադրութեան մը։
Սփիւռքահայ կրթօճախներու ցանցի ընդհանուր տկարացման առումով ահազանգ:
«Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» Ամմանի միակ հայկական վարժարանի փակուելու համար որոշում:
ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսաւոր բանակումը եզրափակուեցաւ:
Երեւանի հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ելոյթ մը ունեցաւ:
Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հանդիպում մը ունեցան Էլիզէի պալատի երդիքին տակ:
Մաքրոն եւ Ալիեւ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:
Գրեց՝ ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ
Յունիս 22-էն 24 Երեւանի մէջ գումարուեցաւ «Հայաստան 2018 - Իրողութիւն եւ հեռանկարներ» գիտաժողովը, որուն կիզակէտն էր Հայաստանի իսկական ներկայի վերլուծումը՝ զեկոյցներու եւ վիճարկումներու ընդմէջէն։ Գիտաժողովը կազմակերպեցին եւ վարեցին Աշոտ Ոսկանեան (փիլիսոփայութեան տոքթոր) եւ Սիրանոյշ Դվոյեան (գրականութեան տոքթոր)։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Երբ մրցոյթ ըսենք, մենք կը հասկնանք արտասանական, շարադրութեան, ընդհանուր զարգացման եւ մարզախաղերու յատուկ մրցումներ, որոնք յաճախ տեղի կ՚ունենան դպրոցներու եւ միութիւններու մէջ։
Ամերիկայի մէջ, սակայն, բազմաթիւ այլ մրցումներ կը կազմակերպուին, որոնք մտամարզանքի կամ մարմնամարզանքի ծիրէն դուրս կը մնան եւ կարելի չէ բնորոշել երբեք անոնց հետապնդած նպատակը։