Արխիւ

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօրուան ընկերութեան մէջ արժէքներու, սկզբունքներու ու գաղափարներու մասին խօսիլը՝ հոգեւոր, ազգային, մշակութային, երկրոդական ու ոչ-կարեւոր դարձած է, եւ ընդհանրապէս՝ անցնող տասնամեակներու «արժէքներ» կը համարուին։

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բարձրութիւնը, կ՚ըսեն, կը ջնջէ սահմանագծերը։ Ցանկապատեր, տախտակորմներ, քարաշէն պատեր կամ ուրիշ նշաններ, զորս մարդիկ կը դնեն իրենց սեփական հողերը կամ ստացուածքները զատելու եւ պահպանելու համար, բարձրութեան վրայ բոլորովին անտեսանելի կը դառնան, կը կորսնցնեն իրենց հանգամանքը։

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018

Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի 2017-2018 շրջանի աւարտական խանդավառ խաղը:
«Գանձասար-Կապան» առաջին անգամ դարձաւ բաժակատէր՝ դժուարին յաղթանակէ մը վերջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Նախիջեւանի հրթիռները կրնան ոչնչացնել թշնամի որեւէ ռազմական թիրախ։

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018

Ժողովրդավարական հաստատութիւններու բարեփոխումներու օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին:
Եւրոպական զանազան երկիրներու ղեկավարներ շնորհաւորական պատգամներ կ՚ուղարկեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018

Թուրքիոյ հետ լարուած յարաբերութիւններու մթնոլորտին մէջ Իսրայէլ դարձեալ յիշեց հայկական հարցը:
Քնեսեթէ ներս շրջանառութեան մէջ մտան բանաձեւեր, որոնք կը նախատեսեն հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Պետրոս Դուրեանի բանաստեղծութիւններէն բաղկացեալ ժողովածոյ մը, որ կը կոչուի «Աստղերու հեղեղ»։

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային 14-րդ ճատրակի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Եռօրեայ մրցաշարքը եզրափակուեցաւ պարգեւաբաշխման արարողութիւնով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018

Հանրապետութեան նախագահը երէկ Պաքհինկամի պալատին մէջ ընդունուեցաւ Անգլիոյ թագուհիին կողմէ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Թերեզա Մէյի հետ տեսակցութեան ընթացքին կանգ առաւ Պաղեստինի խնդրին վրայ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունուեցաւ Մեհմէտ Էօզհասեքիի կողմէ:
Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը պիտի վերանորոգէ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին:

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին ձօնուած գիտաժողով մը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018

Պէզճեան Մայր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտներուն համար վերջերս վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ տարեվերջի պտոյտ մը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս մասնակցութիւն բերին շարք մը միջվարժարանային ձեռնարկներու։ Neslin Değişen Sesi վարժարանին կողմէ կազմակերպուած մտախաղերու ծիրէն ներս դպրոցի ներկայացուցիչ խումբը հանդիսացաւ առաջին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018

Էսաեան լիսէի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային անգլերէն բառախաղի մրցոյթը, որ 12-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Մրցոյթին մասնակցութիւն բերին մեր համայնքէն 11 միջնակարգ եւ 5 լիսէ, ինչպէս նաեւ յոյն համայնքէն երեք վարժարան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018

Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ վաղը նախատեսուած է յատկանշական ձեռնարկ մը:
Արշակ Բ.-ի կերպարը պիտի մարմնաւորէ յայտնի մենակատար Բարսեղ Թումանեան:

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018

Աշխատասիրեց՝  ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

- Ի՞նչ է Ս. Պատարագը։
- Սուրբ Պատարագը խորհուրդն է Ս. Հաղորդութեան։ Ան Վերջին ընթրիքին եւ Գողգոթայի խաչին վրայ Քրիստոսի կատարած զոհին յիշատակումն է։

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ եթէ «յաջողութիւն»ը նպատակ մըն է, ապա ուրեմն իմաստութիւնը եւ հեռատեսութիւնն ալ անոր անհրաժեշտ եւ անմիջական ազդակներն են։

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը նախատեսեն յառաջիկայ ամիս հանդիպիլ Հայաստանի նոր ղեկավարութեան հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ հանդիպում մը ունեցան Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը, որով նախագահի խորհրդական նշանակուեցաւ Շահէն Աւագեան։

Էջեր