Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 14, 2018

Շաբաթավերջին Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանգուցեալ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի պարգեւաբաշխման արարողութիւնը։

Երկուշաբթի, Մայիս 14, 2018

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Ապրիլ ամիսը հայ ժողովուրդին համար եղած է տագնապի, դժբախտութեան, կեղեքումի ամիս մը, սակայն ան միաժամանակ վերազարթօնքի, յարութեան եւ գօտեպնդման ամիս է։ 2016 թուականի Ապրիլի քառօրեայ պատերազմը դժբախտացուց բազմաթիւ հայերու օճախները՝ հարիւրէ աւելի զոհեր խլելով եւ շուրջ երկու հարիւր երիտասարդներ հաշմանդամ դարձնելով։

Երկուշաբթի, Մայիս 14, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Խստաշունչ եւ մռայլ ձմեռուան մը տիրապետութենէն ազատագրուած՝ գարունի արեւոտ եւ հաճելի՜ օր մը վայելել ո՜րքան կը փոխէ մարդուս ընդհանուր տրամադրութիւնը։ Տակաւին գրեթէ ձմեռուան ազդեցութենէն բոլորովին չփրկուած այս օրերուն, ամառուան եղանակի յատուկ զբօսանքը, ամէն մարդու վրայ սփոփարար տպաւորութիւն մը կը թողու բնականաբար։

Երկուշաբթի, Մայիս 14, 2018

Հայաստանի նորանշանակ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան այս առաւօտ պաշտօնապէս ձեռնարկեց աշխատանքի։ Տարիքով բաւական երիտասարդ Մխիթար Հայրապետեան դիմաւորուեցաւ նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանի կողմէ։

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն շուրջ։ Այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, որու խօսքերը արձագանգ գտան նաեւ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018

Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ Երկուշաբթի Վլատիմիր Փութինի կողմէ պիտի հիւրընկալուի Սոչիի մէջ:
Ըստ Stratfor-ի վերլուծական կեդրոնին, Ռուսաստան առաւելապէս շահագրգռուած է Հայաստանի կայունութեամբ:

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին սկիզ­բէն ե­ւեթ տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ ե­ղան այն մա­սին, թէ «Ա­րեւմ­տեան պլոք»ը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, պի­տի հա­ր-ւա­ծէ Սու­րիան: 
Ռու­սաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն ու յատ­կա­պէս օ­դու­ժին կող­մէ ձեռ­նար­կը-ւած քայ­լե­րուն շնոր­հիւ Սու­րիան կը մտնէր նոր փուլ:

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան հանդէս մը։ Մանկապարտէզի փոքրիկներուն կողմէ պատրաստուած յայտագիրը մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ դպրոցէն ներս։

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018

Տատեան վարժարանի ընտանիքը վերջին օրերուն ընդունեց Երեւանէն խումբ մը հիւրեր։ Այսպէս, տատեանցիները հիւրը եղան Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրէն ներկայացուցիչներ։

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմը երէկ հաստատութեան համակիր տիկիններուն համար կազմակերպեց նախաճաշի հաւաքոյթ մը։ Ֆլորիայի «Ուլուտաղ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ կանանց հաւաքոյթը, որ կազմակերպուած էր Մայրերու օրուան նախօրեակին։

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յի­նանց 7-րդ Կի­րա­կին կը կո­չուի «Երկ­րորդ Կի­րա­կի», պար­զա­պէս այն պատ­ճա­ռով, թէ՝ օ­րուան Ճա­շու Ա­ւե­տա­րա­նը Յի­սու­սի Ե­րու­սա­ղէմ յաղ­թա­կան մուտ­քի մա­սին է, ինչ­պէս կը վկա­յէ Յով­հան­նէս Ա­ւե­տա­րա­նիչ. (ՅՈՎՀ. ԺԲ 12-23)։­
Ըստ ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րա­ցոյ­ցին, «Երկ­րորդ Կի­րա­կի»ն, այս տա­րի կը հան­դի­պի 13 Մա­յիս Կի­րա­կի օ­րուան։

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018

Ուսումնասիրեց՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Երբ Պետրոս Կաթողիկոս Ձորովանքէն Անի կը վերադառնար, հրաման կը տրուի, որ ձերբակալեն զինք՝ իբրեւ կասկածելի մէկը յունական կայսրութեան ծառայող։ Այդ ժամանակ աթոռը պարապ չթողելու համար, Սանահին վանքի վանահայր Դէոսկորոսը կաթողիկոս կ՚օծուի։

Ուրբաթ, Մայիս 11, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Այս տեսակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ միջազգային համաձայնութենէն Ուաշինկթընի դուրս գալով ստեղծուած իրավիճակը եւ տարածքաշրջանի ընդհանուր կացութիւնը։

Ուրբաթ, Մայիս 11, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Համբարձման տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց  Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ 

Ուրբաթ, Մայիս 11, 2018

Հայաստանի կառավարութիւնը այս առաւօտ առաջին նիստը գումարեց նոր վարչապետի գլխաւորութեամբ
Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընելու մասին - Նոր նշանակումները օրակարգի վրայ

Ուրբաթ, Մայիս 11, 2018

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ըրած է տեղին կարգադրութիւն մը։ Հաստատութեան համալիրէն ներս երէկ պաշտօնապէս բացուեցաւ նոր բաժանմունք մը, որ ձօնուած է հոգաբարձութեան նախկին ատենապետներէն Փիլօ Աթանի յիշատակին ու վերանուանուած՝ համապատասխանաբար։

Ուրբաթ, Մայիս 11, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Պատշ­գա­միս թա­ղա­րի վար­դա­տուն­կին վրայ այ­սօր բա­ցո­ւե­ցաւ գի­նե­գոյն թաւ­շեայ վարդս, քա­ղե­ցի զայն որ­պէս ա­ռա­ջի­նը այ­սօ­րո­ւան մտադ­րու­թեանս: 
Զգլխիչ է կլի­ման, ոչ տաք, ոչ պաղ: 

Ուրբաթ, Մայիս 11, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քննադատութիւն՝ բան մը, որ անպակաս է մարդկային կեանքին մէջ, մանաւանդ ընկերային-հաւաքական կեանքին մէջ, եւ չկայ օր մը, որ մարդ չքննադատէ ուրիշ մը եւ չքննադատուի ուրիշի մը կողմէ։ Բնական է ասիկա, քանի որ քննադատութիւնը ընկերային յառաջդիմութեան կարեւոր ազդակներէն մին է։

Ուրբաթ, Մայիս 11, 2018

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 186-րդ տարեդարձը նշուեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն հանդիսութիւններով ու աւանդական շուքով։
Խանդավառ արարողութիւններուն նախագահեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ՝ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութեան ջանքերով արձանագրուած ոստումին մասին։
Գթութեան յարկի համալիրէն ներս անմահացաւ երախտաշատ ու անմոռանալի անունի մը՝ հոգելոյս Փիլօ Աթանի յիշատակը եւ իր 20-ամեայ վաստակը կը յաւերժանայ նոր բաժանմունքով մը։

Էջեր