Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարանը կը վկայէ, թէ աշակերտները զարմացած կը նայէին երկինք, կ՚ուզէին հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս համբարձաւ Քրիստոս։ Եւ հարց մը կը գոյանար իրենց մէջ. «Ինչո՞ւ պէտք էր, որ համբառնար Քրիստոս, քանի որ Անոր հետ ըլլալ, Անոր հետ ապրիլ մեզի համար հանգիստ եւ ապահով էր. ապա ուրեմն ինչո՞ւ Ան համբառնալու պարտաւորուեցաւ…»։
Հովանաւորութեամբ Քուէյթի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, Քուէյթի «Ալ Պապթին» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարեկամութեան գոյները» խորագրով ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 100-ամեակին։ Այս ձեռնարկին կազմակերպման համար համագործակցեցան Հայաստանի դեսպանութիւնը, Քուէյթի Ազգային վարժարանը եւ «Ալ Պապթին» գրադարանը:
Ամերիկահայ գործարար, միլիառատէր, բարերար, «Թրասինտա Քորփորէյշըն»ի գործադիր տնօրէն, Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի մասին պատմող «Խաղացողը» գիրքը կը թարգմանուի հայերէնի:
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչէք դարձաւ հանրապետութեան նախագահի թեկնածու։ Ան յաղթահարեց նուազագոյն 100 հազար ստորագրութիւններու պատնէշը։
Միացեալ թագաւորութեան արքայազն Չարլզ կը պատրաստուի մասնակցիլ Իսրայէլի պետութեան հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւններուն, որոնք նախատեսուած են Լոնտոնի դեսպանատան մէջ։
Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման հետամուտ Աստանայի համաձայնութիւններու ծիրէն ներս, Թուրք զինեալ ուժերը տասներորդ դիտարկման կէտը ստեղեցին Իտլիպի մէջ։ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ գոյացած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ՝ Սուրիայէ ներս ստեղծուած են գօտիներ, որոնք կը պահուին բախումներէ զերծ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի քայլերը քաոսի կը տանին ամբողջ աշխարհը։ Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութենէն Ուաշինկթընի դուրս գալը պատճառ դարձած է խոր մտահոգութեան։
Ամերիկահայ յայտնի քաղաքական գործիչ Ճորճ Տէօքմէճեան կնքեց իր մահկանացուն։ Անցեալի մէջ Տէօքմէճեան եղած էր հայաշատ Գալիֆորնիոյ նահանգապետը եւ այդ պաշտօնավարութեան տարիներուն մարմնաւորած կերպարով դարձած էր անմոռանալի՝ ամերիկեան քաղաքական կեանքէ ներս։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Մուհարրէմ Ինճէի հետ։
Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարի երդիքին տակ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Արեւելեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըքեան ստացաւ իր ասան՝ ձեռամբ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի: Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան յանձնեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նոր վարչապետը երէկ անդրանիկ մամլոյ ասուլիսը սարքեց Ստեփանակերտի մէջ, ուր տուաւ առաջին այցը:
Նիկոլ Փաշինեան. «Փոխզիջումներու մասին կարելի է խօսիլ՝ երբ Պաքուն ըսէ, որ պատրաստ է ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգէն Սան Խոսէի պետական համալսարանի պատուիրակութիւնը։ Խումբի գլուխը կը գտնուէր համալսարանի վերատեսուչ Մարի Փափազեան։
Շիշլի մարզակումբը վերջերս ճատրակի մէջ ունեցած է շարք մը կարեւոր յաջողութիւններ։ 2017-2018 շրջանի Իսթանպուլի փոքրերու եւ աստղերու մրցաշարքերուն մէջ շիշլիցիները դասուած են դափնեկիրներու շարքին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի համար քաղաքական իրարանցումի եւ փոփոխութիւններու վերջին օրերուն աննկատ մնաց մշակութային կարեւոր իրադարձութիւն մը՝ այդ օրերուն Հայաստանը փայլուն կերպով ներկայացաւ Մալթայի Միջազգային երաժշտական փառատօնին:
Գրաբարէն աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մայիս ամիսը քրիստոնեայ աշխարհին համար յատկանշական է անով, որ այս ամիսը ան նուիրած է Ս. Մարիամ Աստուածածինին: Սխալ կարծիք կայ այն մասին, թէ Կաթոլիկ Եկեղեցին շատ աւելի մեծ կերպով յարգանք կը տածէ Մայրիկ Աստուածածինին նկատմամբ, քան միւս եկեղեցիները:
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ժողովը գումարուած է 720 թուին, Յովհաննէս Գ. Օձնեցի Կաթողիկոսի օրով ու նախագահութեամբ։ Հիմնական երկու նպատակ հետապնդած է.
Նախ վերջնական ձեւ տուած է եւ վաւերացնելով ընդունած է Յովհաննէս Կաթողիկոսի կազմած «Կանոնագիրք»ը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լրջամիտ մարդոց համար, որոնք իրենց ամբողջ խորհուրդը կը չարչրկեն՝ գիրքի մը կամ գրողի մը իսկական հանգամանքը, եւ ստանձնած կոչումը եւ դերը ցուցադրելու կամ հրապարակելու համար, գնահատումը, իրապէ՛ս շատ դժուարին գործ մը կը հանդիսանայ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ կ՚ապրուի մեծ եռուզեռ: Մայիս ամսուան ընթացքին վարժարանի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենան զանազան ձեռնարկներ. ինչպէս՝ տօնակատարութիւններ, հանդէսներ, փառատօններ:
Երէկ, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Ատենապետ Կարապետ Մխալեան եւ իր վարչային ընկերները բացատրութիւններ տուին իրենց կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։
Ընդհանուր փոխանորդը Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ խօսեցաւ պատրիարքական առկախեալ ընտրութիւնով պայմանաւորուած համայնքային փակուղիին մասին։
Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան. «Ես բոլորէն աւելի կ՚ուզեմ, որ ժամ առաջ ընտրուի նոր պատրիարք մը, որովհետեւ ամէն օր կը լսեմ անարգանքներ»։
Նորին սրբազնութիւնը անդրադարձաւ Պէյքոզի հարցին. «Այժմ աւելի մեծ կոյուղիի հոտեր կու գան, ապացոյցները հաւաքելու սկսած ենք՝ երբ որ ժամանակը գայ, պիտի հրապարակենք»։