Արխիւ
«Մխիթարը եւ մխիթարեանները. Քրիստոնէական լուսաւորութեան դպրանոցը» միջազգային հաւաքոյթ:
Մայր Աթոռէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան եւ Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան հանդէս եկան զեկուցումներով:
Թաքսիմ մարզակումբի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շահեկան համերգ մը։ Շիշլիի քաղաքապետարանի առընթեր գործող Շիշլիի քաղաքային խորհուրդի հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած էր այս համերգը։
Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ միջվարժարանային գիտական փառատօն մը, որ 14-րդն է իր տեսակին մէջ։ Մեր համայնքային միջնակարգերէն աշակերտական խումբեր այս գիտական փառատօնին մասնակցութիւն բերին՝ զանազան ծրագրերով։
Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի երէկուան շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Այս առթիւ զանազան սերունդներէ սահակեանցիներ համախմբուելով առիթ հանդիսացան՝ տօնական մթնոլորտի մը ստեղծուելուն։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ՝ շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքին առթիւ։ Աւանդական խաւիծի օրը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի այս տարի եւս զանազան սերունդներէ մխիթարեանցիներ համախմբուին իրենց դպրոցի երդիքին տակ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան վաղը երեկոյեան ելոյթ մը պիտի ունենայ Ֆէրիգիւղի մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը մեր համայնքի անդամներու հարցումներուն պիտի պատասխանէ՝ թրքահայ կեանքի զանազան նիւթերուն շուրջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, լոյս ընծայեց «Արարատ» ամսագրի ժառանգութիւնը ընդգրկող քարոզգիրքի երկրորդ հատորը։ Այս վերջինը նուիրուած է «Արարատ»ի հրատարակութեան 150-ամեայ յոբելեանին։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը իբրեւ հոգեւոր դարբնոց, մարդակերտումի եւ հոգեկերտումի բնօրրան, երկար տարիներ շարունակ թրծած է անհամար սերունդներ, որոնք ծառայած են մեր ազգին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ կան «երրորդութիւն»ներ, որոնք կեանքին մակարդակը կը բարձրացնեն եւ մարդս կ՚առաջնորդեն կատարելութեան, որուն կոչուած է իր արարչութենէն իսկ։
Երէկ, մեր համայնքէն ներս տեղի ունեցան երկու եզակի համերգներ։ Մեծն Կոմիտաս վարդապետին ձօնուած նուագահանդէսները արժանացան անմիջական հետաքրքրութեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Պատգամաւորական ժողովը երէկ նոր թեմակալ առաջնորդ ընտրեց Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆինտիքեանը, որ պիտի յաջորդէ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց Սարվէն Սերթշիմշէքի կողմէ:
Պատրիարքարանը հետամուտ է գործնական լուծումներ գտնել՝ ընտրացուցակներու կատարելագործման համար:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին դպրոցի Մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, սանուց միութեան պատուոյ նախագահ Թագուհի Մաթաթեան, ինչպէս նաեւ տիկնանց կազմէն Անի Քարաքելլէ եւ Մանիշակ Ույկունօղլու։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները վերջին օրերուն այցելեցին Այվալըք եւ Ճունտա կղզի։ Խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, որու կողքին էին ուսուցչական կազմէն Երանուհի Պալճը եւ Անիլտա Մենեքշէ։
Երէկ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի խրախճանք մը։ Միջվարժարանային այս ձեռնարկին մասնակցեցան իւրաքանչիւր համայնքային դպրոցէ երեքական սաներ։
Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կողմէ նախաձեռնութիւն:
Գահիրէի մէջ մասնագէտներու կողմէ խոշորացոյցի տակ առնուեցան Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեք շաբաթ Հայաստանը լարումի մէջ պահած քաղաքական-քաղաքացիական շարժումը ուշադրութեան կեդրոն կը դառնար նաեւ միջազգային լրատուամիջոցներուն:
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կոչուած է նաեւ Սրբոյն Գրիգորի ժողով, Դուինի Ս. Գրիգորի Կաթողիկէին մէջ գումարուած ըլլալուն համար։ Գումարուած է 554 թուին Մարտ 29-ին, Ներսէս Բ. Բագրեւանդացի Կաթողիկոսի օրով, «ընդդէմ քաղկեդոնականներու», ինչպէս նաեւ նեստորականներու գտած համարձակութեան առաջքը առնելու համար
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեմն «հին էջեր» թղթատել, անբացատրելի գոհունակութեան պատճառ կը դառնայ՝ նախ մարդ կրնայ բաղդատել հինը եւ նորը, անցեալը եւ ներկան, յետոյ կերպով մը ինքզինք կը ճանչնայ եւ ամենէն կարեւորը՝ իր երախտապարտութեան տուրքը կը վճարէ մասամբ, իր անցեալի երախտաւորներուն հանդէպ։ Այս իմաստով օգտակար է, նոյնիսկ անհրաժե՛շտ յիշել՝ անցեալը, անցեալի իրադարձութիւնները, դէմքերը եւ հաստատութիւնները։
Հայկական մարզական աշխարհը այս օրերուն կը տօնախմբէ Ռուսաստանի մէջ կազմակերպուած Եւրոպայի ըմբշամարտի առաջնութեան ծիրէն ներս հայ մարզիկներու ապահոված փայլուն արդիւնքը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջին օրերուն ոսկէ մետայլներ նուաճեցին Արթուր Ալեքսանեան եւ Մաքսիմ Մանուկեան։