Արխիւ
Կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ ներկայիս կ՚ապրուին կարեւոր իրադարձութիւններ։ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան Նախագահ Մուսթաֆա Աքընճը եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիս միջոցէ մը ի վեր արդէն կը ծաւալէին խտացեալ աշխատանք։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը ունեցած է ծանր կորուստ մը։ Այսպէս, հաստատութեան առաջին շրջանաւարտներէն Վահրիճ Չափարեան կնքած է իր մահկանացուն՝ խոր ցաւ պատճառելով թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ համայն դպրեվանքցիներուն։
ԲԱԳՐԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ՊԵՐՃԷՔԵԱՆ
Աշխարհ կը տառապի իրերամերժ գաղափարախօսութիւններէ։
Կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր Արեւելքն ու Արեւմուտքը դարերով չկարողացան հասկնալ զիրար։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս խօսակցութիւնը, որու ընթացքին նախարարները կանգ առին Սուրիոյ ճգնաժամին վրայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գումգաբուի տաղաւարի ընդունելութեան եւ VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին յստակեցան թրքահայ համայնքի 2017 թուականի առաջնահերթութիւնները:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս շրջանին կը փոխանցեն դրական պատգամներ, ինչ որ կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ ապագայ իրադարձութիւններու պարագային համախոհութիւն մը կամ փոխըմբռնում մը գոյացած է անոնց միջեւ:
«Փորթագալ» գեղարուեստի տունը Թուրքիոյ մէջ պիտի իրականացնէ առաջին լուռ աճուրդը:
Ամսթերտամէն Իսթանպուլ բերուած ընտիր նմոյշները պիտի հարստացնեն նոր տէրերու հաւաքածոները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի մարզի Բերդի տարածքաշրջանի համայնքներու նահատակեալ զինուորներու ընտանիքները։ Խումբը գլխաւորեց Տաւուշի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան, որու կողքին էին Բերդի տարածքաշրջանի հոգեւոր հովիւները։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Երբ դեռ ազգի վերականգնման եւ միացման մասին հայրենասէրի միամտութեամբ կը խօսինք, կը բախինք թեւաթափ ընող միտքերու եւ կեցուածքներու:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ղօղանջն է, որ կը լսուի ու թաղ-թաղ, տուն-տուն, շրջան-շրջան, աւերակ-աւերակ կը տարածուի, կը սփռուի: Մութ ու դիւային շրջաններուն մէջ լոյս մ՚է, յոյս մ՚է, որ կը տարածէ ան:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի մարզի Բերդ աւանին մէջ ծնած, մեծցած, ապա Մոսկուա տեղափոխուած, այսօր հռչակ վայելող գրող՝ Նարինէ Աբգարեանը յաճախ կ՚անուանեն «ռուսական գրականութեան հայկական բոյրը»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը խօսինք ծերութեան մասին, կը վերյիշենք Կիկերոնի «Քաթօ Մայեօր»ը՝ որ հաւանաբար գրած է Ք. Ա. 44 թուականին, երբ 62 տարեկան էր։ Հեղինակը իր այս ամփոփ հեղինակութեան մէջ կ՚ուսումնասիրէ «ծերութիւն»ը եւ այս առթիւ, երիտասարդներու ալ յանձնարարութիւններ կ՚ընէ։
Ռուսաստանի «Կազփրոմ» ընկերութեան եւ Վրաստանի կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ դէպի Հայաստան բնական կազի տարանցման պայմաններուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըստ այդ համաձայնութեան, անհրաժեշտութեան պարագային Վրաստան Ռուսաստանէն կազ պիտի ստանայ 1000 խորանարդ մեթրի փոխարէն ոչ թէ 215, այլ 185 ամերիկեան տոլար սակագինով։
Հայաստանի վարչապետը հանդիպում ունեցաւ Երեւանի մօտ Իրանի, Թիւրքմենիստանի դեսպաններուն հետ:
Կարէն Կարապետեան կը նախատեսէ եռակողմանի ձեւաչափով զարկ տալ ուժանիւթի ոլորտէն ներս գործակցութեան:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 2016 թուականին իրականացուցած է հանրային կարծիքի հետազօտութիւն մը՝ պարզելու համար «Աւրորա» մրցանակի, հայերու եւ Հայաստանի մասին աշխարհի իրազեկութեան մակարդակը:
Յունուարի 14-ին, Երեանի Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, չինական Նոր տարուան առիթով, տեղի պիտի ունենայ Կանսիւ նահանգի երգի-պարի համոյթի «Մետաքսի ճանապարհ եւ ծաղիկներու անձրեւ» խորագրով համերգը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ «Արմէնփրէս» գործակալութեան համար մեկնաբանեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կատարուած վերջին համատեղ յայտարարութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մինսքեան խմբակի համանախագահները նախընթաց օր համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած էին Դեկտեմբերի 29-ին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած բախումներուն կապակցութեամբ։
Կազիանթէպի մէջ երէկ կանխուեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը։ Դէպքը պատահեցաւ քաղաքի Անվտանգութեան տնօրէնութեան մերձակայքին։
Թուրքիոյ եւ Վրաստանի յարաբերութիւնները կը զարգանան փոխադարձ շահերու հիման վրայ:
Նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական Աթոռի հաւաքածոյէն անհետացած իւղանկարի հարցին շուրջ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցները վերջին օրերուն արձագանգ կը հանդիսանան նոր իրադարձութիւններու, ինչ որ ցաւով ու որոշ չափով ալ ընդվզումով կ՚ընկալուի Գումգաբուի շրջանակներուն կողմէ:
Քննչական կոմիտէն մասնագիտական եզրակացութիւններու հիման վրայ որոշած է կարճել հետաքննութիւնը եւ դիմանկարը վերադարձնել նոր «տիրոջ»:
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան եկեղեցւոյ բարերարներ Ֆէսճեան, Սէրթշիմշէք, Չոլաքեան եւ Մեծարեան ընտանիքներու անդամները։ Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն, ներկայ եղան կոկիկ թիւով հաւատացեալներ։