Արխիւ
Իսթանպուլահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն նոր տարուայ աւանդական հաւաքը՝ Գումգաբուի մէջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդէս եկան շնորհաւորական խօսքերով ու մաղթեցին, որ 2017-ին ամէնուրեք տիրէ խաղաղութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս, իր առաքելական կեանքի ընթացքին բազմաթիւ հրաշքներ գործեց։ Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Յովհաննէս Աւետարանիչ, Աւետարաններու մէջ արձանագրուածները միա՛յն մէկ մասն են անոնց, բայց տակաւին Յիսուս շա՜տ բաներ կատարեց, որոնք եթէ մէկ առ մէկ գրուէին՝ ամբողջ աշխարհն ալ բաւական պիտի չըլլար պարփակելու այդ գրութիւնները (ՅՈՎՀ. ԻԱ 25)։
2017 թուականին Իտալիա պիտի ստանձնէ Մեծ եօթնեակի՝ G-7-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը։
«Աշխարհի բնակչութեան երկու երրորդը 2030 թուականին պիտի ապրի քաղաքներու մէջ»:
Քաղաքաշինութեան գործընթացը հնարաւորութիւններ կրնայ ընձեռել կայուն զարգացման հասնելու առումով:
Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը երկարաձգուեցաւ եւս երեք ամիսով։
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն Ֆրանք Էնկէլ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պէտք է ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի հետ ուղիղ բանակցութիւններու անցնելու անհրաժեշտութիւնը։
Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ 2017 թուականի կէսերուն Հայաստանի մէջ հաստատել 25 միլիոն եւրօ դրամագլուխով ներդրումային հիմնադրամ մը։ Այդ դրամագլուխին 15 միլիոն եւրոն պիտի յատկացուի Եւրոմիութեան կողմէ։
ԹՈՐԳՈՄ ՔՀՆՅ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ
Հալէ՜պ…: Ո՛չ միայն անուն, այլ անցեալ, կեանք, կազմաւորում ու երազ:
Հալէ՜պ…: Միթէ՞ կարելի է քեզ մոռնալ: Ահաւասիկ, մեր բաժանումը իր եօթներորդ տարին թեւակոխեց, բայց անընդհատ քու մասիդ կը մտածեմ:
ԹԱԳՈՒՀԻ ԱԹՈՔԵԱՆ
Ընդհանրապէս ուրախ մթնոլորտի մէջ չենք զգար, թէ ինչպէս կը սահին ժամերը: Յաճախ ժամանակը կը հասնի իր աւարտին եւ մենք տակաւ կ՚ուզենք շարունակել մեր հաճելի ժամանցը եւ չենք ուզեր բաժնուիլ այդ ուրախ մթնոլորտէն. իսկ ընդհակառակը վշտալի եւ տառապալից օրերը կ՚երկարի՜ն եւ կ’երկարի՜ն այնքան՝ որքան ամենակարճ ժամանակամիջոցը մեր աչքին կը վերածուի ամիսներու, տարիի: Եւ ահա այդ վիշտը մարդուն մէջ կը գերազանցուի, կը մեծնայ, հոգին կը կրծէ, սիրտը կը հալեցնէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2016 թուականի ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին կարեւոր շեշտով կ՚անդրադառնար Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն: Փութին իր խօսքին մէջ կը շեշտէր, որ իրենց համար հիմնական նպատակը Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերահաստատումն է:
Թուրքիա վճռած է անձնատուր չըլլալ ահաբեկչութեան, աննախընթաց միասնականութեամբ:
Օրթագիւղի պայթումին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ԻՇԻՊ, ահաբեկչի ինքնութիւնը պարզուեցաւ:
ՍՏԵՓԱՆ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
ամը նոր է այսօր
աման ամ աման
բարի եկար մաքուր եկար
գիտեմ որ նորութեանդ
դուն իսկ չես հաւատար
ՎԻԼՀԵԼՄ ՊՈՒՇ
Բախտը, համաձայն իր իմաստին,
Լաւը նըւիրել կ՚ուզէ քեզի։
Շնորհակալ եղիր, ընդունէ զայն,
Առանց երկար մըտահոգութեան։
Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնակատարութիւն իւրայատուկ վայելչութեամբ:
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ ոգեւոր հանդէս մը։ Տղաքը՝ ուսուցչուհիներուն վերահսկողութեամբ պատրաստուած էին իրենց տեսակէտէ իսկապէս շատ զուարճալի այս ձեռնարկին։
Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ, երէկ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեմուտի աւանդական մանկանց խրախճանքը։ Համայնքային վարժարաններու աշակերտներուն համար նախատեսուած այս խրախճանքին ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ տղաքը հանդէս եկան ելոյթներով, ունեցան հաճելի ժամանց ու մանաւանդ նուէրներ ստացան Կաղանդ պապուկին ձեռամբ։
Ճրագալոյց Ս. Ծննդեան Յունուար 5
Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն Յունուար 6
Անուանակոչութիւն Յիսուսի Քրիստոսի Յունուար 13
Ծնունդ Ս. Յովհաննու Կարապետի Յունուար 14
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի մէջ ընդունուած է Նոր Տարին՝ Ամանորը կոչել նաեւ «Կաղանդ»։
Ըստ Հրաչեայ Աճառեանի «կաղանդ» բառը փոխառեալ է լատիներէնէ՝ «calendea», այսինքն «ամսամուտ» բառէն, որ ծագած է «calo»՝ «կոչել» կանչել բայէն։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան, որ Անգլիոյ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի մարզաշապիկով հանդէս կու գայ այս տարի, դասուած է տարուան հարիւր լաւագոյն խաղացողներու շարքին։ Fourfourtwo-ի կողմէ կազմուած ցուցակի 60-րդ հորիզոնականին վրայ տեղ զբաղեցուցած է Հենրիխ Մխիթարեան, որ ներկայ եղանակի սկիզբին 42 միլիոն եւրօ փոխարժէքով փոխանցուած էր «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կողմէ։
ՄԱԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէժ Ամանորի առթիւ հրապարակեց պատգամ մը, որու մէջ խաղաղութիւնը ընդգծեց որպէս առաջնահերթութիւն՝ 2017 թուականին համար։ Կութերէժ, որ երէկուան դրութեամբ ստանձնեց ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը, ըսաւ հետեւեալը. «Խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ մեր նպատակը եւ մեր ուղեցոյցը։