Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2017

Այս Կի­րա­կի Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը։ Ե­րէկ, տա­րե­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան ըն­դա­ռաջ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լուն եւ ան­դամ­նե­րէն՝ Մի­նաս Գա­բը­սը­զը։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը մե­զի ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին դպրո­ցի պիւտ­ճէի ներ­կայ բարդ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2017

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

«Նիւ Եորք Թայմզ» մի­ջազ­գա­յին տար­բե­րա­կը, ծա­նօթ է, որ լրա­տուա­կան աշ­խար­հի մէջ ու­նի իր վար­կը: Եւ ա­նոր մէջ ե­րեւ­ցող հա­ղոր­դում, հրա­պա­րա­կագ­րու­թիւն եւ յօ­դուած՝ նաեւ իր կշի­ռը: Եւ այս ի­մաս­տով 7 Դեկ­տեմ­բեր  2016-ի թի­ւին մէջ ե­րեւ­ցած ա­մե­րի­կա­հայ եւ մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ վա­յե­լող գրող Քրիս Պոհ­ճա­լեա­նի մէկ յօ­դուա­ծը թէեւ իմ ու­շադ­րու­թիւնս գրա­ւեց (ե­րե­ւի հպար­տու­թեամբ), բայց եւ այն­պէս կ՚են­թադ­րեմ, որ հա­յուն «դի­մա­գի­ծը» դրաւ մի­ջազ­գա­յին քար­տէ­սի վրայ՝ ե­թէ մէկ կող­մէ պատ­մա­կան ի­րո­ղա­կան ի­մաս­տով, բայց նաեւ ներ­կա­յի քա­ղա­քա­կան-ռազ­մա­վա­րա­կան, ի­րա­ւա­կան ու ճշմա­րիտ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հա­մար:

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան ան­թա­փանց խա­ւա­րի մը մէջ էր աշ­խարհ, ուր կա­րօ­տեալ­նե­րու ուղ­ղուած սի­րոյ ա­մէն ար­տա­յայ­տու­թիւն ան­տէր էր եւ ան­զօր, ուր կոր­սուած էր Աս­տու­ծոյ շնոր­հը եւ սէ­րը, երբ Կոյ­սը յղա­ցաւ եւ Աս­տուած՝ Ի՛նք մարմ­նա­ցաւ եւ մար­դա­ցաւ։ Այս կեր­պով «Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թիւն»ը ե­ղաւ հա­մայն մարդ­կու­թեան հա­մար փրկու­թի՛ւն։

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017

ՆԱՐԷ ՔԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Աշ­խար­հը մե­ծա­մաս­նու­թեամբ կը հե­տե­ւի Գրի­գո­րեան օ­րա­ցոյ­ցին. 365 օ­րեր, կամ 12 ա­միս­ներ տա­րուան մը մէջ: Տա­րին կ՚ա­ւար­տի 31 Դեկ­տեմ­բե­րին, կը սկսի 1 Յու­նուա­րին՝ Ա­մա­նո­րի օ­րը:

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017

Լե­զուն ո­րով գրե­ցի երկ­րի ե­րե­սը քի­չեր
Կը կար­դա­յին զայն ար­դէն ու պակ­սե­ցան ա­նոնք ալ.
Հա­րիւր տա­րի ետք միայն իր այս ձե­ւով, այս սխալ
Կամ ճիշդ ձե­ւով ու հնչմամբ՝ լե­զուն ա­նուշ զոր խօ­սէր

Էին ա­նուշ տղաք­ներ, գու­ցէ խօ­սող չու­նե­նայ,
ՎԱ­ՀԱՆ ԹԷ­ՔԷԵԱՆ - 1942

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ըստ լի­բա­նա­նեան պաշ­տօ­նա­կան լրա­տուու­թեան, Լի­բա­նա­նի Նա­խա­գահ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն եր­կօ­րեայ այ­ցով Ռիա­տի մէջ է:

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Տաւուշի Թեմէն ներս առօրեան պայմանաւորուած է մահուկենաց բնոյթի սահմանային իրադարձութիւններով:
Առաջնորդարանը Հաղարծինի վանական համալիրէն ներս հիմնած է արտադրամաս մը, ուր գիւղացիներէն կը գնէ բերքը՝ պատրաստելու համար անուշի տեսակներ:

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Բնու­թեան հա­մար ձմե­ռը՝ իր մութ ամ­պե­րով սու­գի ե­ղա­նակ մը, տխուր շրջան մըն է։ Ձմրան մութ ամ­պե­րուն տակ, կա­ծես ա­մե­նէն զուարթ մարդն իսկ կը դառ­նայ մե­լա­մաղ­ձոտ տխուր մարդ մը, յա­ճախ յու­սալ­քուած եւ տրտում։

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017

Յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Ա­րէտ Եր­կա­նեան այ­ցե­լեց Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճա­նի գրա­սե­նեա­կը։ Ա­րէտ Եր­կա­նեան կամ­քէ ան­կախ պատ­ճառ­նե­րով չէր կրցած մաս­նակ­ցիլ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի գրա­սե­նեա­կի բաց­ման հա­ւա­քոյ­թին։

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017

Իս­րա­յէ­լի Նա­խա­գահ Ռէու­վէն Ռիվ­լին ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Թիֆ­լիզ։ Վրաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լեց Ռիվ­լի­նը։

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը:
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ ջերմ բարեմաղթանքներ Պատրիարքարանի երդիքին տակ:

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը:
Միջնորդները կը յորդորեն խստօրէն հետեւիլ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ գոյացած համաձայնութիւններուն:

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Եր­բեմն միտ­քեր կը խու­ժեն ու ես կը յե­տաձ­գեմ… ա­պա՝ կը փնտռեմ ու չեմ գտներ: Ու­րեմն՝ ը­սի, հի­մա նստիմ գրի առ­նեմ ինչ որ կը մտա­ծեմ, քա­նի որ հո­վու հո­սան­քի ա­տեն է, որ ջա­ղաց­քին պտու­տա­կը պի­տի դառ­նայ:

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իս­րա­յէ­լի հա­մար գլխա­ւոր թշնա­մին «Հիզ­պուլ­լա­հ»ն է: Այս եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը հան­րու­թեան կը ներ­կա­յա­ցուէր Իս­րա­յէ­լի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան վեր­լու­ծա­կան կեդ­րո­նի հրա­պա­րա­կած ա­մէ­նա­մեայ տե­ղե­կագ­րին մէջ: Տե­ղե­կա­գի­րը, որ կը բաղ­կա­նայ 200 է­ջե­րէ եւ կը հրա­պա­րա­կուի իւ­րա­քան­չիւր տա­րե­վեր­ջին յստակ դա­սա­կար­գում­ներ կա­տա­րե­լով՝ յան­գած է այն եզր­կա­ցու­թեան, թէ Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան գլխա­ւո­րա­գոյն թշնա­մին եւ նոյ­նիսկ սպառ­նա­լի­քը լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լա­հ»ն է:

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2017

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, որ ե­րէկ Թիֆ­լի­զի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է բա­նաս­տեղծ, թարգ­մա­նիչ, հրա­պա­րա­կա­գիր ու լրագ­րող Ա­նա­հիտ Պոս­տան­ճեան։ Թէ՛ Վրաս­տա­նի եւ թէ Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան կ՚ան­դա­մակ­ցէր Ա­նա­հիտ Պոս­տան­ճեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Քա­լի­ֆոր­նիոյ հայ Գրող­նե­րու միու­թեան պա­տուոյ ան­դամ­նե­րէն մին էր։

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2017

Գեր­մա­նիոյ Փոխ-վար­չա­պետ Սիկ­մար Կապ­րիէլ յայ­տա­րա­րեց, որ Եւ­րո­միու­թեան քայ­քա­յուի­լը այ­լեւս կը հա­մա­րուի հա­ւա­նա­կան։ Der Spiegel-ին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան յայտ­նեց, որ Գեր­մա­նիա եւ­րո­յի գօ­տիէն ներս յա­մա­ռօ­րէն կը պաշտ­պա­նէ խնա­յո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը, ինչ որ Եւ­րո­պան ա­ւե­լի քան եր­բեք պա­ռակ­տած է եւ հո­րի­զո­նին վրայ ու­րուագ­ծուած՝ Եւ­րո­միու­թեան քայ­քայ­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2017

Հանրապետութեան նախագահը հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ:
Էրտողան. «Թուրքիոյ անվտանգութիւնը կը սկսի ո՛չ թէ Կազիանթէպի այլ Հալէպի, ո՛չ թէ Կարսի այլ Նախիջեւանի մէջ»:

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2017

Թուրքիա-Իրաք բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ շաբաթավերջին բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Պաղտատի եւ Էրպիլի մէջ:

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Կեան­քի ընդ­հա­նուր օ­րէնքն է՝ ապ­րե­լու հա­մար, գո­յու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու հա­մար, գո­յա­տե­ւե­լու հա­մար պէտք է զօ­րա­ւո՛ր ըլ­լալ, եւ զօ­րա­ւոր ըլ­լա­լու հա­մար՝ պայ­մա՛ն է՝ զօ­րու­թեան աղ­բիւ­րի մը հետ ան­մի­ջա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը։ Կեան­քը ապ­րող, կեան­քը վա­յե­լող մար­դուն հա­մար անխ­զե­լի՛ է այդ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը, այդ խորհր­դա­ւոր կա­պը։

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2017

Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի մին­չեւ տաս­ներ­կու տա­րե­կան­նե­րու ֆութ­պո­լի կազ­մը վեր­ջերս ար­ձա­նագ­րեց փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն մը։ Տղա­քը ի­րենց խմբա­ւոր­ման մէջ հան­դի­սա­ցան ա­խո­յեան։

Էջեր