Արխիւ
Թուրքիա-Իրաք բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ շաբաթավերջին բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Պաղտատի եւ Էրպիլի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ համայն հայութեան փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը։ Ստորեւ նոյնութամբ կը ներկայացնենք Նորին Սրբութեան ուղերձը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աշխարհի չորս ծագերուն աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը ու բերկրալի տօնի մեծ աւետիսը փոխանցեց հաւատացեալ հօտին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր իր պատգամը փոխանցեց համայն հայութեան:
Անցնող 2016 տարին բնորոշուեցաւ արագ զարգացումներով, անակնկալ եւ չնախատեսուած պատահարներով եւ համաշխարհային գետնի վրայ ընդհանրապէս, նաեւ շրջանային առումով մեր ազգին եւ հայրենիքին համար, ծաւալող մարտահրաւէրներով:
Muhterem Başepiskopos Ateşyan,
Sizin ve Ermeni Cemaatimizin yeni yılı ve Noel Yortusu'nu en içten dileklerimle kutlarım.
«Արեգակն արդարութեան այսօր յայտնեցաւ ազգի մարդկան»։
Ներսէս Շնորհալի
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներս Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական շրջանին ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Աւանդական մթնոլորտի մը մէջ Տատեանի ընտանիքը ողջունեց Նոր տարին՝ անկեղծ բարեմաղթութիւններու փոխանակումով։ Տարեմուտի առթիւ տեղի ունեցան նաեւ հանդէսներ, որոնք Տատեանի ամբողջ ընտանիքին տեսակէտէ հրճուանքի առիթ հանդիսացաւ։
Պոլսահայութիւնը Սուրբ Ծննդեան աւետիսով գիրկընդխառնուեցաւ մեր եկեղեցիներուն մէջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի ընդունելութեան ընթացքին ընթերցեց Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի շնորհաւորականը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութեան գեղեցկութեան աննկարագրելի գերադրականը՝ կարելի չէ արտայայտել ուրիշ որեւէ բառով, եթէ ո՛չ՝ «երկինք» բառով։ Այդ գեղեցկութիւնը կարելի չէ բացատրել «երկինք»է զուտ ուրիշ որեւէ բառով։
Տարեմուտի դրութեամբ Վալերի Սեմերիքով ստանձնեց ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը:
Զաքարեան. «Հայաստան տակաւին կը սպասէ իր հերթին, որպէսզի իր ներկայացուցիչը վարէ այդ պաշտօնը»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ կամ աշխարհի վրայ ամէն մարդ պարտաւոր չէ ունենալ նոյն ապրելակերպը։
Երէկ, Էրտողան Պեշթեփէի համալիրին մէջ իր 33-րդ հանդիպումը ունեցաւ երկրի զանազան շրջաններէն փութացած թաղապետներու կամ գիւղապետներու հետ։
ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ
Տարիներու տխուր տողանցքին առջեւ մենք ջերմօրէն մխիթարութիւն կը զգանք երկու հազար տարուայ աւետիսը վերստին հնչեցնելով.
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»։
«Եւ դու, Բեթղեհէմ տուն Եփրաթայ,
սակաւաւոր իցես լինել ի հազարաւորս Յուդայ,
ի քէն ելցէ ինձ լինել իշխան Իսրայէլի,
եւ ելք նորա ի սկզբանէ աւուրց աշխարհի»։
(Միքիէ, 5.2)
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Աս ի՞նչ մեծ դպրոց մըն է, կը կորսուինք մենք եթէ հոս գանք:
-Մեր հիմակուան դպրոցը ո՜ւր, աս դպրոցը՝ ուր:
-Բայց շատ-շատ սիրեցի, տեսէք, տեսէք ի՛նչ ընդարձակ է բակը, հոս շատ հանգիստ զբօսանքին կը վազվզենք ու կը պոռպռանք, նոյնիսկ եթէ ձայներնիս բարձրացնենք, ոչ մէկը կը նեղանայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անգամ մը եւս համայն աշխարհ խանդավառուած է Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան հրաշալի երեւոյթին յիշատակման առթիւ։ Արդարեւ քրիստոնեայ աշխարհի մէջ արտակարգ ոգեւորութիւն մը կը ստեղծէ Սուրբ Ծննդեան յիշատակի այս տօնը՝ որ հիմնուած է եզակի դէպքի մը վրայ՝ Աստուծոյ մարմնացման եւ մարդեղութեան ճշմարտութեան վրայ։
«Աշխարհի բնակչութեան երկու երրորդը 2030 թուականին պիտի ապրի քաղաքներու մէջ»:
Քաղաքաշինութեան գործընթացը հնարաւորութիւններ կրնայ ընձեռել կայուն զարգացման հասնելու առումով:
Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը երկարաձգուեցաւ եւս երեք ամիսով։
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն Ֆրանք Էնկէլ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պէտք է ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի հետ ուղիղ բանակցութիւններու անցնելու անհրաժեշտութիւնը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վաղը պիտի մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիւ Եորքի մէջ ան պիտի տեսակցի ՄԱԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի հետ։