Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վստահութիւնը մարդկային փոխյարաբերական կեանքին ամենէն էական եւ յատկանշական երեւոյթներէն մէկն է, որու բացակայութեան պարագային այնքա՜ն կը շատնան հակառակութիւններն ու դժուարութիւնները: Մարդը, տրամաբանող էակ ըլլալով, միշտ կարիքը ունի իր կողքին ունենալու վստահելի անձ մը, կամ ինչու չէ անձեր, որոնց հետ կիսուելով, բաժնեկցելով իր յուզումներն ու մտորումները, կը փորձէ իր կեանքին ղեկը առաջնորդել դէպի բարին եւ դէպի ընկերայինը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեգալուստէն ետք 5-րդ Կիրակին տօն է Սրբուհւոյ Աստուածածնի տուփին գիւտին։ Տօնը այս տարի կը հանդիպի 24 Յունիս Կիրակի օրուան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու CHP-ի կողմէ Իսթանպուլի երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուած դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզը։ Ան քաղաքիս Բ. ընտրաշրջանէն կը ներկայանայ երեսփոխանի թեկնածու՝ շաբաթավերջի ընտրութիւններուն համար։
Անասուններու իրաւունքներու նկատմամբ զգայնութիւնը հետզհետէ աւելի ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ հասարակական գետնի վրայ։ Վերջին օրերուն Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն ներս տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններն ալ այս խնդիրը դարձուցին հրատապ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայիս կ՚իրականացնէ արտասահմանեան շրջագայութիւն մը։ Ան ուղեւորութեան ձեռնարկած է դէպի Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ պատուիրակութիւն մը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, եւրոպացի խորհրդարանականները հիւրընկալուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։

ԵԱՀԿ-ի կողմէ պատուիրակութիւն մը այսօր տարածքաշրջանային այցելութեան կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, կազմակերպութեան անդամ երկիրներէ 25-ին մշտական ներկայացուցիչները կ՚ուղեւորուին դէպի Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։
Յունաստան եւ Մակեդոնիա երէկ ստորագրեցին պատմական համաձայնագիր մը, որ եկաւ վերջ դնել այս երկու երկիրներու միջեւ անունի վերաբերեալ տարակարծութիւններու։ Այսպէսով 27 տարուան տագնապ մը ունեցաւ դրական լուծում։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի արմատական փոփոխութիւններու մթնոլորտին մէջ՝ գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել երկրի օրակարգը։ Շաբաթավերջին Էջմիածին քաղաքին մէջ տեղի ունեցան մեծ խռովութիւններ։
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Պոլսահայ մշակութային կեանքին տեսակէտէ շատ կարեւոր իրադարձութեան մը վերածուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի դէպի Հայաստան ուղեւորութիւնը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Հոգեւորականը այն սպասաւորն է Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, որ պէտք է մնայուն խոնարհութեամբ իր անձը դարձնէ նորին հրաւիրող աղբիւրը» (Յովնան Արք. Տէրտէրեան)։
Հոգեւորականը Եկեղեցւոյ դեսպանն է, իսկ Եկեղեցին քրիստոնէութիւնը մարմնաւորող եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալի շնչաւորեալ եւ գործարանաւորեալ արտայայտութիւն տուող նուիրագործուած հաստատութիւնը։
ԳՐԻԳՈՐ ՔԷՕՍԷԵԱՆ
Անհրաժեշտ հատոր մը, արդարութիւն ընելու համար տաղանդաւոր երգիծանկարիչի մը, որ կէս դար տիրական - թերեւս լաւ է ըսել՝ Տիրանակա՛ն - ներկայութիւն մըն էր լիբանանեան ընկերային եւ քաղաքական կեանքին մէջ։ Փայլուն դէմք մը, որ լոյսի կը բերէր երկրին եւ մարդոց ստուերոտ երեսները, իր այնքան ինքնուրոյն մօտեցումով։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ու Պերճ Սեդրակեան անդրադարձան Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը արդէն Երեւանի մէջ է։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ իր ընկերակիցները այս առաւօտ ընդունուեցան Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար Դաւիթ Սարգսեանի կողմէ։
Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտները հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստացան իրենց վկայականները։ Այս առթիւ կազմակերպուած երեկոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Էսաեանի 8-րդ դասարանէն այս տարի 13 աշակերտ վկայուեցաւ։
ՎԱՐԱՆԴ ԳՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարդ արարածը իր կեանքը ապրելու տարբեր ձեւեր եւ տարբեր ընտրութիւններ ունի: Մարդ արարածին ազատ կարելիութիւններ տրուած է, որպէսզի ան իր կեանքը կարգաւորէ եւ դասաւորէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեգալուստէ ետք 4-րդ Կիրակի օրուան, որ այս տարի կը հանդիպի 17 Յունիսի, Ս. Պատարագի ընթացքին կարդացուած Ճաշու Աւետարանը՝ (ՄԱՏԹ. ԺԲ 38-45) կը խօսի, Յիսուսի տուած պատասխանին վրայ, երբ իրմէ հրաշք մը խնդրողներուն կու տայ Յովնան մարգարէի օրինակը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Զրոյցներ» շարքին վերջին զրոյցին բանախօսը Արամ Խաչատուրեան թանգարանի տնօրէն, երաժիշտ Արմինէ Գրիգորեանն էր: Ան պատմեց Արամ Խաչատուրեանի մեծութեան մասին, իբրեւ համաշխարհային երեւոյթ, որուն երաժշտութիւնը նուաճած է ոչ միայն Խորհրդային Միութիւնը, ուր ծնած եւ ստեղծագործած էր երգահանը, այլեւ՝ ողջ աշխարհը:
Իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս կարճ դադար մը կ՚առնէ՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներուն հանգիստը։ Ուստի յառաջիկայ շաբաթավերջին թերթս պիտի չհրատարակուի։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յաջորդ թիւը լոյս պիտի տեսնէ 18 Յունիս 2018, Երկուշաբթի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Ֆուլլեր տնաշինական կեդրոն» բարեգործական կազմակերպութեան միջազգային կամաւորները։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց հիւրերու աստուածահաճոյ առաքելութիւնը, որու շնորհիւ օգտակարութիւն կը ցուցաբերուի կարիքաւոր բազում ընտանիքներուն։