Արխիւ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

Թուրքիա կ՚ապրի ենթակառուցուածքային հերթական վիթխարի ծրագիր մը կեանքի կոչած ըլլալու արդար հպարտութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ մասնակցութիւն բերին բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ող­ջու­նեց Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս ձեռ­նար­կուած հեր­թա­կան ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ծրագ­րին փայ­լուն ար­դիւն­քը։ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ներ­կա­յա­ցուե­ցան «Ա­ռակ­ներ»ը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ո­րո­շած է պար­գե­ւատ­րել մեր հա­մայն­քի բա­րե­րար­նե­րէն Հայկ Աս­լա­նեա­նը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս ի­րեն պի­տի շնոր­հիւ «Կո­լոտ» շքան­շա­նը։ Ծա­նօթ է, որ ե­րա­նաշ­նորհ Յով­հան­նէս Բա­ղի­շե­ցի Պատ­րիար­քի յի­շա­տա­կին հաս­տա­տուած այս շքան­շա­նը կը շնոր­հուի բա­րե­րար­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Բա­նաս­տեղծ, ար­ձա­կա­գիր եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Ի­սա­հա­կեա­ն ծնած է 30 Հոկ­տեմ­բեր 1875-ին, Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ գա­ւա­ռի Ղա­զա­րա­պատ գիւ­ղը, որ ներ­կա­յիս կը կրէ բա­նաս­տեղ­ծին ա­նու­նը՝ Ի­սա­հա­կեան: 81 տա­րե­կա­նին մա­հա­ցած Ի­սա­հա­կեա­ն թա­ղուած է Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի ա­նուան պան­թէո­նին մէջ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բա­նա­կա­նու­թեան բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րով օժ­տուած եւ զա­նոնք օգ­տա­գոր­ծե­լու կա­րողու­թեամբ զօ­րա­ցած մար­դը բնա­կան է որ միշտ կա­տա­րե­լու­թեան, ան­թե­րիու­թեան ձգտի եւ նպա­տակ ու­նե­նայ հաս­նիլ կեան­քի գա­գաթ­նա­կէ­տին։ Բա­րե­փո­խու­թիւն, յա­ռաջ­­դի­մու­թիւն եւ լա­ւի նուա­ճում մարդ էա­կին կո­չումն է եւ կեան­քի վերջ­նա­կան նպա­տա­կը։ Եւ ա՛յդ­պէս պէտք է ըլ­լայ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Կը տե­ղե­կաց­նենք, որ մեր Լի­բա­նա­նի պաշ­տօ­նա­կից՝ «Ազ­դակ»ի է­ջե­րուն մէջ սննդա­գի­տա­կան-ա­ռող­ջա­պա­հա­կան նիւ­թե­րով բազ­մա­թիւ յօ­դուած­նե­րու հե­ղի­նակ Քար­լա Եար­տը­մեան-Հաժ ստա­ցած է սննդա­գի­տու­թեան տոք­թո­րա­կան աս­տի­ճան՝ Անգ­լիոյ Օքս­ֆորտ Պրուքս հա­մալ­սա­րա­նէն: Քար­լա իր ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ հե­տա­զօ­տած է սնուն­դի ա­նա­պա­հո­վու­թեան ազ­դե­ցու­թիւ­նը Լի­բա­նա­նի դպրո­ցա­կան ե­րա­խա­նե­րուն եւ ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րուն վրայ («Studies on Child Food Insecurity in Lebanon»):

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Սրբա­զան Պա­պին կող­մէ մարդ­կա­յին վեհ սկզբունք­նե­րուն դրսե­ւո­րու­մը ե­ղող նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ, ան իր 80-ա­մեա­կը նշած է ութ ան­տուն­նե­րու հետ՝ զա­նոնք ըն­դու­նե­լով Վա­տի­կա­նի Սրբու­հի Մար­թա­յի տան մէջ, ուր Պա­պը կը բնա­կի:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան վեր­ջերս հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ երկ­րի ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ընդգ­ծեց, որ կը փա­փա­քի լսել ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու խնդիր­նե­րը, քննար­կել ա­նոնց առ­կայ հար­ցե­րը ու տես­նել, թէ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ինչ ձե­ւով կրնայ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել ա­նոնց լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Երեւան եւ Թեհրան կը ձգտին զարգացնել իրենց համագործակցութիւնը:
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի վաղը շփումներ պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Լի­բա­նա­նի նոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ պաշ­տօ­նի կո­չուե­ցան եր­կու հայ նա­խա­րար­ներ։ Վար­չա­պետ Սաատ Հա­րի­րիի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ ընդգր­կուե­ցան Ա­ւե­տիս Կի­տա­նեան եւ Ժան Օ­ղա­սա­բեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Գեր­մա­նիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դաշ­նակ­ցա­յին ա­տեա­նը մեր­ժեց Պուն­տես­տա­կի կող­մէ ան­ցեալ Յու­նի­սին ըն­դու­նուած «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձեւ»ին դէմ բո­ղոք­նե­րը։ Ըստ Պեր­լի­նէ հա­սած լու­րե­րուն, Գեր­մա­նիոյ բարձ­րա­գոյն դա­տա­կան ա­տեա­նին մօտ առ­նուազն ութ բո­ղոք­ներ ներ­կա­յացուած էին այս հար­ցին շուրջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Եւ­րո­պա­յի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցան ա­հա­բեկ­չա­կան մտա­հո­գիչ դէպ­քեր։ Գեր­մա­նիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պեր­լի­նի մէջ, պատ­մա­կան «Փլած ե­կե­ղեց­ւոյ» մօ­տա­կայ­քին պա­տա­հե­ցաւ դէպ­քը։ Բեռ­նա­տար հսկայ ինք­նա­շարժ մը ներ­խու­ժեց Սուրբ Ծննդեան շու­կա­յի տա­րած­քը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Հայաստանի եւ Վրաստանի իրաւապահ մարմիններու կապերու ամրապնդման ուղղեալ նոր հռչակագիր:
Երեւանի եւ Թիֆլիզի միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը կը շարունակուի զանազան մակարդակներու վրայ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Անգարայի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անտրէյ Քարլով երէկ երեկոյեան զոհ գնաց ահաբեկչական յարձակման:
Էրտողան եւ Փութին ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին համակարծիք գտնուեցան, թէ այս դէպքը խափանարարութիւն մըն է երկու երկիրներու համագործակցութեան դէմ: Հետաքննութիւնը յառաջ պիտի տարուի միասնաբար: Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Մոսկուայի մէջ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հա­մախմ­բուե­ցաւ Ա­մա­նո­րի առ­թիւ։ Թա­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ «Ա­լա­ճա­ճեան» սրա­հի եր­դի­քին տակ սար­քուած տօ­նա­կան սե­ղա­նին նա­խա­գա­հեց Դպրաց Դա­սու նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, ո­րու կող­քին էին Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, դպրա­պետ Սեդ­րակ Տա­վութ­հան եւ խմբա­վար Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, որ ե­րէկ կեան­քէ հե­ռա­ցած է մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի սի­րուած ու յար­գուած ան­դամ­նե­րէն Հայկ Ա­դա­մեան։ Ան Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին հետ նոյ­նա­ցած խորհր­դան­շա­կան ա­նուն մըն էր եւ իր կո­րուս­տը այս ա­ռու­մով խոր ցաւ պատ­ճա­ռած է բո­լո­րին։ Հայկ Ա­դա­մեան ան­հա­տա­կան, ըն­տա­նե­կան կեան­քը հա­մայն­քա­յին ապ­րում­նե­րու հետ նոյ­նա­ցու­ցած ե­զա­կի դէմք մըն էր։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ան­ցեալ տա­րուան ամ­փո­փում­նե­րուն մէջ կա­րե­լի չէ մոռ­նալ «Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան հա­մաշ­խար­հա­յին մրցա­նա­կի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, 2016 թուա­կա­նի Ապ­րի­լին, ա­ւե­լի քան եօթ հա­րիւր հիւ­րե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ գո­յու­թիւն ու­նին պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան տար­բեր ձե­ւա­ւո­րում­ներ եւ կի­րար­կում­ներ: Ժա­մա­նա­կին, եր­կար ժա­մա­նակ ա­ռաջ, երբ տա­կա­ւին պե­տու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն չու­նէին, մարդ­կու­թիւ­նը կ՚ապ­րէր այ­սօ­րուան ա­ռու­մով՝ «մթու­թեան մէջ» կամ «քա­րայր­նե­րու», կի­սա­վայ­րե­նի եւ ա­նաս­նա­կան բնազդ­նե­րով ցե­ղա­խում­բե­րու բաժ­նուած. ու­նէին «ըն­տա­նի­քի մե­ծեր», ո­րոնք ցե­ղա­խում­բե­րուն տա­րեց­ներն էին, ո­րոնք կը ղե­կա­վա­րէին ի­րենց ցե­ղա­խում­բը, ըն­տա­նի­քը կամ գիւ­ղը:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնենք, կամ ը­սենք՝ կրկնե­լու պա­հանջ­քը կը զգանք սի­րոյ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ կ՚անդ­րա­դառ­նանք ա­նոր անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մարդ­կա­յին բո­լոր փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Ին­չո՞ւ պա­հանջ­քը կը զգանք, քա­նի որ մարդ­կա­յին բո­լոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խա­թա­րուած կ՚ե­րե­ւին՝ ան­կեղծ սէ­րը հա­լա՜ծ, նօս­րա­ցած է ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Սա մեր ապ­րած կեան­քին մէջ եր­ջան­կու­թեամբ ապ­րե­լու հա­մար ո՜ր­քան ար­գելք­ներ, խո­չըն­դոտ­ներ կը հան­դի­սա­նան, կը ներ­կա­յա­նան մար­դուս առ­ջեւ։ Բայց պէտք չէ վհա­տիլ, յու­սալ­քուիլ, քա­նի որ կեան­քի մէջ միշտ կա՛ն եւ միշտ պի­տի ըլ­լան դժուա­րու­թիւն­ներ, նե­ղու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք ար­գելք­ներ են եւ խո­չըն­դոտ­ներ՝ մար­դուս կեան­քէն սպա­սած բա­րիք­նե­րու դէմ, ան­յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, ցա­ւեր եւ վիշ­տեր պի­տի պա­տա­հին, քա­նի որ մար­դուս ապ­րած այս աշ­խար­հը եր­բեք վար­դաս­տան մը չէ՛, այդ­պէս բան մըն ալ չէ՛ խոս­տա­ցուած ի­րեն։

Էջեր