Արխիւ
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն Սուրիոյ մէջ յառաջ տանիլ «Եփրատի վահան» գործողութիւնները։ Ինչպէս ծանօթ է, Էլ Պապ քաղաքին վրայ ներկայիս կեդրոնացած են բանակի աշխատանքները։
Հայաստանի նախագահը երէկ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցեցաւ ԵՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովներուն:
Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Երեւանի եւ Թեհրանի այն ծրագրին, որ կը նախատեսէ միջանցք մը ստեղծել Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու միջեւ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով յիշատակեց Ս. Ստեփանոս նախավկան, որ միեւնոյն ժամանակ սարկաւագներուն ձօնուած տօն մըն է։ Բերկրառատ օրուան առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ ձմրան դասընթացքներու մասնակիցներուն համար կազմակերպուեցան Ամանորի խրախճանքներ։ Այսպէս, թէ՛ ակումբի հաւաքատեղիին եւ թէ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցան խրախճանքները։
Էսաեան վարժարանի աշակերտները վերջերս ճատրակի մէջ արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւններ։ Պէյօղլուի շրջանի վարժարաններուն միջեւ կազմակերպուած մրցաշարքի մը շրջագծով անոնք ապահովեցին դափնիներ, ինչ որ արժանացաւ մեծ գնահատանքի։
Ամանորի սեմին Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբը Գատըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ «Պալըքճեան» սրահին մէջ կազմակերպեց այս ձեռնարկը, որու մասնակից թաղեցիները բաժնեցին տօնական շրջանի հրճուանքը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի դէմքերէն Ազատուհի Թորոս։ Հանգուցեալը մայրն էր «Ֆօթօ Պոլիս» լուսանկարչական ծառայութեան հիմնադիր, յայտնի լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեանի։
Կարմիր բանակի երգչախումբին օդանաւը անկում մը ունեցաւ Սոչիի մօտ ու սուզուեցաւ Սեւ ծովու մէջ:
92 զոհ. փրկարար աշխատանքներուն կը մասնակցի 3500 հոգի:
Ռուսաստանի Դաշնակցութեան մէջ այսօր հռչակուած է ազգային սուգ, մինչ աշխարհ ցաւով կը հետեւի իրադարձութիւններուն:
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ Ամանորի առթիւ։ Միութեան երդիքին տակ զանազան դասընթացքներու մասնակից փոքրիկներուն համար նախատեսուած խրախճանք մըն էր այս մէկը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:
Ատենապետ Յարութիւն Շանլըի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը բեղուն աշխատանք կը տանի բոլոր ուղղութիւններով՝ արժանանալով համայնքի գնահատանքին:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գիտենք, որ երախաներ ամենուրէք անձկութեամբ կը սպասեն տարուան վերջաւորութեան, որպէսզի տեսնեն, թէ Կաղանդ պապան ի՞նչ նուէրներ պիտի բերէ իրենց։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իր կարգին, հալէպահայ լրագրող եւ Բերիոյ Թեմի «Գանձասար» պաշտօնաթերթի նախկին խմբագիր Մարի Մերտխանեան Հալէպի վերջին զարգացումներուն մասին դիմատետրի իր էջին գրառում մը կատարելով գրած է.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը կը յաւակնի հասկնալ, տեղեկանալ եւ գիտնալ ամէն ինչ՝ որ կը պատահի տիեզերքի մէջ։ Սակայն մարդ տակաւին չէ ըմբռնած, թէ ո՛չ թէ տիեզերքի մէջ, այլ իր անմիջական շրջանպատին մէջ պատահածներն իսկ կատարելապէս եւ ճշդապէս հասկնալու կարողութենէն զուրկ է, քանի որ «մարդկային միտքը հունաւոր է», այսինքն որոշ սահման մը ունի։
Էսաեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած խրախճանքը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան:
Համոյթի փոքրիկները նուէրներ ստացան Կաղանդ պապուկի ձեռամբ, մինչ երէցներն ալ բարեմաղթութիւններ բաժնեցին իրարու միջեւ յառաջիկայ շրջանի համար դրական սպասումներով:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Սեն Փեթերսպուրկ։ Ան կը մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) գագաթաժողովներուն, որոնք կը կազմակերպուին Ռուսաստանի տանտիրութեամբ։
Անգարայի մէջ աշխատանքները կը շարունակուին նոր Սահմանադրութեան մշակման ուղղութեամբ։ Չանքայայի ապարանքին մէջ երեկոյեան ժամերուն նախատեսուած է Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի հանդիպումը։
«Եփրատի վահան» գործողութեան հետեւանքով սաստիկ հարուածներ կը տրուին ԻՇԻՊ-ին դէմ:
Թուրք զինեալ ուժերը շաբաթավերջին նոր կուտակումներ կատարեցին Սուրիոյ սահմանին մերձակայ շրջաններէն ներս:
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան Անարատ Յղութիւն մատրան մէջ Սուրբ Ծննդեան աւանդական արարողութիւններ:
Մանուկներու խորհրդաւոր կատարումները եկան ամբողջացնել հոգեւոր ապրումները, մինչ անոնք ջերմօրէն գնահատուեցան եկեղեցական հայրերուն կողմէ:
Հայ մարզիկները մեծահասակներու, երիտասարդներու եւ պատանիներու Եւրոպայի եւ աշխարհի առաջնութիւններուն այս տարի նուաճած են 170 մետայլ, ներառեալ 4 ողիմպիական։
Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է փոքրիկներու ստեղծած առաջին խաղերուն շնորհանդէսը: