Արխիւ
ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր տարուան տօներուն առիթներով տեղի կ՚ունենան զանազան նախաձեռնութիւններ, որոնք կը դրսեւորուին արուեստի զանազան ձեւերով: Այս էջով ախորժաբերներու նման պատառիկներ կը հրամցնենք ձեզի՝ տօներուն առընչուած արուեստի ոճով ներկայացումներու ընդմէջէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպի մէջ տեղի ունեցող արագ զարգացումները նոր օրակարգերու դուռ պիտի բանան: Հիմա հիմնական նիւթը Հալէպէն հեռանալ ուզողներուն օգնութիւն ցուցաբերելը չէ, այլ հալէպահայերու «տուն» վերադարձը:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը Ամանորի շրջանին կը տեւականացնէ աւանդութիւնները։ Տօնական օրերու ուրախութենէն առաւելագոյն բաժինը կը վիճակի մանկապատանեկան կազմի անդամներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գեղեցի՜կ ըլլալ պարզութեամբ, որքան տպաւորիչ է եւ հրապուրիչ՝ պարզ ըլլալ, չափաւոր ըլլալ, բայց վե՛հ երեւիլ։ Շատեր գեղեցկութիւնը կը տեսնեն երեւոյթներու ճոխութեան մէջ՝ գոյներու, տեսարաններու մէջ։
Հայ մարզիկները մեծահասակներու, երիտասարդներու եւ պատանիներու Եւրոպայի եւ աշխարհի առաջնութիւններուն այս տարի նուաճած են 170 մետայլ, ներառեալ 4 ողիմպիական։
Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է փոքրիկներու ստեղծած առաջին խաղերուն շնորհանդէսը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս հաւաք:
Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Ամանորի ընդառաջ հիւրընկալեց մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչները:
Երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի տարեկան մամլոյ ասուլիսը, որ տեւեց շուրջ չորս ժամ։ Այս առթիւ ան մեկնաբանեց բազմաթիւ իրադարձութիւններ, որոնք հրատապ կը համարուին միջազգային օրակարգի վրայ։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն ի պատիւ աւանդական ընդունելութիւն:
«Հայաստանի մէջ կայ ազգային համաձայնութիւն, թէ խօսքի ազատութեան սահմանափակումները անընդունելի են»:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» կ՚աջակցի Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով ծանր կացութեան եւ անապահովութեան մէջ գտնուող ու հայրենադարձ հաշմանդամ հայ փոքրիկներուն: Վերջիններս Հայաստան գալէ առաջ կը գտնուէին Հալէպի «Արեւիկ» կեդրոնի հոգածութեան տակ:
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան Կիւմրիի մէջ յայտարարեցին նշանաւոր նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի «Սարերում» որմնանկարի վերականգնման ու պահպանման աշխատանքներուն աւարտը: Որմնանկարի վերականգնումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանի Մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամին գանձատրմամբ:
Տիգրան Մանսուրեան ապրիլեան պատերազմի հերոսներուն նուիրուած ստեղծագործութիւն կը գրէ: Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան նշեց, որ ինք մաէսթրոյին պատուիրած է գրել նման ստեղծագործութիւն մը։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Եթէ արեւն այս դարաւոր կու տայ լոյսի ճառագայթները, որով կեանքը կը շնչէ: Սա բնութեան արգասիքն է. իսկ բանականութեան տուածն ալ բազմաճիւղ ու բազմազան, կեանքին կու տան իմաստ, հաճելի միտքերով կ՚ոռոգեն անձը, ու պահ մը, դառնութիւններդ սփոփանք չեն գտներ, սակայն մխիթարական լարերով կը մեղմացնեն ու կ՚անուշցնեն… հոս, բանականութենէն միա՛յն գրական աշխարհ պիտի մտնենք, կարգ մը պատկերներու ընդմէջէն, ոլորապտոյտ արահետներով:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հիւրընկալեց երկրի գործարար աշխարհի ներկայացուցիչները:
Սերժ Սարգսեան մաղթեց, որ կառավարութեան եւ ձեռներէցներու գործակցութիւնը ամրապնդուի բարձր վստահութեամբ
«Ապրիլի քառօրեայ պատերազմի օրերուն շփման մէջ էին Երեւանի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնները»:
Վիգէն Սարգսեան շեշտը դրաւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման վրայ:
Ազգային պաշտպանութեան նախարարը երէկ ելոյթ մը ունեցաւ Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ:
Ըշըք. «Թուրքիա մեծագոյն պայքարը կը մղէ տարածքաշրջանի բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արաբական աշխարհին համար բաւական առանցքային դիրք եւ դեր ունեցող Թուրքիոյ զարգացումները կ՚արժանան յատուկ ուշադրութեան:
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց խումբ մը մտաւորականներ:
Հենրիկ Յովհաննիսեան, Նիքոլայ Յովհաննիսեան, Վահէ Շահվերտեան եւ Նարեկ Սարգսեան արժանացան բարձր գնահատանքի:
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-
Գրականութեան միջերկրականեան կեդրոնը Դեկտեմբերի 20-ին յայտարարած է, թէ «Նիքոս Կացոս-2016» գրական մրցանակը շնորհուած է աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրին, իր ստեղծագործական ամբողջական վաստակին համար՝ աւելի քան ութ հարիւր երգ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անդրադարձա՞ծ էք, սիրելի՜ բարեկամներ. մեր ապրած օրերը՝ մեր կեանքը որքան ալ միօրինակ ըլլայ, կարծուի թէ՝ իւրաքանչիւր օր՝ յաջորդին նոյնն է, եւ ներկան անցեալին կրկնութիւնն է, բայց մեր ապրած կեանքին ո՞ր օրը կը նմանի ուրիշ օրուան մը։ Իրաւ է, որ մարդկային իմաստութիւնը ըսեր է, թէ՝ պատմութիւնը կրկնութիւն է, սակայն կեանքի մէկ օրը երբեք չի՛ նմանիր ուրիշ օրուան մը, եւ ամէն մէկ օր ունի իւրայատուկ նկարագիրը։ Եւ այս իրողութենէն կը հետեւի, թէ՝ կեանքը ունի «գիշեր»ներ եւ «ցերեկ»ներ, ինչպէս ունի՝ նեղութիւններ եւ ուրախութիւններ։