Արխիւ
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Առաւօտ»ի մէջ հրապարակուած է Խաչիկ Յարութիւնեանի յօդուածը՝ «Չստացուած յեղափոխութեան 7+3 պատճառներու մասին» վերնագրով: Մեզ մօտ ընդունուած չէ որեւէ յօդուած քննարկել փաստարկներու կամ տրամաբանութեան մակարդակով:
Հայաստանի հիւիսին տեղի ունեցած հեհեղներու պատճառով յառաջացած վնասները հաւասարակշռելու ուղղեալ աշխատանքները կը շարունակուին։ Թէեւ երկրի երկաթուղային ցանցը շուտով վերականգնուած էր, սակայն, խնդիրը այդքանով սահմանափակուած չէ։
Այսօր Հայաստանի մէջ կը նշուի՝ Սահմանադրութեան եւ պետական խորհրդանշաններու օրը։ Նկատի ունենալով, որ իշխանութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը օրակարգի վրայ կը պահեն՝ այս օրը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։
Պէյրութի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) համաժողովը։ Յոբելենական բնոյթ ունէր այս հաւաքը, որովհետեւ ՄԱՀԱԵՄ թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։
Պահպանողականներու 14 տարուան իշխանութիւնը վերջ գտաւ, Բանուորական կուսակցութիւնը յաղթական:
Քիըր Սթարմըր վարչապետի պաշտօնին պիտի յաջորդէ Ռիշի Սունաքին, որ լուրջ ու ծանր պարտութիւն մը կրեց:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան աւարտեց իր այցելութիւնը դէպի Աստանա, ուր մասնակցեցաւ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին։ «ՇՀԿ+» ձեւաչափով կազմակերպուած հաւաքին երկրորդ օրը նախագահ Էրտողան շարունակեց իր երկկողմանի հանդիպումները։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ա՜խ մեր անունները երբ օտարները, բայց մանաւանդ արաբները արտասանեն… Շուրջդ կը նայիս, կը փնտռես, արդեօք ո՞վ է այս այլմոլորակային անուն ունեցողը, անուն մը, որ կեանքիդ մէջ չես լսած եւ ազգութիւնն ալ չես գիտեր…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Սիրոյ մասին պատմութիւնները օրինակներ կու տան, թէ ինչպէս կրնանք մեր կեանքը նուիրել այլ մարդու մը։ Իսկ ընկերութեան մասին պատմագրութիւնները յաճախ կը խօսին այն մասին, թէ ինչպէս կրնանք նուիրուիլ մեր կեանքին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Խօսիլը պահանջք մըն է, իսկ լռելը՝ արուե՛ստ»։ Այսպէս կ՚ըսէ Johann Wolfgang von Goethe (1749-1832)։
Արդարեւ, նախընտրելի է լռել, քան թէ անիմաստ եւ աննպատակ խօսիլ՝ դատարկախօսութեամբ զբաղեցնել մարդիկ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարօրինակ բան է չէ՞ բանաստեղծութիւնը. ընդամէնը մի քանի էջերու մէջ արձանագրուած բառեր կարելի կ՚ըլլայ մի քանի տասնեակ էջերու մէջ բացատրել եւ հո՛ն է բանաստեղծութեան հիմնական արժէքը. բանաստեղծութիւնը անկատար արուեստ մըն է, որ ընթերցողը ի՛նք աւարտին պիտի հասցնէ, այդ բառերն ու ապրումները յարմարեցնելով իր հոգիին ու ապրումներուն. մենք կը փորձենք վերլուծել Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնը, սակայն նոյն տողերն ու խօսքերը իւրաքանչիւրիս համար կրնայ տարբեր իմաստ մը ունենալ եւ այդ ապրումներուն մէջ է, որ իրար կը հանդիպին ընթերցողն ու բանաստեղծը. այդ յոյզերու հասարակաց գիծն է, որ գրողը կը դարձնեն բանաստեղծ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Արժանթինի դեսպան Ռաֆայէլ Կոնզալէս Ալեմանին։ Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանը շնորհաւորեց դիւանագիտական առաքելութեան ստանձման առթիւ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Իրանի նախագահական ընտրութիւնները յայտնապէս կը կայանան երկու փուլով: Թեկնածուներու ցանկի բիւրեղացումը երեք փուլ ունի: Սահմանադրութիւնը պահպանողներու խորհուրդը ներկայացող բազմաթիւ թեկնածուներու զտումը կը կատարէ։
«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը կամուրջ կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ աշխարհի միջեւ:
Կազմակերպիչները գոհունակութիւն կը յայտնեն 21 տարիներու տեւողութեան ապահովուած մեծ հեղինակութեան համար:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ անդրադարձաւ նոր աթոմակայանի մը կառուցման հեռանկարներուն։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ աշխատանքային գործընթացը առարկայական փուլ թեւակոխած է՝ նոր աթոմակայանի մը կառուցման հարցին մէջ։
Երեւան Թիֆլիզի հարթակին վրայ եւս Պաքուն մեղադրեց նոր խոչընդոտներ ստեղծելու պատճառով:
Արարատ Միրզոյեան Վրաստանի ղեկավարութեան հետ արժեւորեց տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր ու վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ:
«Հակառակ աշխարհի բոլոր դժուարութիւններուն՝ Անգարա-Մոսկուա կապերը կը զարգանան քայլ առ քայլ»:
Էրտողան Աստանայի մէջ Փութինի հետ տեսակցելու առընթեր, եռակողմանի հանդիպում մը ունեցաւ Ալեւի եւ Շէրիֆի հետ:
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի Վարդավառ» խորագրեալ դասական երաժշտութեան համերգ մը։ «Մենք երգ ենք» երիտասարդական համերգաշարի նախաձեռնութեան շրջանակին մաս կազմեց այս երեկոյթը, որու հանդիսավարն էր Անի Էրտողան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներէն Ժպիտ Համբարեան իրաւունք շահած է՝ Իսթանպուլի պետական երաժշտանոցը յաճախելու։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն պատանի ուխտաւորներ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կիրակի՝ յուլիսի 7-ին Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը:
Ժողովուրդի մէջ տօնը առաւել յայտնի է Վարդավառ անունով եւ հինէն եկած սիրելի տօն է: