Արխիւ
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Իրանի նախագահական ընտրութիւնները յայտնապէս կը կայանան երկու փուլով: Թեկնածուներու ցանկի բիւրեղացումը երեք փուլ ունի: Սահմանադրութիւնը պահպանողներու խորհուրդը ներկայացող բազմաթիւ թեկնածուներու զտումը կը կատարէ։
«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը կամուրջ կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ աշխարհի միջեւ:
Կազմակերպիչները գոհունակութիւն կը յայտնեն 21 տարիներու տեւողութեան ապահովուած մեծ հեղինակութեան համար:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ անդրադարձաւ նոր աթոմակայանի մը կառուցման հեռանկարներուն։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ աշխատանքային գործընթացը առարկայական փուլ թեւակոխած է՝ նոր աթոմակայանի մը կառուցման հարցին մէջ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Տակաւին Ն.Ք. 4-րդ դարուն հին յոյները ձեւակերպած են, այսպէս կոչուած, «կոյտի հակասութիւնը»: Ըստ այդմ՝ ցորենի մէկ հատիկը ակնյայտօրէն կոյտ չէ: Եթէ անոր վրայ աւելցնենք եւս մէկ հատիկ, դարձեալ, կարծես թէ, կոյտ չէ:
Երեւանի մէջ այս օրերուն բացուած է հետաքրքրական ցուցահանդէս մը։ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի կ՚ունենայ ձեռնարկը, որ կը կոչուի «Դարու վաւերագրութիւն»։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Վրաստան:
Երեւան եւ Թիֆլիզ այս շրջանին անմիջականօրէն կը զբաղին Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու ընթացքով:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած է փոքրիկն Ալեքս Քէյիշօղլուի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի եւ կնքահայրութեամբ Գամէր եւ Առլէթ Չատըրճեանի։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է երախտաշատ կրթական մշակ Մերի Զիվէր։ Յետ երկարատեւ ու տառապալի հիւանդութեան ան աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը, նաեւ մեծ ցաւ պատճառելով իր սիրելիներու շրջանակին։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
2007-ին հօրս խանութը ձեռային աշխատանքներուս վաճառք-ցուցասրահի վերածեցի։ Բայց… Ես ի ծնէ ուսուցիչ եմ, այստեղ ալ չդադրեցայ ուսուցիչ ըլլալէ։ Նախ ունէի անձնական դասերս ու աշակերտներս եւ ցուցասրահը վերածուած էր Հայոց պատմութեան եւ Հայ գրականութեան կեդրոնի։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ո՛չ ոքի համար գաղտնիք է այլեւս, թէ արաբական աշխարհի խոհանոցներու ճնշող մեծամասնութենէն ներս շոգեկաթսաներուն լռութիւնը եւ հրաժարիլը սուլելէն ներկայ ժամանակին, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ յարգանքի տեսակ մը տարածաշրջանէն ներս ամենէն մեծ շոգեկաթսայի սուլոցին եւ անոր թնդանօթներէն ու մօտիկ եղող բարձրախօսներէն բարձրացող շոգիին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ապա կ՚ըսէր.- Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնենք կամ ի՞նչ առակով զանիկա բացատրենք։ Մանանեխի հատին նման է, որ հողին մէջ ցանուած ատենը՝ երկրի վրայ եղած սերմերուն ամենէն պզտիկն է, բայց երբ ցանուի, բուսնի, բոլոր ծառերէն ալ մեծ կ՚ըլլայ եւ մեծ ճիւղեր կ՚արձակէ, այնպէս որ երկնքի թռչուններուն կը բաւէ անոր շուքին տակ բնակելու»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բանաստեղծութիւնը գրականութեան գագաթնակէտը կը նկատուի, սակայն իրականութեան մէջ ան կը գերազանցէ գրականութեան էջերը եւ կը դառնան ներհայեցողութեան լաւագոյն միջոց, ըմբռնելու համար ներքին ապրումներն ու զգացումները:
Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան երկօրեայ գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ Աստանայի մէջ:
Էրտողան-Փութին ժամադրութեան ընդառաջ Քրեմլին ընդգծեց, որ տեւական երկխօսութիւն գոյութիւն ունի կողմերուն միջեւ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կը կոչուի հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը:
Պատասխան. Առակագիրը այսպէս կը կոչէ այդպիսին. «Հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը, որ հպարտ եւ յանդուգն է՝ ծաղրող կը կոչուի» (Առ 21.24):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բոլորիս ծանօթ է Յիսուսի հացերուն բազմացման հրաշքը. (ՄԱՏԹ. ԺԴ. 13-21, ՄԱՐԿ. Զ 30-44, ՂՈՒԿ. Թ 10-17 եւ ՅՈՎՀ. Զ 1-14), ուր հինգ հացով եւ երկու ձուկով կերակրեց հինգհազարի չափ այր մարդիկ, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայոց մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակի «Որդուս» բանաստեղծութիւնը ունի յաւերժական եւ համամարդկային գրաւչութիւն մը. անոր շօշափած ճշմարտութիւնները կը գերազանցեն ժամանակի եւ տեղի առանձնայատկութիւնները:
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքի ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր ՈՒԷՖԱ-ի կեդրոնին վրայ, որ կը գտնուի Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ։ Այսպէս, ֆութսալի յաջորդ ախոյեաններու լիկի կառուցուածքի ձեւաւորման տեսակէտէ տեղի ունեցաւ կարեւոր հաւաքոյթ մը։
«Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի մասնագիտական անձնակազմը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
«Եկեղեցին հոգեփրկչական առաքելութեան ճանապարհին մշտապէս կարեւորած է անձի ֆիզիքական առողջութիւնը»:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Եթէ լրագրողը կամ հրապարակախօսը յօդուած կը գրէ, ցանկալի է, ի հարկէ, որ ան ամէն բան իր գլխէն չբստրէ, խելքին փչածը նոյն պահուն չշարադրէ: Լաւ կ՚ըլլայ, ինչպէս կ՚ըսեն, իրականութեան հետ հաշուի նստիլ, նաեւ ճշդել փաստերը մասնագէտներու հետ:
«Սեւանայ լճի ապագան» խորագրեալ հաւաքոյթը համախմբեց գիտնականներ ու քաղաքականութիւն մշակողներ:
Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կարեւոր քննարկում՝ Ամերիկեան համալսարանին մէջ: