Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016

Ե­գիպ­տա­կան օ­դա­յին ըն­կե­րու­թեան ե­րէկ ա­ռե­ւան­գուած օ­դա­նա­ւին վե­րա­բե­րեալ դէպ­քը ա­ւար­տին հա­սաւ՝ բա­րե­բախ­տա­բար ա­ռանց զո­հի։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016

Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան այս օ­րե­րուն Ռու­մա­նիա կ՚այ­ցե­լէ՝ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի Եւ­րո­միու­թեան հետ ներ­դաշ­նա­կեց­ման յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն հետ։ Օգ­տուե­լով դէ­պի Պուք­րէշ այ­ցե­լու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն՝ Սե­լի­նա Տո­ղան շփում­ներ ու­նե­ցած է նաեւ ռու­մա­նա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ ու­շագ­րաւ ու լուրջ կո­չով մը։ ԱՄՆ-ի Պաշտ­պա­նու­թեան եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի Թուր­քիոյ ա­մե­րի­կեան ռազ­մա­խա­րիսխ­նե­րու անձ­նա­կազ­մին ըն­տա­նիք­նե­րը հե­ռա­նան երկ­րէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւ­նը վճռա­կան վե­րա­բեր­մունք ցոյց կու տայ այն գայ­թակ­ղու­թեան պնդում­նե­րուն շուրջ, ո­րոնք վեր­ջերս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուին լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն մօտ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, որ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Մա­սա­չու­սե­ցի նա­հան­գէն ներս ե­րէկ շա­րու­նա­կեց գոր­ծադ­րել իր ծրա­գի­րը, որ յա­գե­ցած էր կա­րե­ւոր հանգ­րուան­նե­րով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016

«Նուրսանլար հոլտինկ»ը տարեկան ընդհանուր ժողովին զուգահեռ նշեց իր հիմնադրութեան 60-ամեակը։
Յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեանի ընկերութիւնը յառաջատար դիրքի վրայ է արդիւնաբերութեան գետնի վրայ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​1651 թուա­կա­նին Փի­լիպ­պոս Կա­թո­ղի­կոս (1632-1655) Պո­լիս գտնուած մի­ջո­ցին՝ Ե­ղիա­զար Պատ­րիար­քը (1651-1652) պատ­րիար­քու­թե­նէ հե­ռա­ցու­ցած էր եւ ա­նոր տեղ Յով­հան­նէս Դ Մուղ­նե­ցին (1652-1655) Պատ­րիարք կար­գած էր։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ, ստա­մոք­սի բա­ւա­կան լուրջ ան­հանգս­տու­թիւն զգա­ցի։ Կաս­կած­ներս կը տա­րու­բե­րէին պա­ղա­ռու­թեան եւ ճա­շի հե­տե­ւանք՝ թե­թեւ թու­նա­ւո­րու­մի մի­ջեւ։ Թէյ, տնա­յին դար­մա­նու­մի մի­ջոց­ներ… ար­դիւնք չտուին։ Հե­ռա­ձայ­նե­ցի բժիշ­կիս, որ նոյն օրն իսկ ժա­մադ­րու­թիւն մը ճշդեց։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­սօր շփում­նե­րու կը ձեռ­նար­կէ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, ուր կու տայ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը։ 31 Մարտ-1 Ապ­րիլ թուա­կան­նե­րուն ան Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ կը մաս­նակ­ցի Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան Դ. գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Հարկ է նշել, որ այս գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րը 2010 թուա­կա­նէն ի վեր տե­ղի կ՚ու­նե­նան Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ եւ Թուր­քիա սկիզ­բէն ի վեր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ ա­նոնց։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

«Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ հաս­տա­տու­թե­նէն ներս բա­ցուած է նոր գրա­դա­րան մը։ «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի գրա­դա­րա­նը ուղ­ղուած է հայ­կա­կան հար­ցի եւ Թուր­քիոյ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն վրայ մաս­նա­գէտ­նե­րը եւ հե­տա­զօ­տող­նե­րը խրա­խու­սե­լու հա­մար։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ժա­մա­նած է Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ 31 Մարտ-1 Ապ­րիլ թուա­կան­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րէ Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին, որ կը կազ­մա­կեր­պուի չոր­րորդ ան­գամ։ Գա­գա­թա­ժո­ղո­վի տան­տէրն է ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա։ Այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վին հրա­ւի­րուած է նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

Ե­գիպ­տա­կան օ­դա­յին ըն­կե­րու­թեան օ­դա­նաւ­նե­րէն մին այս ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն ա­ռե­ւան­գուե­ցաւ՝ Ա­ղեք­սանդ­րիա-Գա­հի­րէ թռիչ­քը ի­րա­կա­նաց­նե­լու ժա­մա­նակ։ Թռիչք առ­նե­լէ կարճ ժա­մա­նակ անց ա­ռե­ւան­գուե­ցաւ օ­դա­նա­ւը, որ պար­տադ­րա­բար վայ­րէջք կա­տա­րեց Լար­նա­քայի օ­դա­կա­յա­նը, Հարաւային Կիպրոս։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քին ար­ձա­նը ե­րէկ բա­ցուե­ցաւ հա­մեստ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։ Հա­զիւ քա­նի մը տաս­նեակ ե­րախ­տա­ւոր­ներ ներ­կա­յու­թիւն բե­րին հա­ւա­քոյ­թին։ Ընդ­հան­րա­պէս, նման ա­ռիթ­նե­րով կ՚օգ­տա­գոր­ծուի այն բա­նա­ձե­ւու­մը, թէ ար­ձա­նը կու գայ ան­մա­հաց­նել են­թա­կա­յին յի­շա­տա­կը։ Բնա­կա­նա­բար, այս պա­րա­գա­յին կա­րե­լի չէ օգ­տա­գոր­ծել այդ բա­նա­ձե­ւու­մը։ Ար­դա­րեւ, Օր­մա­նեան ար­դէն ան­մահ մըն է եւ իր ար­ձանն ալ, գու­ցէ, հա­մա­րուի ան­մա­հի մը կո­թո­ղը։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մը այս տա­րի եւս Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ ա­ռար­կայ դար­ձաւ ե­րէց­նե­րու գուր­գու­րան­քին։ Դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մի երկ­սեռ ան­դամ­նե­րը, ո­րոնց յանձ­նեց Տնօ­րէն խոր­հուր­դին կող­մէ պատ­րաս­տուած տա­ղա­ւա­րի նուէր­նե­րը։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մեհ­տի Է­քէր, որ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նախ­կին նա­խա­րարն է, ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Պատ­րիար­քա­րան այ­ցե­լեց՝ շնոր­հա­ւո­րե­լու հա­մար մեր հա­մայն­քին Ս. Զատ­կի տօ­նը։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

Ս. Զատկի առթիւ Գումգաբուի համայնքային ընդունելութիւնը առանձնացաւ ծանրաբեռնուած օրակարգով:
Պատրիարքարանի կողմէ կազմակերպուած համերգին պիտի մասնակցի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն ներկայացուցիչ մը:

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

Յայտնի քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեանի ստեղծագործութիւնը բառին բուն իմաստով կը պայմանաւորէ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ ու մեծանուն գահակալին խորհրդանշած կերպարը՝ սերունդներու յիշողութեան մէջ անոր ընկալման տեսանկիւնէն։
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի արձանը։
Շիշլիի գերեզմանատունէն ներս Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան հանդիսապետեց երէկուան բացման արարողութեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

​Մարտ 21-ին վախ­ճա­նած է հայ գրա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ւոր դէմ­քե­րէն բա­նաս­տեղծ ­Վա­հան ­Մի­րա­քեան (1866-1942), ո­րուն ծննդեան 150-ա­մեա­կը կը նշո­ւի այս տա­րի։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

Զ. ՍՕ­ՆԱ

Թոռ­նի­կը կը ձայ­նէր մեծ­մօր. «Ե­կո՛ւր եաեա(x), տե՛ս քեզ շատ յու­զող պատ­կեր մը կայ հա­մա­կար­գի­չին մէջ»։ Երբ մեծ­մայ­րի­կը ակ­նո­ցը ա­ռած, մօ­տե­ցաւ թոռ­ա­նը՝ պար­զուած տե­սա­րա­նը իս­կա­պէս յու­զիչ եւ կեր­պով մը դաս­տիա­րա­կիչ էր մար­դոց հա­մար։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Զուի­ցե­րիա։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան Ժը­նե­ւի մէջ կը մաս­նակ­ցի՝ Սու­րիա­յէն խոյս տա­լով այլ եր­կիր­նե­րու մէջ ա­պաս­տան գտած փախս­տա­կան­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց տա­լու հա­մար կազ­մա­կեր­պուած բարձր մա­կար­դա­կի հան­դիպ­ման։

Էջեր