Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի շփում­ներ ու­նե­ցաւ Մոս­կուա­յի մէջ, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Մոս­կուա եւ Ո­ւա­շինկ­թըն յա­ջո­ղած են յա­ռա­ջըն­թա­ցի հաս­նիլ բազ­մա­թիւ բարդ հար­ցե­րու շուրջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած Պրիւք­սէ­լի վեր­ջին զգա­յա­ցունց յար­ձակ­ման ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հրա­պա­րա­կեց շատ կա­րե­ւոր տուեալ­ներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ այ­սօր Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէ­իլ Ճա­նե­լի­ծէ եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դու­արդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ, ուր Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Այս առ­թիւ Նալ­պան­տեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի հետ։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Հունգարիայէն եւ Քուէյթէն պատուիրակութիւններ հիւրընկալուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը մտահոգութիւն յայտնեց ծայրայեղական ուժերու թշնամանք սերմանելու ջանքերուն շուրջ:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս զգայացունց իրերայաջորդ իրադարձութիւններ, որոնք հանրային կարծիքին մօտ ծնունդ կու տան հարցականներու։
Տ. Արիս Արքեպիսկոպոս Շիրվանեան հրաժարեցաւ։
Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան Տնօրէն ժողովին կողմէ նշանակուեցաւ՝ դիւանապետ ու միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Պէ­յօղ­լուի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րէն Օք­սէն Խա­չա­նեան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի են­թար­կուի վի­րա­հա­տու­թեան։ Ըստ իր ըն­տա­նի­քին կող­մէ մե­զի փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, Օք­սէն Խա­չա­նեան վեր­ջին օ­րե­րուն ան­ցած է բժշկա­կան հեր­թա­կան քննու­թե­նէ՝ Շիշ­լիի «Էթ­ֆալ» հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ, ուր տե­ղի ու­նե­ցած է իր դար­մա­նու­մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ տօ­նե­ցին Ս. Զատ­կի մօ­տա­լուտ գա­լուս­տը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Christian Dior նո­րա­ձե­ւու­թեան տու­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է նոր կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէ­նը, որ նուի­րուած է La Rose des Ventes զար­դե­րու հա­ւա­քա­ծո­յի նոր շար­քի թո­ղարկ­ման:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Ի­տա­լա­կան Fendi նո­րա­ձե­ւու­թեան տու­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է պա­յու­սակ­նե­րու նոր հա­ւա­քա­ծոն՝ նա­խա­տե­սուած գա­րուն/ա­մառ-2016 ե­ղա­նա­կին հա­մար:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Ի­տա­լա­ցի ձե­ւա­գէտ եւ նո­րա­ձե­ւու­թեան տան հիմ­նա­դիր սե­փա­կա­նա­տէր Ճիոր­ճիօ Ար­մա­նի հրա­ժա­րած է բնա­կան մորթ օգ­տա­գոր­ծե­լէ իր նոր հա­ւա­քա­ծո­յի ստեղծ­ման ժա­մա­նակ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

1954 թուա­կա­նէն ի վեր Մո­նա­քո­յի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Վար­դե­րու տօ­նա­հան­դէս բա­րե­գոր­ծա­կան ե­րե­կոն, զոր պար­տա­դիր ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ կը պա­տուեն Մո­նա­քո­յի իշ­խա­նա­կան տոհ­մի  ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը նա­խա­ձեռ­նէ «Տա­տիս սնդու­կը» թե­մա­յով ցու­ցա­հան­դէս մը, ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի ցու­ցադ­րուին ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ կամ ան­հատ­նե­րու մօտ նա­խորդ սե­րունդ­նե­րէն պահ­պա­նուած ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­ներ եւ կեն­ցա­ղա­յին ի­րեր:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Քան­նի հեր­թա­կան՝ 69-րդ շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մա­յի­սի 11-22 թուա­կան­նե­րուն: Իւ­րա­քան­չիւր տա­րի այս առ­թիւ կը ներ­կա­յա­ցուի պաս­տառ մը, որ ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւէ իր ծրագ­րին հա­ւա­սար:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նա­ցոյ­ցով Մարտ 21-ին մեկնար­կեց Ա­ւագ շա­բա­թը, որ նաեւ կ՚ա­նուա­նուի «Չար­չա­րա­նաց շա­բաթ»: Ա­նի­կա Մեծ պահ­քի վեր­ջին շա­բաթն է եւ կը խորհր­դան­շէ Յի­սուս Քրիս­տո­սի երկ­րա­յին կեան­քի կա­րե­ւոր շրջա­նը՝ վեր­ջին օ­րե­րու ու­սու­ցումնե­րը, չար­չա­րանք­նե­րը, մա­հը եւ յա­րու­թիւ­նը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​«Վեր­ջա­բան»ով մը սկսինք. մեր այ­սօ­րուան խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ։
«Վեր­ջա­բան»ը, ի­րա­կա­նին, Պետ­րոս Դու­րեա­նին մէկ քա­ռեա­կին վեր­նա­գիրն է։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Թե­մէն ներս Նի­սի տագ­նա­պը կը շա­րու­նա­կուի։ Թէեւ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեա­նի վեր­ջին ջան­քե­րուն շնոր­հիւ կան յոյ­սի նշոյլ­ներ, սա­կայն գործնա­կան ար­դիւն­քը կը բա­ցա­կա­յի։ Առ­կայ վի­ճա­կին մէջ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ»ի սիւ­նակ­նե­րուն յայտ­նուե­ցաւ Նի­սէն Նու­պար Սե­րով­բեա­նի յօ­դուա­ծը, զոր կ՚ար­տատ­պենք յա­պա­ւում­նե­րով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

​Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս լսումներ՝ նոր ընտրական օրէնսգրքին կապակցութեամբ:
Նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան անդրադարձաւ ընդդիմութեան կողմէ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկներուն:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ պե­տա­կան բարձր պար­գեւ­ներ յանձ­նեց «Փիւ­նիկ» մարդ­կա­յին մի­ջոց­նե­րու զար­գաց­ման հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր մարմ­նի եւ հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, նաեւ շարք մը ան­հատ բա­րե­րար­նե­րու։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Հաք­քեա­րիի եւ Մար­տի­նի մէջ պատ­ճառ դար­ձաւ անվ­տան­գու­թեան հինգ պաշ­տօ­նեա­նե­րու նա­հա­տակ­ման։

Էջեր