Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

«Առ մեզ ագիր. զի ընդ երեկս է եւ տարաժամեալ է օրս» (Ղուկաս, 24.29)

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րեց, որ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն վերջ­նա­կան նպա­տա­կը եւ գլխա­ւոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւնն է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան եր­կա­րա­տեւ լու­ծու­մը։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

Այ­սօր կէս գի­շե­րին պի­տի սկսի ամ­րան ժա­մու դրու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ Ժա­մը՝ 03.00-ին ժա­մա­ցոյց­նե­րը պի­տի առնուին ժամ մը ա­ռաջ։ Ու­ժա­նիւ­թի խնա­յո­ղու­թեան հա­մար կը կա­տա­րուի այս կար­գադ­րու­թիւ­նը, Նախարարաց խորհուրդի որոշման հիման վրայ։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

Տա­ղա­ւա­րի օր մը դար­ձեալ... Սուրբ Զա­տի­կը կը թա­կէ մեր դռնե­րը։ Հա­յաս­տե­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գե­րը կը ղօ­ղան­ջեն տօ­նա­կան ա­ւե­տի­սով։ Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թեան հո­գե­ւոր հրճուան­քով հա­մա­կուած է՝ հայ-քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։ Հա­մայն քրիո­տո­նեայ աշ­խար­հը տօ­նա­կան ցնծու­թեան մէջ է, իսկ այդ ու­րա­խու­թեան մէջ ան­պա­կաս՝ խա­ղա­ղու­թեան մաղ­թան­քը հա­մայն աշ­խար­հին հա­մար։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

ԳՐԻ­ԳՈՐ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Զատ­կի տօ­նի առ­թիւ սո­վո­րու­թիւն է եւ ժո­ղովր­դա­կան-մշա­կու­թա­յին ա­ւան­դու­թիւն՝ հաւ­կիթ ներ­կե­լը, ձուա­խա­ղը կամ հաւ­կիթ­ներ ի­րար զար­նե­լով մրցե­լու սո­վո­րոյ­թը։ Ար­դա­րեւ Զատ­կի տօ­նը եւ հաւ­կի­թը կար­ծես նոյ­նա­ցած է թէ՛ ըն­կե­րա­յին եւ թէ ըն­տա­նե­կան կեան­քէն ներս եւ այս սո­վո­րու­թիւ­նը, սե­րուն­դէ սե­րունդ շա­րու­նա­կուե­լով «ա­ւան­դու­թեան» ար­ժէք է ստա­ցած։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​Յի­սուս սոսկ պատ­մա­կան դէմք մը չէ, այլ ան­ժա­մա­նակ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան մէջ յա­րա­կեն­դան եւ գոր­ծօն անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը։ Ան «կեն­դա­նի Աս­տու­ծոյ Որ­դին»՝ Ինք կեն­դա­նի Աս­տուած է։ Յի­սուս հաս­տա­տեց այս ճշմար­տու­թիւ­նը.

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

​«Այլ շնորհք Աս­տու­ծոյ, որ ետ մեզ զյաղ­թու­թիւն ի ձեռն
Տեառն մե­րոյ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի» (Ա. Կորնթ. ԺԵ. 57)։

 

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

- Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ՓՔՔ­-ի դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ Ռազ­մաօ­դա­յին զօր­քե­րը ոչն­չա­ցու­ցին ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան 11 թի­րախ­նե­րը։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

29 Մար­տին, Ե­րե­ւա­նի Վազ­գէն Սարգ­սեա­նի ա­նուան հան­րա­պե­տա­կան մար­զա­դաշ­տին վրայ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տան-Դա­նիա մրցու­մը, որ կը գտնուի Եւ­րո­պա­յի քսան­մէկ տա­րե­կա­նէն վար 2017-ի ա­խո­յե­նու­թեան զտու­մի մրցա­շար­քի ծի­րին մէջ:

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

ԱՅ­ՏԱ ՄԱՀ­ՍԵ­ՐԷ­ՃԵԱՆ-ՍՐԱ­ՊՈ­ՆԵԱՆ

Իւ­րա­քան­չիւր հա­ւա­տա­ցեալ ու­նի մօ­տե­ցու­մի ձեւ մը առ Աս­տուած: Ո­մանք ա­ռանձ­նա­նա­լով կը ջա­նան կեդ­րո­նա­նալ ու խո­կալ, ո­մանք ալ ար­տա­սա­նու­թեան ձե­ւով կը կրկնեն այն, ինչ որ սոր­ված են ի­րենց մե­ծե­րէն, յա­ճախ չհասկ­նա­լով ի­մաս­տը ի­րենց ը­սա­ծին:

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ար­ցախ այ­ցե­լող օ­տար զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն թի­ւը տա­րե­կան 30-40 տո­կո­սով աճ ար­ձա­նագ­րած է։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­մա­ձայն, լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին յայտ­նած է Ար­ցա­խի Տնտե­սու­թեան փոխ-­նա­խա­րար Սէր­կէյ Շահ­վեր­տեան։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­հը՝ կեան­քին ան­խու­սա­փե­լի վախ­ճանն է։ Մա­հուան քրիս­տո­նեայ ի­մաս­տը կը յայտ­նուի Քրիս­տո­սի մա­հուան եւ յա­րու­թեան «Զատ­կա­կան խոր­հուրդ»ին լոյ­սին մէջ, այն Քրիս­տո­սին՝ ո­րուն վրայ դրուած է մար­դուս միա՛կ յոյ­սը։ Քրիս­տո­նեան որ կը վախ­ճա­նի ի Քրիս­տոս Յի­սուս, «կը թո­ղու այս մար­մի­նը եւ կ՚եր­թայ բնա­կե­լու Տի­րոջ մօտ» (Բ ԿՈՐՆ. Ե 8)։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Շա­հէն Ա­ւա­գեան, Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պան Ժան-Ֆրան­սուա Շար­փան­թիէ եւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Զուի­ցե­րիոյ դես­պան Լու­քաս Կաս­սէր ե­րէկ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Հարկ է նշել, որ Լու­քաս Կաս­սէր Հա­յաս­տա­նի մէջ ֆրան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու դես­պան­նե­րու նա­խա­գահն է։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ յայտնի իրաւաբանը մասնաւոր հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Պետական լրջագոյն վերաբերմունք:
Անթիլիասի կողմէ սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի տարածքին սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու համար բացուած դատին շրջագծով՝ սահմանադրական ատեանը հարցը յանձնած Է Արդարադատութեան նախարարութեան նկատառման:
Ըստ փաստաբան Ճէմ Սոֆուօղլուի, մինչեւ աշուն կրնայ արձակուիլ վճիռը: Չի բացառուիր, որ բարձրագոյն դատարանը յարմար նկատէ առաջին օղակներէն սկսեալ այս թղթածրարին քննարկումը:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ տօ­նե­ցին Ս. Զատ­կի մօ­տա­լուտ գա­լուս­տը:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ ա­շա­կերտ­նե­րը լիու­լի ապ­րե­ցան Ս. Զատ­կի շրջա­նի ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը։ Դպրո­ցի ա­ւան­դա­պահ ըն­տա­նիք­նե­րը այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պե­ցին փա­ռա­տօն մը, որ ու­նէր ճոխ յայ­տա­գիր։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Վա­րու­ժան Թավ­րա­յի։ Թա­ղա­կան­նե­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէր նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց Տ. Ե­ղիա Քհնյ. Քեր­վան­ճեան։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Յ. ՀԵԼ­ՎԱ­ՃԵԱՆ

Ծնած եմ տխուր եւ ան­բախտ տա­րի մը, Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ, զրկե­լով մայրս Աս­տուա­ծած­նի նուի­րուած պա­տա­րա­գէն: Ե­թէ աղ­ջիկ ծնէի, ան­պայ­ման Մա­րիամ ա­նու­նը պի­տի ստա­նա­յի: Ծնած թուա­կանս կը զու­գա­դի­պէր Աս­տուա­ծած­նայ տօ­նին.- 17 Օ­գոս­տոս, 1958:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ ա­ռիթ ու­նե­ցած է Ե­րե­ւա­նի մէջ Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տան գրա­սե­նեա­կի բա­ցու­մին ա­ռի­թով անդ­րա­դառ­նա­լու «Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն» հիմ­նադ­րա­մին եւ ա­նոր ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ծրագ­րե­րուն: «Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն» գի­տակր­թա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը հիմ­նուած է 2013 թուա­կա­նին՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով խթա­նել ուի­քի նա­խա­գի­ծե­րու տա­րա­ծումն ու զար­գա­ցու­մը՝ հա­յաշ­խար­հի մէջ եւ ընդ­հա­նրաց­նել ա­զատ գի­տե­լի­քի գա­ղա­փա­րը։ Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ զա­նա­զան նա­խա­գի­ծեր, ո­րոնց­մէ յա­ռա­ջա­տարն է «Ո­ւի­քի­փե­տիա Հա­յաս­տա­ն­»ը:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, փի­լիպ­պե­ցի­նե­րուն ուղ­ղուած իր նա­մա­կին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Մենք, սա­կայն, եր­կին­քի քա­ղա­քա­ցի­ներ ենք եւ հոն­կէ՛ կը սպա­սենք որ գայ մեր Փրկի­չը՝ Տէր Յի­սուս Քրիս­տոս, որ մեր մահ­կա­նա­ցու մար­մին­նե­րը պի­տի կեր­պա­րա­նա­փո­խէ եւ իր մար­մի­նին պէս փա­ռա­ւոր դարձ­նէ իր զօ­րու­թեամ­բը, ո­րով կրնայ ա­մէն ինչ իր իշ­խա­նու­թեան են­թար­կել» (ՓԻ­ԼԻՊ. Գ 20-21)։

Էջեր