Արխիւ

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ազ­գա­յին տօ­նին՝ Ան­կա­խու­թեան օ­րուան առ­թիւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­ղա­քիս մօտ ԱՄՆ-ի հիւ­պա­տո­սա­րա­նին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ ԱՄՆ-ի Ազ­գա­յին տօ­նը կը նշուի Յու­լի­սի 4-ին, իսկ այս տա­րի հիւ­պա­տո­սա­րա­նի տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը լոյս ըն­ծա­յեց Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Դա­ւիթ Կիւր­ջի­նեա­նի «Հա­յոց լե­զու. խօս­քա­րուես­տի դա­սա­գիրք» խո­րագ­րեալ ու­սում­նաօ­ժան­դակ ձեռ­նար­կը՝ նա­խա­տե­սուած հո­գե­ւոր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէ ներս գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ֆրանսահայ միշտ հմայիչ երգչուհին կ՚ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ շքանշանին արժանանալու ուրախութիւնը:
Ռոզի Արմէն արտասովոր ուժ մը ունի երազանքներն ու ցանկութիւնները իրականութիւն դարձնելու ուղղութեամբ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը այս շաբաթավերջին կը բացուի պաշտօնապէս:
Հոգատար մարմինը թարմ եռանդով գործի լծուած է համայնքի երախաներու արձակուրդին համար:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

«Իմ հայրս՝ Ե­րուանդ Յա­կո­բեա­նը, քա­ռա­սուն որ­բե­րէն մէկն էր­…»: Սի­մոն Յա­կո­բեա­նը ծնած է Ե­թով­պիա: Հայ­րը՝ Ե­րուանդ, մէկն էր Եղեռնէն ճո­ղոպ­րած այն քա­ռա­սուն որ­բե­րէն, զորս թա­գա­ւոր Հայ­լէ Սե­լա­սիէ 1924-ին Ե­րու­սա­ղէ­մէն բե­րաւ Ե­թով­պիա:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Պատ­րիար­քա­րա­նը լոյս ըն­ծա­յած է «Քնար Ա­րե­ւա­գա­լի» գիր­քը, որ կը բո­վան­դա­կէ ե­րա­նաշ­նորհ Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի ան­տիպ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը։ Այս­պէս, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ «Ար­մաշ» մա­տե­նա­շա­րէն որ­պէս 11-րդ հա­տոր լոյս տե­սաւ ար­մա­շա­կան հայ­րե­րէն ե­րա­նաշ­նորհ Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի՝ մե­ծա­նուն Տրա­պի­զոն­ցիի «Քնար Ա­րե­ւա­գա­լի» խո­րագ­րեալ ան­տիպ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

«Լոյս ի լուսոյ» համերգաշարին Իսթանպուլի հանգրուանը:
Այա Իրինիի մէջ տեղի ունեցաւ Տիգրան Համասեանի համերգը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս ա­մէն յարգ ու պա­տիւ ի­րենց յար­մար կը նկա­տեն եւ միշտ ա­ւե­լի մե՛ծ ըլ­լա­լու ձգտում մը ու­նին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

Ան­թի­լիա­սի մէջ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը ըն­դու­նեց Պէյ­րու­թի մօտ Զուի­ցե­րիոյ դես­պան Ֆրան­սուա Պար­րա­սը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մաս­նակ­ցե­ցաւ Մար­սէյ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող «Հա­յաս­տա­նի տա­րի» ծրագ­րի ձեռ­նարկ­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ե­րէկ Ան­թի­լիա­սի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Պէյ­րու­թի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ա­շոտ Քո­չա­րեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը պատ­րաս­տուին յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին հեր­թա­կան ան­գամ այ­ցե­լել հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանէն միշտ շինիչ խօսքեր:
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը չէ ձեւաւորած իր նոր համակարգող խումբը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անց­նող օ­րե­րուն Հա­լէ­պի վրայ ին­կած են երեք հարիւր հրթիռ­ներ եւ հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րը ե­ղած են ան­նա­խըն­թաց: Երեք օ­րե­րու վրայ տե­ղի ու­նե­ցած ռմբա­կո­ծում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով զո­հե­րուն թի­ւը հա­սած է քառասունի, մինչ վի­րա­ւոր­նե­րուն թի­ւը հա­տած է երկու հարիւրը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թանգարանէն ներս հետաքրքրական ձեռնարկ:
Պատմաբան Տքթ. Թանէր Աքչամի կողմէ բացատրութիւններ տրուեցան Սիսի կաթողիկոսարանի դատին շուրջ:

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015

Հա­յաս­տա­նի ա­նուա­նի հա­մոյթ­ներն ու մե­նա­կա­տար­նե­րը իւ­րա­յա­տուկ ե­լոյթ­նե­րով, ջերմ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րով, շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րով ու հիաց­մուն­քի խօս­քե­րով նշե­ցին Օ­ֆե­լիա Համ­բար­ձու­մեա­նի 90-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015

Յու­նիս 28-Յու­լիս 5 թուականներու միջեւ, Ար­ցա­խի մէջ 4-րդ­ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պո­ւի դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան «Տնջրէ» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցին պա­տա­նի կա­տա­րող­ներ աշ­խար­հի տասն­մէկ եր­կիր­նե­րէ՝ Ի­տա­լիա­յէն, Սլո­վե­նիա­յէն, Պոս­նա­յէն, Ֆին­լան­տա­յէն, Շո­ւէ­տէն, Լե­հաս­տա­նէն, Լիթ­վիա­յէն, Սին­կա­փու­րէն, Հո­լան­տա­յէն, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թե­նէն եւ Ար­ցա­խէն:

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի փոխ-նա­խա­րար Ա­րեւ Սա­մուէ­լեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ 2004 թուականէն մին­չեւ այ­սօր Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին վե­րա­կանգ­նուած է շուրջ վաթ­սու­նութ պատ­մա­կան յու­շար­ձան։ Այդ նպա­տա­կով պե­տա­կան պիւտ­ճէէն ծախ­սուած է շուրջ 4 մի­լիառ դրամ։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015

Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի եւ Ազատութեան հրապարակի ցոյցերը կը շարունակեն բնորոշել Հայաստանի քաղաքական օրակարգը - «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան բողոքի ալիքը թեւակոխեց իններորդ օրը:
Վլատիմիր Գասպարեան. «Երիտասարդութիւնը մեր ապագան է եւ ոստիկանութիւնը չի պատրաստուիր կոտորել երիտասարդները»:

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015

Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ քննարկումներ:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան. «Հայաստան Եւրոպական միութեան հետ ունի համապարփակ գործընկերութիւն ու կը կարեւորէ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը, նաեւ խորացումը առեւտրական ու տնտեսական համագործակցութեան»:

Էջեր