Արխիւ
Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտները, որոնք նախընթաց օր ստացած էին իրենց վկայականները, երէկ իրիկուն խրախճանքով մը նշեցին իրենց ուսումնական կեանքի յաջող աւարտը։
Էսաեան վարժարանի երբեմնի տնօրէնուհի Հերմինէ Գալուստեան, որ ուսուցչական պաշտօն վարած է նաեւ Կալաթասարայի վարժարանին մէջ, երէկ ոգեկոչուեցաւ իր խումբ մը սաներու այցելութեամբ։
Վագըֆներու ընդհանուր խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Տքթ. Թորոս Ալճանի ատենապետութեամբ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրամասնութեանց համայնքներէ ներկայացուցիչներու երկրորդ ժողովը։
Հռչակաւոր դաշնակահար Տիգրան Համասեան, որ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբին հետ ձեռնարկած է «Լոյս ի լուսոյ» կոչուած համերգաշարի մը, Անիի աւերակներուն եւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համերգներէն վերջ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ։
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունիի վախճանման կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ցաւակցագիր մը յղեց Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նօթեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Փարիզի ելոյթէն վերջ - Ե
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը սկսած է խօսիլ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին եւ յղումներ ընել Լոզանի դաշնագրին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նորութիւն մը չէ, որ կը բացայայտեմ: Հաւանաբար այս տողերը շատերուն տափակ «հնութիւններ» թուին կամ ըլլան: Բայց անպայման կ՚ուզեմ ըսել, թէ կ՚ապրինք 21-րդ դար, որ տակաւին իր քառորդին չհասած՝ արդէն մեզի ազգովին սկսած է կրկին անգամ համտեսել տալ եւ կամ ճանչցնել՝ տառապանքն ու սարսափը, ահն ու մահը, աւերակն ու ջարդը եւ նոյնիսկ՝ պատերազմն ու կոտորածը:
Տեսակցութիւն՝ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու կաճառ-մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի հետ:
«Ժողովուրդը կու գայ ճանչնալու իր ինքնութիւնը, անցեալը հասկնալու։ Պէտք է տեսնել այցելուներուն զարմանքը, ուրախութիւնն ու հիացումը։ Մենք գրկաբաց կ՚ընդունինք բոլորը»:
Հինգ տարիէ ի վեր «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը կը կազմակերպէ գիտելիքներու մրցոյթ՝ «Թէքէեանական ողիմպիական», որուն կը մասնակցին Հայաստանի եւ Արցախի Վահան Թէքէեանի անուան դպրոցներու աշակերտները։ Տարուէ տարի ձեռնարկը աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ ու կ՚ընդլայնէ իր ծաւալները։
Երկար ժամանակէ ի վեր ձգձգուող հարցին ուղղութեամբ պաշտօնական քայլ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան հանդիպում մը ունեցաւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիպ Շահինի հետ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նօթեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Փարիզի ելոյթէն վերջ - Դ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւնը սփիւռքեան անհեռանկար ազդեցութեան պայքարներու լոյսին տակ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ընդունեց Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լիւպոմիր Զաորալէքը, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Երեւանի մէջ։
Կառավարութիւնը որոշեց անփոփոխ թողուլ սակագինը:
Ելեկտրականութեան թանկացումին դէմ ցոյցը կը շարունակուի խաղաղ կերպով:
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի մահը մեծ սուգ յառաջ բերած է հայաշխարհէն ներս։ Հոգեւոր առաջնորդը համակրելի դէմք մըն էր ազգային կեանքէ ներս, ինչ որ կը պայմանաւորէ իր մահուան յառաջացուցած խոր ափսոսանքը։
Փարիզի Ս. Խաչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ յուզումնախառն արարողութիւն: Ֆրանսահայ համայնքային շրջանակները բիւր յարգանքով հրաժեշտ տուին նախկին «Յառաջ» օրաթերթի բազմամեայ խմբագրապետուհիին: Տ. Նորվան Արք. Զաքարեան խօսեցաւ կուռ դամբանական մը: Արփիկ Միսաքեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Փէր Լաշէզիգերեզմանատունը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուրիշը դատելու ե՛ւ դատապարտելու արարքը՝ զայն ինքնապաշտպանութեան կը մղէ եւ ենթական անգիտակցաբար կը յամառի իր սխալին մէջ։ Ուստի դատելու եւ դատապարտելու արարքը պէտք է արդար եւ իրաւացի ըլլայ՝ որպէսզի առիթ մը չներկայանայ ենթակային, իր սխալին մէջ յամառելու։
Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն:
Տ. Զատիկ Վարդապետ Պապիկեան պաշտօնապէս կը ձեռնարկէ քարոզչական աշխատանքի:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վերջին օրերուն իր յարկէն ներս հիւրընկալեց երկու դեսպաններ, մին հրաժեշտի, իսկ միւսը բարի գալուստի առթիւ։
Մխիթարեան վարժարանի պարտէզին մէջ երէկ սարքուեցաւ իֆթարի ճաշկերոյթ մը։
Ս. Խաչ դպրեվանքի շրջանաւարտից հանդէսը երէկ իրիկուն կայացաւ վարժարանի պարտէզին մէջ։ Խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր Սկիւտարի բարձունքին. հանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Դպրեվանքի առասպելանուն նախկին տնօրէն Հայկ Նշան, հին ու նոր դպրեվանքցիներ, որոնք փութացած էին ջերմօրէն ողջունելու վարժարանի նոր հունձքը։