Արխիւ
Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ այսօր Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար նշանակուեցաւ Դաւիթ Տօնոյեան։ Այս վերջինը պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալն էր ու նոր նշանակման համար ազատուեցաւ այդ պաշտօնէն։
23 միլիոն եւրօ ներդրումով տարածքաշրջանէ ներս Reebok-ի մեծագոյն կեդրոնը:
Նորակառոյց հսկայ ակումբի հնարաւորութիւնները բաւարար են՝ սպասարկելու տարեկան 15 հազար հոգիի:
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը շփումներ ունեցաւ երկրի հարաւային սահմաններու երկայնքով:
Բարձրաստիճան զինուորականներ քննարկեցին «Եփրատի վահան» գործողութեան ընթացքը: Սուրիոյ բանակն ալ կը յառաջանայ դէպի Էլ Պապ՝ հարաւ-արեւելեան հատուածէն մօտենալով քաղաքին:
Խրիմի մէջ սկսած է ռուս բեմադրիչ Ալեքսանտր Քոթի «Սպիտակ» շարժանկարի նկարահանումները, որ նուիրուած է Հայաստանի մէջ 1988 թուականի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին: Շարժապատկերին մէջ կը խաղան հայ եւ ռուս, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի դերասաններ:
Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ներկայացուցած Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2017 թուականի ծրագիրը եւ ձեռնարկներու ցանկին հաւանութիւն տալու մասին նախագիծը:
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին վերջերս շնորհուեցաւ՝ Հայաստանի մէջ գործող «Վասպուրական» հայրենակցական միութեան պատուոյ անդամի կոչում։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տարօն Մարգարեան այս առթիւ հանդիպում մը ունեցաւ այդ հայրենակցական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէնութեան ղեկավար Սարա Սուինֆորտ վերջերս այցելեց Երեւան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական երկխօսութեան, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան, մշակութային փոխանակումներու աշխուժացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը։
Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ զանազան ուղղութիւններով զարգացնել գործակցութիւնը Հայաստանի հետ:
Նոր իրաւական պայմանագրի պատրաստութեան ուղղեալ բանակցութիւնները կը մօտենան իրենց աւարտին:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
«Պայքար» շաբաթաթերթի (Նոր Շրջան) առաջին այս թիւով կը հրատարակենք ՌԱԿ պաշտօնաթերթին առաջին խմբագրին՝ Արմենակ Ն. Նազարի կենսագրութիւնը: 1899 թուականին Գարեգին Չիթճեան եւ Մխօ Շահէն Նիւ Եորքի մէջ կը հրատարակեն «Ձայն Հայրենեաց» անունով թերթը, որ Հայկակ Էկինեան փոխանցած էր իրենց: Թերթը Նիւ Եորքէն կը փոխադրուի Ուստր եւ ապա՝ Պոստոն, որ սկսած էր դառնալ ամերիկահայութեան առաջնորդութիւն տուող կարեւոր օրրանը:
ՆԱՐԱԶԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
4 Փետրուարին կը նշենք ծնունդը Զապէլ Եսայեանի (Յովհաննէսեան, 1878-1943-?), որ իր մնայուն եւ բարձրադիր պատուանդանը ունի հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ՝ իբրեւ ամենէն առինքնող կերպարներէն մէկը գրողի, մտաւորականի եւ ազգային գործիչի վաւերական վաստակ նուաճած մեծանուն հայ կիներու փաղանգին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ժամերուն, երբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան «տարին ամփոփող մամլոյ ասուլիս» կու տար, Ատրպէյճանի բանակի ջոկատներ Ղարաբաղի հիւսիսային սահմաններու (Թալիշ) ուղղութեամբ ներթափանցման փորձ կը կատարէին: Ատրպէյճանական ոտնձգութիւնը կը բախէր հայկական սահմանապահ զօրքերու համապատասխան քայլերուն, որոնց արդիւնքով գրոհող կողմը ետ կը մղուէր, առնուազն տալով մէկ վիրաւոր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս կենցաղավարութիւնը կը պահանջէ՝ հրաւէրը ընդունիլ եւ ընդառաջել անոր։ Արդարեւ հրաւէրը մերժել, հրաւիրողին բարեկամութիւնը մերժել կը նշանակէ, անշուշտ եթէ շատ բանաւոր եւ արդարացուցիչ պատճառ մը գոյութիւն չունի մերժումը։ Այս իմաստով, հրաւէրի մը ընդառաջել կամ մերժել չափանիշ մըն է երկու կողմին բարեկամութեան, մտերմութեան եւ անոնց փոխյարաբերութեան անկեղծութեանը, առողջութեանը։
Վենեզուելայի մէջ սկսած են նոր ուղղահայեաց թղթադրամներ հրապարակել՝ 500-էն մինչեւ 20.000 պոլիվար արժէքով: Մինչեւ հիմա մեծագոյն արժէքով թղթոսկին 100 պոլիվարն էր, որուն վրայի պատկերը եւս ուղղահայեաց դիրքով տպագրուած է:
Քարիւղի ճարտարապետներու միջազգային ընկերակցութիւնը վերջերս իր «Առողջապահութեան, ապահովութեան, կենսոլորտի պահպանման եւ ընկերային պատասխանատւութեան» մրցանակը շնորհած է Տքթ. Մարիանա Ոսկանեանին։
«Նարեկացի» արուեստի միութիւնը կը շարունակէ կեանքի կոչել ազգային նշանակութիւն ունեցող նոր կրթական ծրագրեր: Այսպէս, միութիւնը պիտի սկսի «Նարեկացի երգարան» խորագրեալ դասընթացներու շարքի մը, որու ընթացքին, իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Ուրբաթ օրը, ներկաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան սորվելու եւ միասին երգելու հայկական երգեր՝ ժողովրդական, գուսանական, հոգեւոր, երգահանական, մանկական եւ այլն:
Լոնտոնաբնակ պատմաբան Տէյվիտ Կրանտ կը պնդէ, որ տասն տարի փնտռտուքներէ ետք յայտնաբերած է Աղեքսանդր Մակեդոնացիի կտակը: The Daily Mail պարբերականը հրապարակած է կտակին լուսանկարը, որ գրուած է գրաբարով:
Գալիֆորնիոյ, Միացեալ Նահանգներ, «Ապրիլ» գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեանի նոր բանաստեղծական ժողովածոյին՝ «Օրաւուր» գիրքին շնորհահանդէսը:
Մոսկուայի «Չայքովսքի» պետական երաժշտանոցը վերջերս նուէր ստացաւ աշխարհահռչակ յօրինող Արամ Խաչատուրեանի կիսանդրին։ Կը հաղորդուի, որ այդ քանդակը պիտի տեղադրուի երաժշտանոցի մեծ դահլիճի մուտքասրահին մէջ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան աւարտելով իր պաշտօնական ուղեւորութիւնը դէպի Թեհրան՝ վերադարձաւ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ուղեւորութեան վերջին փուլին Վիգէն Սարգսեան հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այէթուլլահ Խամանէյի արտաքին քաղաքական հարցերով խորհրդականին՝ Ալի Էքպէր Վելայէթիի հետ։
Մինչ Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ, Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ գերեվարուած ազէրի զինուոր Էլնուր Հիւսէյինզատէի հարցը կը մնայ ուշադրութեան առարկայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Թալիշի մէջ նախընթաց օր Ատրպէյճանի զօրքերը կատարած էին ներթափանցման փորձ մը, որու ձախողման զուգահեռ գերի ինկած էր Էլնուր Հիւսէյինզատէ։