Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

2014-2015 կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ ստեղ­ծուած խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած անդ­րա­նիկ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ, ե­րէկ, այս դպրո­ցին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Պէ­յա­զը­տի «Փրե­զի­տընթ» պան­դո­կին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի այս տարուան միջ­նա­կար­գի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ի պա­տիւ ընթ­րիք մը։ Ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ ըն­թա­ցաւ ե­րե­կոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քին կող­մէ տղա­քը խրա­խու­սուե­ցան՝ ի­րենց կրթա­կան կեան­քի այս կա­րե­ւոր ճամ­բա­բա­ժա­նին։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­ղի Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի նո­րաս­տեղծ ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մի անդ­րա­նիկ հա­մեր­գը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Վեր­ջին քա­նի մը ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին ձեռ­նար­կուած աշ­խա­տան­քի անդ­րա­նիկ պտուղն էր այս հա­մեր­գը, որ մեծ յու­զում յա­ռա­ջա­ցուց Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին մօտ։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի՝ գե­ղա­րուես­տի զա­նա­զան ճիւ­ղե­րու հե­տա­մուտ սա­նե­րը վեր­ջերս Սա­մա­թիոյ «Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ հան­դէս ե­կան եր­կու ներ­կա­յա­ցում­նե­րով, ո­րոնք ըստ էու­թեան եր­գի ու պա­րի ձօնուած ե­րե­կոյթ­ներ էին։ Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տէ­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը եւ Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն յա­րա­կից մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ հա­ճոյ­քով մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս ձեռ­նարկ­նե­րուն։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ «Ա­լէֆ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը լոյս ըն­ծա­յած է ար­ժէ­քա­ւոր լու­սան­կա­րիչ Նուր­ան Աք­քա­յա­յի գիր­քը, որ կը կո­չուի «Հա­յեր»։ Նուր­ան Աք­քա­յա­յի «Հա­յեր»ը ար­դիւնքն է շուրջ եօթ տա­րուան բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տան­քի մը։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Ֆրանսայի եւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահներու բարձր հովանաւորութեամբ ձեռնարկ մը:
Շաթլէի թատրոնի երդիքին տակ փառաշուք երեկոյթին հետեւեցաւ շուրջ երկու հազար հանդիսատես:

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Թշնա­մու­թիւն» բա­ռը ա­մե­նէն նող­կա­լի բառն է ա­մէն լե­զուի բո­լոր բա­ռա­րան­նե­րուն մէջ։ Ե­րա­նի՜ թէ չըլ­լար թշնա­մու­թեան զգա­ցու­մը մար­դոց մէջ եւ չգոր­ծա­ծուէր այդ բա­ռը՝ բո­լոր լե­զու­նե­րու մէջ անխ­տիր։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւի մթնո­լոր­տին մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն հա­յոց, ա­մե­րի­կեան թեր­թե­րու եւ միա­սե­ռա­կան­նե­րու հաս­ցէին կա­տա­րուած ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը տե­ղի տուին Ո­ւա­շինկ­թը­նի քննա­դա­տու­թեան։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ռազ­

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան, որ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնուի Ֆրան­սա­յի հա­րա­ւին, ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Նի­սի քա­ղա­քա­պետ Քրիս­տիան Էսթ­րո­զիի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ող­ջու­նե­լով Սարգ­սեա­նը Էսթ­րո­զի նշեց, թէ մեծ պա­տիւ է, որ Հա­յաս­տան պա­տուոյ հիւ­րը կը հան­դի­սա­նայ աշ­խար­հի ա­մե­նա­յայտ­նի ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօն­նե­րէն մէ­կուն՝ «Մի­տէմ» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նին։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Մէ­կէ ա­ւե­լի լրա­տուա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցեն իրա­նեան զի­նեալ­նե­րու Դա­մաս­կոս հաս­նե­լուն մա­սին: Ըստ տրուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, անց­նող ե­րեք օ­րե­րուն Դա­մաս­կոս հա­սած իրան­ցի եւ իրաք­ցի զի­նեալ­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի եօթ հազարի: Կը սպա­սուի նաեւ, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն այդ ու­ժե­րուն թի­ւը հաս­նի տասներկու հազարի։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Թուրքիոյ Հանրապետութեան 25-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի ձեւաւորման հանգրուանը:
Վաղուան ընտրութիւններուն արդիւնքը պիտի պայմանաւորէ ներքին քաղաքական նոր հաւասարակշռութիւնները:

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Արամ Խաչատրեանի սենեկային ստեղծագործութիւնները ամփոփումը:
Աշխարհահռչակ յօրինողի նոր թողարկուած սկաւառակներուն համար շնորհանդէս Երեւանի մէջ:

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ի­րա­նի Հո­գե­ւոր Ա­ռաջ­նորդ Ա­յէ­թուլ­լահ Հա­մա­նէ­յի ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սէիտ Ա­լի Կա­զի Աս­քա­րը, որ վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան։ Ի­րեն կ՚ու­ղեկ­ցէր Ե­րե­ւա­նի մօտ Ի­րա­նի դես­պան Մու­հա­մմէտ Րէի­սի։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­նա­թե­մա» ռաք ե­րաժշ­տու­թեան խում­բի հա­մեր­գը։ «Պա­րո­նեան» թատ­րո­նի եր­դի­քին տակ հան­դէս ե­կաւ «Ա­նա­թե­մա»ն, որ մեծ հա­մ­բաւ կը վա­յե­լէ աշ­խար­հի վրայ։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը ան­պաշ­տօն հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նան Մինս­քի մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս հա­ւա­քոյ­թին նպա­տա­կը պի­տի ըլ­լայ վեր­ջերս Ռի­կա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ԵՄ-ի ան­դամ եւ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ար­դիւնք­նե­րուն ամ­փո­փու­մը։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Թուր­քիա մօ­տէն կը հե­տե­ւի հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ Պել­ժիոյ մէջ ապ­րուած վեր­ջին խմո­րում­նե­րուն։ Տե­ղա­կան մա­մու­լը բո­լո­րո­վին վեր­ջերս տե­ղե­կա­ցու­ցած է, թէ Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նէն ներս մե­ծա­մաս­նու­թեան տէր չորս կու­սակ­ցու­թիւն­ներ ձեռ­նա­մուխ ե­ղած են հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւի մը ըն­դուն­ման։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Իրան-Հայաստան կազամուղի վերջին հատուածը կը վաճառուի «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութեան:
Երեսփոխան Արտակ Զաքարեանի խօսքով, սպառնալիք մը չկայ երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան տեսակէտէ:

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Երեւանի մէջ կլոր սեղանի ձեւաչափով քննարկում՝ Հայաստանէ ներս հոգեւոր անվտանգութեան խնդիրներու լուծման ջանքերուն շուրջ:
Ըստ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանի, խօսքի ազատութեան իրաւունքը պատրուակ կը ծառայեցուի հոգեորսութեան համար:

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ կը մեկ­նի Ֆրան­սա։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան Քանն քա­ղա­քին մէջ ներ­կայ կը գտնուի «Նի­տէմ» մի­ջազ­գա­յին յայտ­նի ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նի բաց­ման։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը լոյս ըն­ծա­յեց Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րէն Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րա­նի «Մեկ­նու­թիւն մար­գա­րէու­թեանն Ե­րե­միայ» խմբա­գիր մեկ­նու­թիւ­նը՝ աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ Յա­կոբ Քէօ­սէեա­նի։

Էջեր