Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի ճատ­րա­կի կազ­մը ա­խո­յեան հան­դի­սա­ցաւ Իս­թան­պու­լի ա­կումբ­նե­րու ա­ռաջ­նու­թեան շրջագ­ծով։ Գար­թա­լի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մար­զաս­րա­հին մէջ, 23-31 Մա­յիս թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցա­շար­քը, ո­րու ըն­թաց­քին շիշ­լի­ցի­նե­րը յաղ­թա­կան դուրս ե­կան ի­րենց բո­լոր հան­դի­պում­նե­րէն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ չոր­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու եւ կրթա­կան մշակ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին հան­դի­սու­թեան բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը։ Փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուած հան­դէ­սը տօ­նա­կան մթնո­լորտ ստեղ­ծեց ամ­բողջ դպրո­ցին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Կեանք» խո­րագ­րեալ ներ­կա­յա­ցում մը, որ ար­ժա­նա­ցաւ ա­շա­կեր­տու­թեան եւ հան­դի­սա­տես­նե­րու հե­տաքրք­րու­թեան։ Ձեռ­նար­կի սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ե­ղի­սա­բէթ Չա­թա­նաս­լան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Ե­րէկ, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րան­նե­րու ըն­թերց­ման տօ­նը։ Վար­ժա­րա­նէն ներս մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ այս հան­դէ­սը, ո­րու ըն­թաց­քին շնոր­հա­ւո­րու­թեան եւ գնա­հա­տան­քի խօսք մը ար­տա­սա­նեց տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Տա­տեան վար­ժա­րա­նի խումբ մը շրջա­նա­ւարտ­ներ Պա­գըր­գիւ­ղի մա­րի­նա­յի «Քա­զան­ճը­լար» ճա­շա­րա­նին մէջ մե­ծա­րան­քի հա­ւա­քոյթ մը կազ­մա­կեր­պե­ցին ի պա­տիւ վաս­տա­կա­ւոր կրթա­կան մշակ Ծա­ղիկ Չո­լա­քի, որ այս տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին հանգս­տեան կո­չուե­ցաւ թա­ղի վար­ժա­րա­նէն։ Իր զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ սա­նե­րուն կող­մէ շրջա­պա­տուած՝ մե­ծա­րեա­լը ա­ռար­կայ դար­ձաւ բո­լո­րի յար­գան­քի եւ հա­մակ­րան­քի զգա­ցում­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի առաջին շրջանաւարտները տօնական մթնոլորտ ստեղծեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ:
Դպրոցի սաները կրթական կեանքէ ներս նոր հանգրուան մը կ՚ողջունեն ինքնավստահ տրամադրութեամբ եւ ապագայի նկատմամբ վառ յոյսերով: Կրթօճախի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը անբացատրելի զգացումներով տոգորուած են՝ անդրանիկ հունձքի հրաժեշտի փուլին՝ մինչ անկիւնադարձ մը կ՚ապրուի իրենց զոհողութիւններու արդարացման, ջանքերու արժեւորման ճանապարհին:

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մօտ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­գե­րա­տես­չա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիստ, գլխա­ւո­րու­թեամբ նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ուղ­ղեալ «Ա­րի տուն» եւ «Սփիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի ծրագ­րե­րուն վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։ Ժո­ղո­վին ներ­կայ էին պաշտ­պա­նու­թեան, տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման, կրթու­թեան ու գի­տու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան փոխ-նա­խա­րար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ պատ­կան մար­մին­նե­րէն այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Աշ­խար­հահռ­չակ ծո­վան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի գոր­ծե­րէն մին այս օ­րե­րուն վերս­տին կը զբա­ղեց­նէ ա­ճուր­դի աշ­խար­հի օ­րա­կար­գը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, մե­ծա­նուն ա­րուես­տա­գէ­տի «Ե­րե­կոն Գա­հի­րէի մէջ» կոչուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը վա­ճա­ռո­ղի խնդրան­քով դուրս թո­ղուած է Անգ­լիոյ մէջ կազ­մա­կերպուած ա­ճուր­դէ մը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Փրա­կի մէջ, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Չե­խիոյ Վար­չա­պետ Պո­հուս­լաւ Սո­պոթ­քա­յի կող­մէ։ Այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ան մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ Չե­խիոյ Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Եան Հա­մա­չէ­քի եւ այդ երկ­րի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն այլ զա­նա­զան դէմ­քե­րու հետ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

​ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարը Երեւանի մէջ:
Իվիցա Տաչիչ կը տեսակցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Ե­րե­ւա­նի «Ա­րա­մէ» պատ­կե­րաս­րա­հը պի­տի ցու­ցադ­րէ ֆրան­սա­հայ հռչա­կա­ւոր նկա­րիչ Ժան­սե­մի (Յով­հան­նէս Սէ­մէր­ճեան) ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Պատ­կե­րաս­րա­հի «Մաշ­տոց» մաս­նա­ճիւ­ղին մէջ նա­խա­տե­սուած է այս ցու­ցա­հան­դէ­սը։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է՝ մարդ, ընդ­հան­րա­պէս իր ու­շադ­րու­թիւ­նը կը կեդ­րո­նաց­նէ իր իսկ գոր­ծե­րուն «մե­ծու­թեան» ու «կա­րե­ւո­րու­թեան» վրայ եւ ինք­զինք «մե՛ծ» ու «կա­րե­ւո՛ր» անձ մը կը նկա­տէ։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան Ա­նա­րատ Յղու­թիւն մատ­րան մէջ այս տա­րի եւս տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան Մա­յի­սի ա­ղօթք­նե­րը։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին վեր­ջին ա­ղօթ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ջեր­մե­ռանդ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Շա­բա­թա­վեր­ջին Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քը ար­տա­սո­վոր խան­դա­վա­ռու­թիւն ապ­րե­ցաւ տա­րե­կան շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան առ­թիւ։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, դպրե­վանք­ցի­նե­րը այս շրջագ­ծով Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ այ­ցե­լե­ցին Շիշ­լիի ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ուր ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րին հաս­տա­տու­թեան հիմ­նա­դիր ե­րան­շա­նորհ Տ. Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի շիր­մին մօտ։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Թուր­քերուն հան­դէպ մեր ու­նե­ցած ա­տե­լու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի: Թէեւ այ­սօր տար­բեր ամ­պիոն­նե­րէ եւ տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ սկսած ենք տար­բե­րել եւ տա­րբերել թրքական իշ­խա­նու­թիւ­նը թուրք ժո­ղո­վուր­դէն: Բայց եւ այն­պէս, այս մօ­տե­ցու­մը ան­կեղծ ու ճշմա­րիտ չէ: Պարզ ա­նոր հա­մար, որ մարդ չի խօ­սիր այն բա­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ար­մա­տա­ցած չեն իր մէջ

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, Մո­տա­յի Ծո­վա­յին ա­կում­բի գե­ղա­րուես­տաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նկար­չու­հի Հիլ­տա Ճի­վա­նեա­նի ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը։ Սա իր երկ­րորդ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէսն է, ո­րուն ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուած են ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը ցո­լաց­նեն զա­նա­զան խա­ղե­րու եւ գրա­տե­սակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ մեկ­նա­բա­նա­կան դրուագ­ներ։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սա­մա­թիոյ «Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­ւե­տիս Ար­զու­մա­նի ման­տո­լի­նի դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից փոք­րիկ­նե­րուն ե­րաժշ­տա­հան­դէ­սը, որ ստեղ­ծեց մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ա­ւե­տիս Ար­զու­մա­նի սա­նե­րը ան­ցեալ ե­ղա­նա­կին մեծ կար­գա­պա­հու­թիւ­նով ու ե­ռան­դով հե­տե­ւե­ցան ման­տո­լի­նի դա­սե­րուն, իսկ ե­րէ­կուան տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի ա­նոնք ի­րենց աշխ­ա­տան­քին ար­դիւն­քը ներ­կա­յաց­նեն բո­լո­րին։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի թան­գա­րա­նը ստա­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չում։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Պատ­րիար­քա­րա­նի պատ­մա­կան հա­մա­լի­րէն ներս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն սկսած է գոր­ծել Ա­թո­ռի ե­րա­նաշ­նորհ գա­հա­կալ­նե­րէն Յով­հան­նէս Թ. Բա­ղի­շե­ցի Կո­լոտ Պատ­րիար­քին ա­նուան ձօ­նուած թան­գա­րա­նը, ո­րուն ներ­կա­յիս շնոր­հուած է պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճակ։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Գալ­փաք­ճեան ըն­տա­նի­քը շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րե­ցաւ մեծ եր­ջան­կու­թիւն։ Այս­պէս, Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քի ե­րէց­նե­րէն, թեր­թիս սիւ­նա­կա­գիր Տ. Մաշ­տոց Քհնյ. Գալ­փաք­ճեա­նի սի­րա­սուն թոռ­նի­կին՝ Ա­րա-Ժո­զէֆ Գալ­փաք­ճեա­նի։

Էջեր