Արխիւ
Եւրոմիութեան գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտարարեց, թէ Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ վերաբերեալ յետաձգեալ տեղեկագրի հարցին շուրջ մասնաւորապէս խնդրայարոյց դարձած է հայկական հարցը։ «Հապէր Թիւրք»ի հաղորդումներով, Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ վերաբերեալ տեղեկագրի նախագծին համար 420 փոփոխութեան առաջարկ կատարուած է։
Լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձի հարցաքննութեան շրջագծով երէկ երկրորդ անգամ ցուցմունքներ տուաւ Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութեան լրաքաղութեան բաժանմունքի պետ Ալի Ֆուատ Եըլմազէր։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան այդ ցուցմունքները տուաւ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան ահաբեկչութեան ու կազմակերպեալ յանցագործութիւններու բաժանմունքի դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւի կողմէ յառաջ տարուած հետաքննութեան շրջագծով։
Երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը:
«Եկեղեցի եւ պետութիւն Կիլիկեան Հայաստանի մէջ. հայեացք ներսէն ու դուրսէն»:
«Մայքրոսոֆթ» ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի հիմնէ ամպային եւ բջիջային փորձագիտութիւններու նոր կեդրոն մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սա պիտի դառնայ ընկերութեան տասն լաւագոյն կեդրոններէն մին աշխարհի մէջ։
Կիպրոսի մէջ վերսկսած բանակցութիւններուն ընթացքը կը ներշնչէ լաւատեսութիւն:
Մուսթաֆա Աքընճը եւ Նիքոս Անաստասիատիս յառաջիկային պիտի տեսակցին եւս չորս անգամ:
«Շեհիր» համալսարանի Գրականութեան ֆաքիւլթէի նախաձեռնութեամբ դասախօսութիւն մը:
Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեան արտայայտուեցաւ 19-րդ դարու երգիծաբանական-հեգնաբանական կարեւոր երեւոյթներուն շուրջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ծ.Խ.- www.haralez.net կայքէջին համար գրուած ու հեղինակին կողմէ խմբագրութեանս ալ ուղարկուած այս յօդուածը կ՚արծարծէ այժմէական նիւթ մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատը՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձի պահանջով։ Հայկական աշխարհի պայմաններով, բաւական ինքնուրոյն եւ այլնտրանքային մօտեցումներով գրի առնուած յօդուած մըն է այս մէկը։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները անցեալ շաբթուան մէջ մասնակցութիւն բերին Պէշիկթաշի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած BELFEST միջվարժարանային ծրագրին։
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ «Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ գիտական շահեկան ձեռնարկ մը:
Երեկոյթի ատենախօսն էր Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Ուժանիւթի կաճառէն Սեւան Կարապետօղլու:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Պավիէրա նահանգէն փութացած խումբ մը հիւր հոգեւորականներ։ Տորոթէա Կրէնիէրի կողմէ գլխաւորուած խումբը Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն կը ծանօթանայ փոքրամասնութեանց կրօնական հաստատութիւններուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վստահութիւն»ը՝ անձեր իրարու կապելու զօրաւոր ազդակ մըն է՝ կապ մը, որ որեւէ կասկածի, տարակուսանքի պատճառած երկմտութիւնը բոլորովին կը ջնջէ եւ անկեղծ փոխյարաբերութիւններու, առողջ յարաբերութիւններու մշակման առիթ կ՚ընծայէ։ Վստահութիւնը, ուրեմն ապահովութիւն է, հաւաստիք է, երաշխիք է, յո՛յս է, որ հաստատ համոզումի մը հետեւանքն է՝ որ կը կազմուի մարդուս մտքին մէջ։
Երէկ, Մայիս 28-ի Հանրապետութեան տօնը փայլուն հանդիսութիւններով նշուեցաւ Հայաստանի մէջ։ Սարտարապատի յուշահամալիրին մօտ տեղի ունեցած հանդիսութիւններուն մասնակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ զինուորական շքերթ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան յայտարարեց, թէ Երեւան կ՚ակնկալէ յառաջիկային Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւններու սկսիլ՝ մուտքի արտօնութիւններու դրութեան ջնջման ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ ունեցած ելոյթին ընթացքին Կարէն Նազարեան ըսաւ. «Եւրոմիութեան հետ համագործակցութիւնը խորացնելու հարցին մէջ մենք կը կարեւորենք նաեւ մարդոց միջեւ աշխոյժ շփումները։
Յունական Կիպրոսի Պաշտպանութեան նախարար Խրիստոֆորոս Ֆուքաիտէս երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տեսակցելու առընթեր, հիւր նախարարը քննարկումներ ծաւալեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ։
Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն դատարանը երէկ մերժեց Ատրպէյճանի երկու քաղաքացիներու՝ Տիլհամ Ասկերովի եւ Շահպազ Կուլիեւի գործով վճռաբեկ բողոքը։ Անոնցմէ մին դատապարտուած էր ցմահ բանտարկութեան, իսկ միւսը՝ 22 տարուան ազատազրկման։
Ճոն Քերի վերահաստատեց ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը՝ նպաստելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման:
Մոսկուայի մէջ Կրիկորի Քարասին եւ Անճէյ Կասպրչիկ անդրադարձան հակամարտութեան առկայ իրավիճակին ու կանգ առին արդի հարցերուն վրայ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին 24-րդ նիստը:
Կը ծրագրուի այս տարուան միջոցներով բազմազաւակ ընտանիքներուն համար ապահովել բնակարաններ:
Երեւանի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւնները նոյնանման վերաբերմունք ունին ահաբեկչութեան դէմ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շփումներ ունեցաւ Սուրիոյ մէջ:
Գուրուչէշմէի «Սուատա»ին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ գալֆաեանցի կանանց կէսօրուան ճաշի հաւաքոյթը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Վարժարանի տիկնանց յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ ծնողաց միութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան հաստատութեան զանազան թաղերէ համակիրները։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ երէկ տօնական օր մը ապորւեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսին առթիւ։ Կրթական շրջանի փակման ներկայ հանգրուանին դպրոցին մէջ տեղի կ՚ունենան զանազան հանդէսներ, որոնց շարքին երէկուանը ունէր առանձնայատուկ նշանակութիւն, քանի որ կը համախմբէր փոքրիկները։