Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Հալէպի շղթայազերծման վտանգը ներկայիս դարձած է սուրիահայութեան հիմնական մտահոգութեան առարկան:
Ներկայիս Լաթաքիան կը համարուի յարաբերաբար աւելի անվտանգ շրջան մը, շատեր արդէն մեկնած են այնտեղ, սակայն գլխաւոր հարցականներէն մին հետեւեալն է. ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ ընդդիմադիրները սկսին արշաւել դէպի ծովեզերք:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաշխարհը կը նշէ մեծ բանաստեղծ, քնարերգու, հասարակական-քաղաքական գործիչին ծննդեան 130-ամեայ յոբելեանը:
«Վահան Տէրեան. անտիպ եւ անյայտ էջեր» հատորը լոյս տեսաւ իր ծոռան՝ բանասէր Գէորգ Էմին-Տէրեանի հեղինակութեամբ:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է՝ մարդ, ընդ­հան­րա­պէս իր ու­շադ­րու­թիւ­նը կը կեդ­րո­նաց­նէ իր իսկ գոր­ծե­րուն «մե­ծու­թեան» ու «կա­րե­ւո­րու­թեան» վրայ եւ ինք­զինք «մե՛ծ» ու «կա­րե­ւո՛ր» անձ մը կը նկա­տէ։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան Ա­նա­րատ Յղու­թիւն մատ­րան մէջ այս տա­րի եւս տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան Մա­յի­սի ա­ղօթք­նե­րը։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին վեր­ջին ա­ղօթ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ջեր­մե­ռանդ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Շա­բա­թա­վեր­ջին Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քը ար­տա­սո­վոր խան­դա­վա­ռու­թիւն ապ­րե­ցաւ տա­րե­կան շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան առ­թիւ։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, դպրե­վանք­ցի­նե­րը այս շրջագ­ծով Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ այ­ցե­լե­ցին Շիշ­լիի ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ուր ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րին հաս­տա­տու­թեան հիմ­նա­դիր ե­րան­շա­նորհ Տ. Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի շիր­մին մօտ։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Թուր­քերուն հան­դէպ մեր ու­նե­ցած ա­տե­լու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի: Թէեւ այ­սօր տար­բեր ամ­պիոն­նե­րէ եւ տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ սկսած ենք տար­բե­րել եւ տա­րբերել թրքական իշ­խա­նու­թիւ­նը թուրք ժո­ղո­վուր­դէն: Բայց եւ այն­պէս, այս մօ­տե­ցու­մը ան­կեղծ ու ճշմա­րիտ չէ: Պարզ ա­նոր հա­մար, որ մարդ չի խօ­սիր այն բա­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ար­մա­տա­ցած չեն իր մէջ

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, Մո­տա­յի Ծո­վա­յին ա­կում­բի գե­ղա­րուես­տաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նկար­չու­հի Հիլ­տա Ճի­վա­նեա­նի ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը։ Սա իր երկ­րորդ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէսն է, ո­րուն ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուած են ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը ցո­լաց­նեն զա­նա­զան խա­ղե­րու եւ գրա­տե­սակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ մեկ­նա­բա­նա­կան դրուագ­ներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վեր­ջերս հիւ­րըն­կա­լեց Իս­թան­պու­լի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ա­ւագ հիւ­պա­տոս Չարլզ Հան­թը­րը եւ Ան­գա­րա­յի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան գոր­ծե­րու գծով խորհր­դա­կան Ճաս­թին Ֆրիտ­մը­նը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները ստեղծեցին տօնական մթնոլորտ:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը նշեց Քառասուն Մանկանց դպրաց դասու հիմնադրութեան եւ երգչախումբի կազմաւորման ձօնուած հերթական հանգրուանը:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Գալ­ֆաեան Տան ըն­տա­նի­քը այս շա­բա­թա­վեր­ջին ա­ւան­դա­կան շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան առ­թիւ ապ­րե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Սկիւ­տա­րի մէջ, հաս­տա­տու­թեան ննջա­րա­նի բաժ­նի հա­մա­լի­րի պար­տէ­զէն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած հա­ւա­քոյ­թը ի մի բե­րաւ դպրո­ցի զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­ներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Շա­բա­թա­վեր­ջին Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գի­տա­կան խրախ­ճանք մը։ Այս տա­րի 11-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ձեռ­նար­կը, ո­րու բաց­ման ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ հիւ­րըն­կալ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հի Ե­ղի­սա­բէթ Չա­թա­նաս­լան։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Տատեան սանուց միութեան մէջ կազմակերպուած կերպարուեստի դասընթացքներուն դրական արդիւնքը:
Պաքըրգիւղցիները խանդավառութիւն ապրեցան թաղի փոքրիկներու ստեղծագործական ընդունակութիւններու ներկայացմամբ:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նին մէջ այս ա­ռա­ւօտ յատ­կան­շա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը ապ­րուե­ցաւ։ Շա­բաթ­ա­մու­տի դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ամ­բողջ դպրո­ցը ող­ջու­նեց Գա­րին Էօ­ճա­լի կող­մէ ար­ձա­նագ­րուած բա­ցա­ռիկ նուա­ճու­մը։ Ար­դա­րեւ, Է­սաեա­նի 11-րդ դա­սա­րա­նի շնոր­հա­լի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն Գա­րին Էօ­ճալ մարմ­նա­մար­զի կա­լուա­ծէն ներս հա­սած էր բա­ցա­ռիկ ար­դիւն­քի մը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տից հա­ւաք, որ զու­գա­դի­պե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 147-րդ տա­րե­դար­ձին։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ այս հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին մէկ­տեղուե­ցան Գա­տը­գիւ­ղի եւ Բան­կալ­թիի եր­բեմ­նի Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ յատկանշական հանդէս մը տեղի ունեցաւ փոքրիկներուն համար:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կ՚ողջունէ թաղի դպրոցի մանկապարտէզի սաներուն առաջին քայլափոխը՝ կրթական կեանքէն ներս:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Է­յու­պի Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 183-րդ տա­րե­դար­ձին ձօ­նուած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

​Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շքեղ ու արդիւնաւէտ երեկոյթ մը:
Շիշլի մարզակումբին ի նպաստ կազմակերպուած ձեռնարկը բարձր տրամադրութեամբ մէկտեղեց համայնքային շրջանակները:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­նի­գա­բուի նոր հրա­պա­րա­կին վրայ մաս­նակ­ցե­ցաւ Իս­թան­պու­լի նուաճ­ման տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճան­քին։ Իս­թան­պու­լի նուաճ­ման 562-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճան­քը ի­րա­կա­նա­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սե­ւան եւ Ար­տա­շատ քա­ղաք­նե­րուն մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին օ­ծուե­ցան եւ պաշ­տա­մուն­քի բացուե­ցան նո­րա­կա­ռոյց ե­կե­ղե­ցի­ներ։ Սե­ւան քա­ղա­քի Ս. Հրեշ­տա­կա­պե­տաց եւ Ար­տա­շատ քա­ղա­քի Ս. Յով­հան­նէս Ա­ւե­տա­րա­նիչ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը օ­ծուե­ցան հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015

Գու­րու­չէշ­մէի Ե­րեւ­ման Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ փոք­րիկն Լի­նա Շի­րի­նօղ­լուի Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Ան դուստրն է Ար­թօ-Նա­թա­լի Շի­րի­նօղ­լու ա­մո­լին եւ թոռ­նի­կը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի։

Էջեր