Արխիւ

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Գե­րա­գոյն դա­տա­րա­նը ե­րէկ մեր­ժեց Ատր­պէյ­ճա­նի եր­կու քա­ղա­քա­ցի­նե­րու՝ Տիլ­համ Աս­կերո­վի եւ Շահ­պազ Կու­լիե­ւի գոր­ծով վճռա­բեկ բո­ղո­քը։ Ա­նոնց­մէ մին դա­տա­պար­տուած էր ցմահ բան­տար­կու­թեան, իսկ միւ­սը՝ 22 տա­րուան ա­զա­տազրկ­ման։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

Ճոն Քերի վերահաստատեց ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը՝ նպաստելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման:
Մոսկուայի մէջ Կրիկորի Քարասին եւ Անճէյ Կասպրչիկ անդրադարձան հակամարտութեան առկայ իրավիճակին ու կանգ առին արդի հարցերուն վրայ:

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին 24-րդ նիստը:
Կը ծրագրուի այս տարուան միջոցներով բազմազաւակ ընտանիքներուն համար ապահովել բնակարաններ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

Հայ­կա­կան ֆութ­պո­լի ար­դի աստ­ղե­րէն, Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի կի­սա­պաշտ­պան Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան եւ իր ըն­տա­նի­քը կ՚ապ­րին սու­գի օ­րեր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան մէջ ներ­կա­յիս կ՚ապ­րուի հեր­թի փո­փո­խու­թիւն։ Մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Մի­քա­յէլ Վար­դա­նեան ա­ւար­տած է իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նը ու վա­ղը կը վե­րա­դառ­նայ Ե­րե­ւան։ Ի­րեն պի­տի յա­ջոր­դէ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, որ ե­ղած էր ա­ռա­ջին մշտա­կ

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015


­Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Ա­լեք­սանտր Նո­վա­քի հետ։ Հարկ է նշել, որ վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րուե­ցաւ ԱՊՀ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը, ո­րու շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցաւ Նո­վա­քի այ­ցե­լու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

Հա­յաս­տա­նի թղթա­տա­րու­թեան ըն­կե­րու­թիւ­նը՝ «Հայ­փոստ» թո­ղար­կեց Ֆրան­սա­յի Դի­մադ­րու­թեան հա­յազ­գի մաս­նա­կից­նե­րէն Մի­սաք Մա­նու­շեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած նա­մա­կա­նիշ մը։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս դրոշ­մա­թուղ­թի կնքման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շրջագայութիւն մը կ՚իրականացնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
Պէյրութի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուելէ վերջ Եդուարդ Նալպանտեան անցաւ Դամասկոս:

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի ժողովը:
Երեւանի նիստը բացուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթով:

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Ի ձե­ռին ու­նիմ շա­հե­կան ու հե­տաքրք­րա­կան եր­կու գիր­քեր, ո­րոնց հե­ղի­նակն է սի­րե­ցեալ բա­րե­կամ մը՝ Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան։ Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս նշուե­ցաւ իր ծննդեան 50-ա­մեա­կը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն դժբախ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցած է կորսնց­նե­լու իր քոյ­րը՝ Խա­թուն Կիր­կի­նը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն, 18-24 Մա­յիս թուա­կան­նե­րուն այ­ցե­լե­ցին Փոր­թու­գա­լի Մե­տէի­րա կղզին՝ մաս­նակ­ցե­լու «R€­*» խո­րագ­րեալ նա­խա­գի­ծի եր­րորդ ժո­ղո­վին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը։ Հարկ է նշել, որ դպրո­ցին մէջ կան ե­րեք ման­կա­պար­տէզ­ներ, զա­նա­զան տա­րի­քէ մա­նուկ­նե­րու հա­մար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ 

Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ մե­զի, թէ ա­մէն գե­րա­զանց յատ­կու­թիւն, ֆի­զի­քա­կան, ի­մա­ցա­կան կամ հո­գե­կան, զոր օ­րի­նակ՝ գե­ղեց­կու­թիւն, յա­ջո­ղու­թիւն կամ կա­տա­րե­լու­թիւն, ու­նի իր թշնա­մին։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Կարս քա­ղա­քը հա­զա­րա­ւոր տա­րի­նե­րու ան­ցեա­լով, բազ­մա­թիւ քա­ղա­քակրթու­թիւն­նե­րու մշա­կու­թա­յին հետ­քե­րով միշտ մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ զբօ­սաշր­ջու­թեան աշ­խար­հէն ներս։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րուն մօտ թափ պի­տի տրուի քա­ղա­քի ծա­նօ­թաց­ման ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ որ­պէս­զի ան հիւ­րըն­կա­լէ ա­ւե­լի բարձր թի­ւով եւ­րո­պա­ցի զբօ­սաշր­ջիկ­ներ։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Ճա­բոն մաս­նա­գէտ­նե­րը այս տա­րի փա­փաք յայտ­նած են ա­ռա­ջին ան­գամ հայ մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ միա­սին պե­ղում­ներ ի­րա­կա­նաց­նել Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն ներս։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս պե­ղում­նե­րը պի­տի կա­տա­րուին Ա­րա­րա­տեան դաշ­տա­վայ­րի եւ Ա­րա­գա­ծի նա­խա­լեռ­նա­յին շրջան­նե­րուն մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Վրաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ, «Միա­ցեալ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան շար­ժում» կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Նի­նօ Պուր­ճա­նա­ծէ յայ­տա­րա­րեց, որ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը կը խառ­նուի իր երկ­րի ներ­քին գոր­ծե­րուն ու կը հո­վա­նա­ւո­րէ երկ­րի նախ­կին նա­խա­գահ Մի­խէյիլ Սա­հա­կաշ­վի­լիի «Միա­ցեալ ազ­գա­յին շար­ժում» կու­սակ­ցու­թիւն։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Մոս­կուա­յի քա­ղա­քա­յին դա­տա­րա­նը օ­րի­նա­կան նկա­տեց ռու­սա­հայ գոր­ծա­րար Լե­ւոն Հայ­րա­պե­տեա­նի տնա­յին կա­լան­քի ժամ­կէ­տին եր­կա­րաձ­գու­մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Ան­ցեալ տա­րի 13 հա­զար 266 հո­գի ստա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն, իսկ 2200 անձ հրա­ժա­րե­ցաւ քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէ։ Վե­րո­յի­շեալ նոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու շար­քին կը գտնուին ա­ւե­լի քան 3 հա­զար սու­րիա­հա­յեր։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Հա­յաս­տա­նի Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րար Նա­րեկ Սարգ­սեան տե­ղե­կա­ցուց, որ քա­նի մը օր ա­ռաջ Ե­րե­ւան տե­ղա­փոխուած են ար­քու­նի ճար­տա­րա­պետ­ներ՝ Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րու նա­խագ­ծա­յին ար­խիւ­նե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Նա­րեկ Սարգ­սեան ընդգծեց, որ նա­խագ­ծե­րը Ե­րե­ւան տա­րուած են Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։

Էջեր