Արխիւ
«Հայաստանի անվտանգային համակարգի առաջնագծին պէտք չէ գտնուի բանակը»:
Փաշինեան պետութեան յարատեւութեան երաշխիք կը համարէ տնտեսական փոխկախուածութիւնները:
Ֆրանսայի «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը վերջերս կազմակերպեց աղօթական հսկումներու շարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Մխիթարեան միաբանութիւնը։ Այս «կարմիր շաբթուան» ընթացքին Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ յիշեցուեցաւ Արցախն ու տեղահանեալ հայոց տառապանքը, ենթարկուած սպառնալիքները։
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Սրբոցն Մինասայ, Երմոգինեայ, Գրաբոսի եւ կամաւոր աղքատացն Յովհաննու եւ Ալէքսիանոսի յիշատակութեան տօնը։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ յարակից Ս. Մինաս մատրան մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Իտալիոյ Պոլզանօ քաղաքի քաղաքապետ Ռենցօ Քարամաչին եւ նոյն երկրի «Եւրակ» հետազօտական կեդրոնի գիտնականները՝ ուղեկցութեամբ Հայաստանի Եւրոպական համալսարանի վերատեսուչ Հեղինէ Պիշարեանի։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ յուզումնախառն հրաժեշտ՝ ներկայութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետած տխուր արարողութենէն վերջ, գերեզմանատան ճանապարհին, նորոգ հանգուցեալ տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանի դագաղը անցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի առջեւէն: Համայնքային շրջանակներուն կողմէ վերջին յարգանք ու երախտագիտութիւն:
Շիշլի մարզակումբի անմոռանալի նուիրեալներէն հոգելոյս Նազար Հանչէրի յիշատակին այս տարի եւս ճատրակի մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս մրցաշարքի պատուոյ հիւրն էր հանգուցեալի այրին՝ Էլմոն Հանչէր։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ուրեմն, դիմադրութեան մէջ բաժանումը տեղի ունեցաւ եւ Արաֆաթը հեռացաւ Թրիփոլիէն, այցելեց Գահիրէ եւ հանդիպեցաւ Հիւսնիւ Միւպարէքին:
Աշխարհը իրար անցաւ, ոտքի կանգնեցաւ ու այլեւս պիտի չնստի անոր համակիրներուն եւ հակառակորդներուն միջեւ՝ պաղեստինեան, արաբական եւ համաշխարհային գետնի վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ձեր յանցանքները իրարու խոստովանեցէ՛ք եւ աղօ՛թք ըրէք իրարու համար, որպէսզի բժշկուիք։ Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի». (ՅԱԿՈԲ. Ե 16)։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց «Մարմարայի խմբակ» հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Աքքան Սուվէրի, որու հետ էր նաեւ կողակիցը։ Զրոյցի տեւողութեան հիւրերը տեղեկութիւններ տուին հիմնարկի գործունէութեան շուրջ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու գործակից ընկերներէն Սիւզան Քըզըլքայան, Նատին Թաշն ու Էօզճան Նշանը։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութիւնը եւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Առակաց գիրքին մէջ թշնամիները ատելու կամ անոնց նեղութիւններով ու կրած տառապանքներով ուրախանալու կամ չուրախանալու մասին որեւէ մէկ բան գրուա՞ծ է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին առթիւ Իսթանպուլի մէջ նուագելէ վերջ, տպաւորուած հանդիսատեսով ու ջերմ ընդունելութեամբ, ջութակահար Անուշ Նիկողոսեան, դաշնակահար Սօնա Բարսեղեան եւ թաւջութակահար Միքայէլ Նաւասարդեան Երեւան վերադարձին իրենց վառ վկայութիւնները բաժնեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բ. եւ Ե. դարերուն՝ հայրաբանական շրջանին, եկեղեցական Հայրեր հետզհետէ «աստուծաբանութիւն» բառին պաշտամունքային կամ պարզ «նկարագրողական» իր իմաստի սահմանէն անդին՝ տրամաբանական վերլուծումի, մեկնողական պարզաբանումի ու ուսումնասիրական մեթոտի, քննողական տարողութիւն եւ տարածք տուին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր կու գանք գրելու յաջողութեան մասին մեր յօդուածաշարքին վերջինը ու աւելի քան երբեք կը հաւատանք, որ յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը՝ «զոյգն այդ խաբող» գուցէ ստեղծուած է մարդու կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող պարապութիւնը լրացնելու եւ անոր կեանքին «արժէք» մը, իմաստ մը տալու:
Կ՚ըսեն, թէ արդարութիւնը կը հիւանդանայ, բայց, չի մեռնիր: Չարագործը՝ շարքային քաղաքացի ըլլայ, թէ պետութեան ղեկավար, պէտք է պատասխան տայ ըրածներուն համար ու իր արժանի պատիժը կրէ։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարի եւս կազմակերպեց տարեկան հերթական հանգանակութիւնը։ «Քե՛զ համար Հայաստան» կարգախօսով կեանքի կոչուած նախաձեռնութիւնը 27-րդն էր իր նմաններու շարքին։
Ազատ Սուրիոյ բանակի զինեալները երկրի հիւսիսին՝ սահմանամերձ Թել Ռիֆաթը վերահսկողութեան տակ առին, ինչ որ ձախողում մը կը համարուի ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի տեսակէտէ: 8 տարի վերջ ստեղծուած այս վիճակը կը խրախուսէ գաղթականաց վերադարձը:
Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ապպաս Արաղչին. Դամասկոսի ղեկավարութիւնը պէտք է համաձայնի օրինական ընդդիմութեան հետ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հունգարիոյ «Փիթըր Փազման» Կաթոլիկ համալսարանի փոխ-վերատեսուչ Քրիստիան Վինցէն, համալսարանի պատմութեան կաճառի տնօրէն Շանտոր Ուզէն եւ հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ Պալինտ Քովաչը։
Անգարա այսօր կ՚ընդունի Թեհրանէն բարձրաստիճան հիւր մը։ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն զուգահեռ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ կը ծաւալուին քննարկումներ։
Վրաստանի ներքին քաղաքական կեանքը կը դիմագրաւէ լուրջ փոթորիկ մը։ Մօտաւոր անցեալի ընտրութիւններէն վերջ երկիրը մատնուած է ցնցումներու։ Շաբաթավերջին մայրաքաղաք Թիֆլիզի մէջ լարուածութիւնը աննախընթացօրէն մագլցեցաւ։