Արխիւ
«Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւնները այս շաբաթավերջին հետաքրքրական ձեռնարկներու շարք մը կազմակերպած էին՝ Ամանորի ընդառաջ։ Ընդհանրապէս ամանորեան սեղաններու եւ խոհանոցի մշակոյթի վերաբերեալ ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ կեանքի կոչուեցաւ գրքի տօնավաճառի ձեւաչափին մէջ։
Սուրիոյ շաբաթավերջի իրադարձութիւնները առիթ հանդիսացան, որպէսզի միջազգային բեմահարթակի վրայ ուշադրութիւնը վերստին թեքուի Թուրքիոյ վրայ։ Անգարայի ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր անդրդուելի քաղաքականութիւն մը կը վարէր Դամասկոսի պարագային։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան ատենապետուհի Սիլվա Ալաչամն ու գործակիցները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին ամիսներու իրադարձութիւնները՝ յղի ապագայի վերաբերեալ մտահոգիչ հաւանականութիւններու:
Պէյրութի հայաբնակ թաղամասերուն բաժին վիճակած ռիսքերը կ՚ուրուագծեն այնպիսի հորիզոններ, որոնք կը պայմանաւորուին՝ բոլորին տեսակէտէ մաշեցուցիչ առկայ սպասողական վիճակի եւ նուրբ քաղաքական իրադրութեան պայմաններով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց յայտնի նկարչուհի Պերճուհի Պէրպէրեանը։ Զրոյցի ընթացքին Պերճուհի Պէրպէրեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուց, որ յառաջիկային նախատեսուած է իր նոր ցուցահանդէսը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Անգարայի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան նորանշանակ ղեկավար դեսպան Թոմաս Հանս Օսսոուսկիի այցելութիւնը։
Թուրքիոյ յառաջատար դիւանագէտներէն Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուին վստահուեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան նախընթաց օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի հետ։ Փենթակոնէ ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Սուրէն Պապիկեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հայաստանի բանակէն ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն վերաբերեալ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան համոզուած է, թէ աշխարհի վրայ առկայ այժմու մարտահրաւէրները ստիպողութիւն կը ստեղծեն՝ առաւել զգօն ըլլալու համար խաղաղութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցերու մէջ։
Մինչ Սուրիոյ մէջ բուռն իրադարձութիւնները կը շարունակուին, Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան առանցքին վրայ ալ շփումները կը խտանան։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր Տոհայի մէջ կը մէկտեղուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։
«Կիկոյի հետ առաջ ու յետ»ը գրասէրները կ՚առաջնորդէ բազմաշերտ ստեղծագործական աւանդ մը բացայայտելու:
Երեւանի մէջ եզակի ցուցահանդէս, որով նորովի կ՚արժեւորուի մեծանուն բանաստեղծին անգին ժառանգութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի, Լիբանանի եղեւինի պէս պիտի մեծնայ։ Տէրոջը տանը մէջ տնկուածները մեր Աստուծոյն սրահներուն մէջ պիտի ծաղկին, ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան, պարարտ եւ կանանչ պիտի մնան, որպէսզի պատմեն թէ Տէրը ուղիղ է։ Անիկա իմ Վէմս է եւ անիրաւութիւն չկա՛յ Անոր քով»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կար ժամանակ, երբ ամբողջ աշխարհը, ներառեալ եկեղեցականները կը հաւատային, թէ մեծագոյն իմաստութիւններէն մէկն է «աջ ձեռքին տուածը ձախը պիտի չգիտնայ» համոզումը. սակայն, ժամանակին հետ միասին կը փոխուին նաեւ համոզումները, մանաւանդ նման համոզում մը, որ ծագած է հազարամեակներ առաջ, թշնամիներ դարձնելով ձախն ու աջը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Կանաչ լուացումը կեղծ տպաւորութիւն կամ ապակողմնորոշիչ տեղեկատուութիւն փոխանցելու գործընթաց մըն է այն մասին, թէ ինչպէ՞ս շրջակայ միջավայրին եւ բնապահպանութեան համար անվտանգ կրնան ըլլալ՝ ընկերութեան մը կամ երկրի արտադրանքները:

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կարօ Փօլատեան անունը երբ կարդանք կամ լսենք, առաջին հերթին մեր միտքերուն մէջ կու գայ «Կը հրաժարիմ հայութենէ» գիրքը, որու հեղինակն է Փօլատեան Կարօն կամ Կարապետը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Քլաուտիա Պուշը։ Վեհափառ Հայրապետը դեսպանը շնորհաւորեց նշանակման կապակցութեամբ եւ բարեյաջող առաքելութիւն մաղթեց՝ ի նպաստ երկու ժողովուրդներու կապերու առաւել զօրացման։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտական ներկայացուցիչ մը հաւատարմագրեց՝ ՄԱԿ-ի Նաիրոպիի գրասենեակին եւ տեղւոյն երկու գործակալութիւններուն մօտ։ Մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը վստահուած է դեսպան Սահակ Սարգսեանին, որու նստավայրը կը գտնուի Ատիս Ապապայի մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարձեալ Տիթրոյիթ եմ. սակայն ո՛չ ամէն անգամուայ նման, այլ՝ իբրեւ սգաւոր: Եկած եմ յարգանքի վերջին տուրք-բաժինս տալու ինձմէ տարիքով քիչ մը աւելի փոքր եղբօրս՝ Երուանդին: Եկած էի հրաժեշտ տալու այն հարազատիս, որ լաւ ճանչցած էր ժամանակի ողբերգանական ահազանգը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Սթիրլինկ բարեգործական ընտանեկան հիմնարկի Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու Պրիտնի Սթիրլինկն ու ընկերակիցները, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները մահուան սահմանումներու եւ ընկերաբանական ընկալումներու վերաբերեալ։
Բազում հասարակութիւններ վաղ ժամանակներէն ի վեր կը փորձեն իմաստաւորել մահը եւ անոր աշխարհը: